«ԱՐԱՐԱՏ», 2-7 Փետրուար 1970
Վարդանանց շաբաթն է։ Գիտենք, որ մեր թերթերը աւանդաբար իրենց էջերը լա՜յն կը բանան ազգային-եկեղեցական այս տօնին դիմաց ու կը փորձեն պատգամներ կամ դասեր քաղել հոնկէ։ Կը փորձեն ազգային, հայրենասիրական ու քրիստոնէական մեր ապրումները ջրդեղել Վարդանի եւ ուխտապահ նախարարներու օրինակով։ Այս այսպէս է՝ 1550 տարիէ իվեր…։
«Արարատ», բնականաբար, երբեւիցէ դուրս չէ մնացած այս ծիրէն։ Թերթին 4 Փետրուարի խմբագրականը նուիրուած է Վարդանանց տօնին։ «Սփիւռքի Տղմուտին վրայ». այս խորագրին տակ է որ խմբագիրը կը խորհրդածէ Աւարայրի ճակատամարտին մասին ու կը կատարէ քանի մը մատնանշումներ, որոնց կարեւորագոյնը այն է՝ թէ կռիւը կը շարունակուի հիմա՛ ալ։ Խմբագրականը կ՛ըսէ. «Չկայ Տղմուտը հիմա։ Չկան փիղերն ու նիզակները։ Պայքարի վայրերը փոխուած են, ինչպէս մարտի միջոցները։ Սակայն կը շարունակէ մնալ մարտնչումին շարժառիթը, նպատակը վսեմագոյն, որ կը վեհանայ ու կը գեղեցկանայ արիւնովը նահատակներուն, որոնք կ՛իյնան ժամանակի Աւարայրներուն վրայ…։ Նոր ժամանակներու Յազկերտներ եւ մոգեր դարան են մտած՝ մեզ դարձնելու համար հաւատափոխ, մեզմէ խլելու մեր ազգային պատկանելիութիւնը, մեր դարաւոր սրբութիւններն ու աւանդները»։
«Պոլսոյ պատրիարքին զեկոյցէն յատկանշական մասեր»։ Այս խորագրին տակ խմբագրութիւնը յարմար տեսեր է քաղուածք մը կատարել Շնորհք պատրիարքի տարեկան աւանդական զեկոյցէն, ուր շահեկան տեղեկութիւններ կարելի է գտնել Թուրքիոյ հայութեան (Պոլիս եւ գաւառներ) դիմագրաւած ինչ-ինչ հարցերուն մասին։ Ուրեմն, ըստ այդ զեկոյցին, Պոլսոյ եւ շրջաններու մէջ կը գործեն եղեր շուրջ 40 եկեղեցիներ՝ նոյնքան թիւով հոգեւորականներով։ Գաւառներու մէջ (Կեսարիայէն մինչեւ Մալաթիա, Խարբերդ, Տիգրանակերտ ու Մարտին) դեռ հազարաւոր հայեր կ՛ապրին եղեր։ Համայնքը ունի եղեր 32 վարժարան, որուն եօթըն կը պատկանի հայ կաթողիկէներուն, մէկն ալ՝ հայ աւետարանականներուն։ Այս դպրոցներուն մէջ կ՛ուսանին եղեր 9000 հայ աշակերտ (ի դէպ, այս թիւը ներկայիս նուազ քան 3000 է… -Լ.)։ Դիմումներ կատարուեր են պետութեան՝ վարչական եւ կալուածային հարցերու բարւոք լուծման խնդրանքով, բայց՝ «ձայն բարբառոյ յանապատի»…։
Քանի մը իրերայաջորդ թիւերով «Արարատ» հիւրընկալեր է պատճէնը այն բանախօսութեան, որ Տարօն վրդ. Ճէրէճեան կարդացեր էր Դամասկոսի մէջ, 21 Դեկտեմբերին, Կոմիտասի մահուան 100-ամեակի շրջագծով։
Ս. Պալաթոն անդրադարձեր է Մարտիրոս Գուշակճեանի եւ վեր. Տիգրան Խնդրունիի միասնաբար հեղինակած «Անգլերէն-հայերէն արդի բառարան»-ին (Տօնիկեան տպարան)։
