Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

February 11, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Այսօր կէսօրուան ժամը 11-ին Պաապտայի նախագահական պալատը առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի վարչապետած նորակազմ կառավարութեան անդամները, որոնք հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի գլխաւորութեամբ պիտի գումարեն անդրանիկ նիստ մը եւ սկսին քննարկել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, որուն հիման վրայ յառաջիկային պիտի ուղղուին Նըժմէ հրապարակ՝ ստանալու խորհրդարանին վստահութիւնը:

Ինչպէս կը նախատեսուէր, նախագահ Աունի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանի առաջին կառավարութիւնը լիբանանեան չափանիշերով համեմատաբար արագ կազմուեցաւ եւ յայտարարուեցաւ Շաբաթ, 8 Փետրուարին, Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին տեսակցութենէն ետք, որոնց  աւելի ուշ միացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահը: Ուստի, վարչապետութեան ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մեքիէ յայտարարեց 24 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան անուանացանկը, որուն մաս կազմեց մէկ հայ՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ ստանձնեց Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:

Կառավարութեան կազմութենէն ետք, վարչապետ Սալամ Պաապտայի պալատէն մաղթեց, որ այս ըլլայ բարեկարգումի եւ փրկութեան կառավարութիւն մը, որովհետեւ «բարեկարգումը միակ միջոցն է փրկելու Լիբանանը եւ ամրապնդելու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը՝ ամբողջացնելով 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը»: Ըստ Սալամի, կառավարութիւնը պիտի ձգտի վերականգնելու վստահութիւնը քաղաքացիներուն եւ պետութեան միջեւ՝ իրականացնելով երիտասարդութեան իղձերը: Վարչապետը ընդգծեց ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումներու իրականացումը, կարեւորելով դատական համակարգին անկախ աշխատանքը: Նախարարներու բազմազանութեան երեւոյթը պիտի չըլլայ խափանումի պատճառ կամ անձնական նեղ շահերու հրապարակ, այլ՝ նախարարները պիտի գործեն ներդաշնակութեամբ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես ողջունեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ յանձնառութիւն յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութան եւ անվտանգութեան պահպանումին, կոչ ուղղելով գործադրելու ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւին բոլոր յօդուածները:

Share62Tweet39
Previous Post

ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ «ԱՐԱՐԱՏ»-ԻՆ ՆՈՒԻՐԵՑ ԻՐ ԵՐԱԽԱՅՐԻՔԷՆ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ

Next Post

ՀԸՐՄԷԼԻ ՍԱՀՄԱՆԸ՝ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՆՈՐ ԳԼԽԱՑԱՒ

Next Post
ՀԸՐՄԷԼԻ ՍԱՀՄԱՆԸ՝ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՆՈՐ ԳԼԽԱՑԱՒ

ՀԸՐՄԷԼԻ ՍԱՀՄԱՆԸ՝ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՆՈՐ ԳԼԽԱՑԱՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.