Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ «ԱՐԱՐԱՏ»-ԻՆ ՆՈՒԻՐԵՑ ԻՐ ԵՐԱԽԱՅՐԻՔԷՆ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ

February 10, 2025
in Այլազան, Գաղութային
0
ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ «ԱՐԱՐԱՏ»-ԻՆ ՆՈՒԻՐԵՑ ԻՐ ԵՐԱԽԱՅՐԻՔԷՆ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի անգլերէնի ուսուցչուհի տիկին Լենա Պօղոսեան, 6 Փետրուար 2025-ին, այցելելով «Արարատ»-ի խմբագրատուն՝ տնօրէնութեան նուիրեց իր նախընծան՝ «Echoes Of A Classroom» (Դասարանի Մը Արձագանգները) մակագրեալ օրինակը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս ընծայուած 107 էջնոց հատորին մէջ ամփոփուած 12 գլուխները վաստկաշատ մանկավարժուհիին դասաւանդման ուղեւորութեան ընթացքին քաղած փորձառութիւններուն ու անձնական մտորումներուն արձագանգն են:

Հատորը նուիրուած է հեղինակին «սիրելի երեխաներուն», «ոգեշնչող ուսանողներուն» եւ բոլոր «նուիրեալ ուսուցիչներուն»:

Մեր կարճ զրոյցին ընթացքին լսեցինք հեղինակին կարծիքը Լիբանանի ներկայ կրթական համակարգի դժուարութիւններուն մասին: Ան պատմեց նաեւ, որ Անարատ Յղութեան Սրբուհի Ագնէս եւ Հայ Աւետարանական Թորոսեան վարժարաններուն մէջ իր աւելի քան 19-ամեայ ուսուցչական ասպարէզի ընթացքին հաւաքած նօթերը, աշակերտներուն նամակները եւ անոնցմէ արձանագրած յուշերը մեծապէս օգտակար հանդիսացած են հատորի ձեւաւորման:

««Echoes Of A Classroom»ը անգլերէնով է, սակայն անոր հոգին հայկական է,- ըսաւ տիկին Լենան ամփոփելով,- «ընթացքի մէջ է երկրորդը՝ հայերէնով երկարաշունչ աշխատանք մը»:

 

 

 

 

Share66Tweet41
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 19 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.