Մինաս Գանգրունի յօդուածով մը անդրադարձեր է երաժշտագէտ Աշոտ Պատմագրեանի «Սուիթ»-ին, որ գրուած է եղեր դաշնամուրի համար։ Սակայն յօդուածագիրը իր գրութիւնը այնքա՜ն չափազանցեալ համեմատութեամբ խճողեր է երաժշտագիտական ինքնաստեղծ (եւ անհասկնալի) բառերով ու հոմանիշներով՝ որ գրութեան ընթերցումը դարձած է… տառապանք մը։
Տոքթ. Եր. Սերոբեան (լիբանանահա՞յ է արդեօք), որուն ստորագրութեան հանդիպեր էինք նախապէս ալ, այս շաբաթ իր ընթերցողներուն բացատրեր է «Սուր շնչառական վարակումներու բարդութիւնները» (խորագիրն է)։
Ազունիէի «Հայ Ազգ. Բուժարանի օր»-ուան առիթով (8 Փետրուար), առողջապահական այս հիմնարկին սեփականատէր երկու համայնքներու հոգեւոր պետերը՝ Տաճատ արք. (առաջնորդ Լիբանանի թեմին) եւ վեր. Սողոմոն Նիւյիւճիւքեան (Հայ Աւետարանական միութեան ներկայացուցիչ), սրտաբուխ նուիրատուութեան եւ զօրակցութեան միացեալ կոչ մը ուղղեր են ժողովուրդին։ Հոն յատկապէս կ՛ըսուի. «Հայ Ազգային Բուժարանը հայութեան պատիւ բերող հաստատութիւն մըն է, որ ձեր զոհողութիւններով իրականութիւն դարձած է եւ կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը ի գործ դնել՝ պայքարելով հիւծախտին դէմ, փրկելով անհատներ եւ ընտանիքներ անողոք հիւանդութենէն եւ առողջապահական գետնի վրայ ծառայելով սիրելի Լիբանանին եւ հայութեան»։ Ի դէպ, Ազունիէի Ազգ. Բուժարանը այսօ՛ր եւս (2025) կը շարունակէ իր բժշկական առաքելութիւնը, ետին թողած ըլլալով հարիւր տարուան պատմութիւն մը…։ Եթէ անցեալին թոքախտանոց էր ան առաւելաբար, ապա այսօր կը տրամադրէ հիւանդանոցային այլազան դարմանումներ ու պատսպարումի կարելիութիւններ եւս։
60 -ական եւ 70-ական թուականներու մեր ամենաերեւելի փառքերը կը յիշէ՞ք։ Այն անունները, որոնք Խորհրդային Հայաստանի ծոցէն ծներ էին ու հպարտութեամբ կը յիշատակուէին Սփիւռքի մէջ։ Սիլվա Կապուտիկեանը (յատկապէս իր «Խօսք իմ որդուն»-ով), Պարոյր Սեւակը, Վիքթոր Համբարձումեանը, Արամ Խաչատրեանը, Մարտիրոս Սարեանը եւ… եւ… Տիգրան Պետրոսեանը (1929-1984)՝ իբրեւ ճատրակի տաղանդաւոր մեծ վարպետ, անընկճելի ախոյեան։ Այս անունները ամէնուրեք շրթներու վրայ էին։ Զանոնք չգիտցող չկա՜ր։ «Արարատ» տպեր է վարպետին լուսանկարը, յայտնելով որ ան երրորդ անգամ ըլլալով նուաճեց Խորհրդային Միութեան շախմատի ախոյեանի կոչումը։
