Գեղարուեստական կրկնութիւն (բ)
Ա. Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ի հետեւեալ հատուածը իր կարգին կրկնութիւններու բարդ կծիկ մըն է՝ յանգերգի, նոյնասկիզբի ու նոյնավերջի ձեռնհաս համադրութեամբ մը, որ կը ցոլացնէ բանաստեղծին նոյնքան բարդ ու խռոված հոգեվիճակը.
Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Լինեմ ես քնած, թէ լինեմ արթուն,
Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Զարկերը սրտիս տրոփ առ տրոփ,
Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Կ’երգեն քեզ համար միայն օրհնութիւն…
Միայն օրհնութի՜ւն, միայն օրհնութի՜ւն
Եւ սէ՜ր ու կարօտ,
Սէ՜ր եւ օրհնութիւն,
Հէ՜յ ջան Երեւան…:
Այս կրկնութիւններէն ոչ մէկը կը վանէ ընթերցողը, ոչ մէկը տաղտուկի եւ ձանձրոյթի նուազագոյն զգացումը կը յառաջացնէ անոր մէջ: Բանաստեղծը իր ներաշխարհի փոթորիկին ճարտարօրէն բաժնեկից կը դարձնէ զինք ընկալողը, եւ ահա գրող ու ընթերցող միասնաբար կը նաւարկեն՝ յանձնուած սփիւռքահայու սիրոյ եւ կարօտներու յորձանուտին:
Հատուածական կրկնութիւններուն չափ ազդու են նաւ բառային կրկնութիւնները. դա՛րձեալ կը դիմենք Ծառուկեանին, որ գեղարուեստական կրկնութեան մեծ վարպետներէն է:
Սարդարապատի հերոսամարտի նախօրեակն է.
«Գալիս էր նորից արիւնոտ դնչով
Նոյն հրէշը՝ սեւ ժանիքը սրած,
Որպէսզի անզուսպ թափով մի վերջին՝
Վերջին բեկորին տայ վերջին հարուած»:
«Վերջին» բառի երեքկնութեամբ բանաստեղծը յաջողած է ընթերցողի գիտակցութեան մէջ պատկերել այդ համազգային ճգնաժամային պայքարի ամբողջ օրհասականութիւնը. պահ մը կ’ունենանք այն տպաւորութիւնը, թէ ուրիշ ոչ մէկ բառ կամ լեզուական ոչ մէկ հնարք ի վիճակի պիտի ըլլար այնքան ուժգին տպաւորել մեզ, որքան այս մէկ հատիկ ածականը, որ երեք անգամ կրկնուած է սալին վրայ զրնգացող կռանի սաստկութեամբ:
Սարդարապատին նուիրուած ուրիշ քառատող մը՝ իր նոյնքան զռնգուն կրկնութիւններով.
«Եւ քարէ մարդիկ, քարէ սրտերով,
Քարէ սրտերով ու կամքով քարէ,
Հայոց լեռներում կռանում էին
Կեանքի ու մահուան երգը մետաղէ»:
Գրիշ Դաւթեան, «1918 մայիս 28»
Նոյն տպաւորութիւնը ձգելու համար կատարած է Թէքէեան հետեւեալ կրկնութիւնը՝ իրեն բնորոշ աւելի մեղմ քնարականութեամբ մը.
«Ու երբ վերջին արեւիս վերջին ճաճանչն ալ մարի,
Անունդ ի շուրթ դեռ կ’ուզեմ ողջունել այգը մահուան»:
Այնպէս ալ Դուրեանի «Լճակ»-ին հետեւեալ հատուածը.
«Հոդ աստղերը չե՛ն մեռնիր,
Ծաղիկներն հոդ չե՛ն թոռմիր,
Ամպերն չե՛ն թրջեր հոդ,
Երբ խաղաղ էք դու եւ օդ»:
Հոդ-ը լճակն է. մահէն կրնկակոխ հալածուող Դուրեան անոր ջուրերու խաղաղ, ջինջ ու յաւիտենական խորքին մէջ պահիկ մը կը տեսնէ իրեն զլացուած կեանքը, ծաղիկներն ու խաղաղութիւնը, որոնց փոխարէն իրեն բաժին հասած է հոգին խռովող այն «անհուն բո՜ցը», որ յարատեւ կ’այրէ ու կը մրկէ զինք. ան ո՛չ կը հանգչի, ո՛չ կը հանգի: Ահա թէ ինչու խոր երանութեամբ մը կ’ըմբոշխնէ լճակին իրեն պարգեւած խաղաղութիւնը, որ կ’արտայայտուի հոդ-ին կրկնութեամբ: Գեղարուեստական շատ նուրբ զգացողութեամբ,− կամ, եթէ կ’ուզէք՝ հնարամտութեամբ,− Դուրեան բառային միօրինակութիւնը մեղմացուցած է հոդ-ին տեղափոխութեամբ. զայն դրած է նախ՝ տողին սկիզբը, ապա՝ մէջտեղը, յետոյ՝ վերջը: Այս հնարքին ոճական արժէքի տարողութեան անդրադառնալու համար՝ վերընթերցենք քառատողը նոյնասկիզբ դարձնելով երկրորդ եւ երրորդ հոդ-երը…:
* * *
Իսկ հիմա փոխադրուինք հայրենի անդաստանները՝ հունձքի օրերուն.
«Ծփանքներ նոր ծփանքներու ներքեւ ընդմիշտ կը փլուզին,
Ալիք կ’ըլլան ակօսին մէջ ծովե՜ր, ծովե՜ր, ծովե՜ր դեղին» (ԴՎ):
Բանաստեղծը կրկնութիւններու միջոցով տուած է հայ գիւղացիին հոգեկան խինդն ու հրճուանքը՝ ի տես առատ՝ ծովածաւա՜լ հունձքին, այն աստիճան, որ ընթերցողը ոչ մէկ ձեւով ու չափով կը զգայ ախտագին կրկնութեան մը տաղտուկը, մանաւանդ որ այնքան ճշգրտութեամբ ու հարազատութեամբ նկարագրուած են տեղի ունեցող գործողութիւնները:
Մինչ տակաւին կանգուն են ցորենի ցօղունները՝ հովին հետ անոնք իրարայաջորդ ծփանքներ կը կազմեն, իսկ երբ գերանդիի հարուածներուն տակ լաս-լաս փուլ կու գան՝ ալիքներ կը կազմեն գետնին վրայ, ու արտը կը վերածուի անծայրածիր դեղին ծովու: Բոլոր կրկնութիւնները միաժամանակ յոգնակի կիրարկուած են, եւ այս ալ իր կարգին կը մատնէ հունձքին առատութիւնն ու անոր առթած համատարած ու վարակիչ բերկրութիւնը:
Գեղարուեստական կրկնութեան առարկայ կրնան դառնալ կարգ մը հնչիւններ եւս, եւ այս հնարքին դիմած են ինչպէս օտար, այնպէս ալ հայ բանաստեղծները՝ թէկուզ Նարեկացիէն սկսած: