Ամէն անգամ որ ոտք դնենք Փետրուարի առաջին շաբաթը՝ ես կը յիշեմ Այնթապը։
Այո՛, կը յիշեմ թէ՛ Այնթապը, թէ՛ ալ այնթապահայութիւնը։
Արդարեւ, Փետրուար 8-ն Այնթապի հայութեան պատմութեան մէջ տխո՜ւր թուական մըն է։ Այդ օր, 8 Փետրուար 1921-ին, աւելի քան տասը ամիս տեւող հերոսական ինքնապաշտպանութենէ մը ետք այնթապահայերը վերջնականապէս ու պարտադրաբար լքեցին իրենց սիրելի բնօրրանը ու զանգուածաբար գաղթեցին դէպի Հալէպ…։ «Կիլիկիոյ Աթէնք»-ը ամայացաւ։ Թուրքերը տէր դարձան բովանդակ քաղաքին ու զայն վերամկրտեցին «Կազի Անթէպ» անունով…։
1915-ին այնթապցիք անգամ մը տարագրուած էին արդէն, Կիլիկիոյ ու Արեւմտահայաստանի հայաբնակ միւս գաւառներուն նման։ Բայց Զինադադարէն ետք (1919), Դաշնակից զօրքերու Կիլիկիա մուտքէն քաջալերուած, հազարաւորներ կրկին տուն վերադարձած էին՝ ի՜նչ յոյսեր փայփայելով…։
Ֆրանսայի երկդիմի քաղաքականութիւնը, սակայն, հայոց խանդավառութիւնը կէս ճամբան թողուց։ ՄուսթաՖա Քեմալի «միլլի» շարժումին հետ կնքուած գաղտնի համաձայնութեան մը հիմամբ՝ ֆրանսական բանակը Կիլիկիան պարպեց անակնկալօրէն ու հայերը միս-մինակ թողուց կատղած թուրքերուն դէմ…։ Հո՛ս է ահա, որ այնթապահայերը ձեռք-ձեռքի տալով՝ հայաբնակ թաղերուն մէջ մղեցին հերոսական գոյամարտ մը, որ երկարեցաւ 1 Ապրիլ 1920-էն մինչեւ 8 Փետրուար 1921, աւելի քան տասը ամիս։
Շա՜տ գրուած է Այնթապի գոյամարտին մասին։ Ոմանք զայն կը նկատեն ռազմավարականօրէն յաջողագոյն դիմադրութիւնը 1915-ի Եղեռնին կամ անոր յաջորդող շրջանին, որովհետեւ այս հերոսամարտին շնորհիւ այնթապահայութիւնը (շուրջ 12.000 հոգի) փրկուեցաւ ստոյգ մահէ ու առանց մարդկային մեծ վնասներու կրցաւ տեղափոխուիլ Հալէպ։ Ծանօթ մտաւորական Գէորգ Ա. ՍարաՖեանի «Պատմութիւն Անթէպի հայոց» երկհատոր ծաւալուն ու շքեղ պատմագիրքը (Լոս Անճելըս, 1953), ինչպէս նաեւ Ա. Կեսարի «Այնթապի գոյամարտը» հատորը (Ամերիկա, 1945) առատ նիւթ կը հայթայթեն մեզի այս մասին։ Թաւուքճեան քահանայի «Տառապանքի օրագիր»–ն ալ (Պէյրութ, 1991) կու տայ ականատեսի յաւելեալ մանրամասնութիւններ։ Միւս կողմէ, երկարամեայ կրթական մշակ ու անմոռանալի դաստիարակ Գրիգոր Պօղարեանի երկհատոր «Այնթապականք» ժողովածուներն ալ (Պէյրութ, 1974) մեր առջեւ կը պարզեն այնթապահայոց տուրքը հայ գիրին ու մշակոյթին։
Օ՜, ազգային ու տոհմիկ, նիւթական ու աննիւթական որքան հարստութիւններ ունէր հայ Այնթապը։ Ո՞րմէկը յիշենք. Ադենական, Հայկանուշեան, Վարդանեան ու Կիլիկեան վարժարաննե՞րը, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէ՞ճը, Պալեաններու ձեռակերտ Ս. Աստուածածին հոյակապ եկեղեցի՞ն (մզկիթի վերածուած), Այնթապի հրաշալի ասեղնագործութի՞ւնը (հայրենի ազգագրագէտ ու արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեան ծաւալուն պատկերագիրք մը հրատարակած է այս մասին, Հալէպ, 2015-ին), թէ՞ այնթապցի երեւելի դէմքերը՝ Կիւլէսէրեան Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս, ձեռագրագէտ Նորայր արք. Ծովական, բանաստեղծներ Բիւզանդ Թօփալեան ու Երուանդ Պարսումեան, Չէքիճեան եղբայրներ (Գէորգ եւ Բիւզանդ), վեր. Մանասէ Շնորհօքեան եւ այլն, եւ այլն։
Ի դէպ, Հալէպի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ կայ Այնթապի հերոսամարտին ձօնուած մեծղի կոթող մը։ Այն երջանիկ օրերուն, երբ գաղութը կ՛ապրէր ու կը շնչէր հայօրէն, հալէպաբնակ այնթապցիները ամէն տարուան Փետրուարի սկիզբը կը բոլորուէին այդ կոթողին շուրջ ու կ՛ոգեկոչէին իրենց նահատակներն ու հերոսները՝ պաշտօնական հոգեհանգիստով ու պատշաճ ելոյթներով։ Այդ հպարտառիթ ու ոգեշնչող հաւաքները ա՛լ չկա՜ն…։
Չմոռնանք մամուլն ու հայրենակցական միութիւններն ալ։ Այնթապցիք ունեցան (եւ ունին) հայրենակցական աշխոյժ միութիւններ Լիբանանի, Հալէպի (Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն անուամբ), հիւսիսային ու հարաւային Ամերիկաներու մէջ։ Լիբանանաբնակ այնթապցիները, ի պատիւ իրենց, 1960-էն սկսեալ երկա՜ր տարիներ յաջողեցան հրատարակել «Հայ Անթէպ» (այնուհետեւ՝ «Նոր Այնթապ») պարբերաթերթը, մի՛շտ ճոխ եւ հետաքրքրական բովանդակութեամբ ու խնամեալ խմբագրութեամբ, պատմական հարուստ նիւթ կուտակելով անոր էջերուն մէջ, տասնամեակներու երկայնքին։ Հայ սփիւռքի հայրենակցական բնոյթի ամենավերջին պարբերականներէն մին էր ան, որ դժբախտաբար կանգ առած է շուրջ տասնամեակէ մը իվեր (հաւանաբար վերջին թիւը կը կրէ 2012 թուականը, տպուած՝ Հալէպ, Թ. Թորանեանի խմբագրութեամբ)։ Զտարիւն այնթապցի ողբացեալ բարերար Արմէն Յարութիւնեան (Պէյրութ) մինչեւ իր մահը հետամուտ էր «Նոր Այնթապ»-ի կանոնաւոր հրատարակութեան։
Լիբանանաբնակ Այնթապցիներու Հայրենակցական Միութիւնը չի՞ մտածեր այդ մարած ջահը վերարծարծելու մասին…։
Այս առթիւ, յարգանքով կ՛ոգեկոչենք յիշատակը Այնթապի հերոսամարտի ղեկավար երեք դէմքերուն՝ Աւետիս Գալէմքեարեանին, Ատուր Լեւոնեանին եւ Ներսէս աւ. քհնյ. Թաւուքճեանին։
Լ.Շ.