Խմբագրութեան անդամներէն Սամօ (Սարգիսեան) թղթակցութիւն մը ստորագրեր է լիբանանահայ արուեստագէտ լուսանկարիչ Յովհաննէս Ճէրէճեանի սահիկներու ցուցադրութեան առիթով։ Կ՛ըսուի, թէ ձեռնարկին ներկայ եղեր են շուրջ հազար հոգի։ Լուսանկարիչը լման երկու ժամ գունաւոր պատկերներ ներկայացուցեր է պատմական Արեւմտահայաստանէն ու արդի Հայաստանէն (քաշուած՝ ի՛ր ոսպնեակով)։ Ի դէպ, Յ. Ճէրէճեան ծանօթ եղած է նաեւ Ֆոթօ Շիրազ անունով, իբրեւ սեփականատէրը Շիրազ լուսանկարչատան։ Ծնած էր 1936-ին, աշակերտած էր Սահակեան լիսէին։ Մահացաւ Լոս Անճելըս, 20 Հոկտեմբեր 2015-ին։ Ան եղբայրն էր Տարօն եպս. Ճէրէճեանին։
Թերթին «Գրական էջ»-ը, այս շաբաթ, կը պարզէ կուսակցական անհանդուրժողութեան պատկեր մը, որ այդ թուականներուն սովորական երեւոյթ էր։ Ինչպէս ծանօթ է, այս էջին վրայ «Արարատ» շաբաթներէ իվեր կը հրատարակէր հայ բեմադրիչներու կամ թատերագէտներու կարծիքները՝ հայ թատերագրութեան ներկային ու ապագային մասին։ Այս թիւով՝ կարգը հասած է տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին (1915-1990), որ դաշնակցական ղեկավար գործիչ էր, բայց նաեւ՝ հմուտ թատերագէտ։ Թերթը կը գրէ որ «վերապահութեամբ է որ տեղ կու տանք Բ. Փափազեանի կարծիքներուն»։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ տոքթորը արտայայտեր է սա՛ կարծիքը. «Ընդհանրապէս գրականութեան համար, սակայն մասնաւորապէս թատերագրութեան համար պայման է հեղինակին ամբողջական ազատութիւնը՝ իր նիւթերուն եւ արտայայտութեանց ձեւի ընտրութեան մէջ։ Այս տուեալը հարկադրաբար պիտի պակսի խորհրդային կարգերու տակ ստեղծագործող թատերագիրներուն, քանի որ գրագէտը այնտեղ կը համարուի ընկերային պարտաւորութիւններու ծառայութեան մէջ, որով եւ որոշ գրական ուղղութեան մը հետեւելու հարկադրանքի տակ»։ Իմ կարծիքով՝ սխալ բան չէ ըսուած։ Խորհրդային (եւ խորհրդահայ) գրականութիւնը միշտ ալ մնաց որոշ պարտադրանքի մը, ուղղութեան մը, հսկողութեան մը տակ։ Բայց ահա՛ «Արարատ»-ի գրական էջին խմբագիրը կը դժուարանայ ընդունելու այդ իրականութիւնը ու անմիջապէս կը հակադարձէ Բ. Փափազեանին. «Եթէ Հայաստանի մէջ թատերական գրականութեան զարգացման արգելք եղողը ազատութեան խնդիրն է, ի՞նչ է պատճառը այս պարագային սփիւռքի մէջ ՛՛ամբողջական ազատութեան՛՛ մէջ հայ թատերգութեան տագնապին»…։
Բայց տրամաբանակա՞ն է հայրենիքի մը ընձեռած գրական կարելիութիւններն ու շունչը բաղդատել սփիւռքի մը սահմանափակ ու նկուն ճիգերուն հետ…։
Այս շաբթուան ծանուցումները,– ազգային թէ անհատական,– քիչ են։
Կը տեսնուին պսակադրութեան երեք ծանուցումներ. ԺոզէՖ Սէբիլեան ամուսնացեր է օրդ. Նուէր Գալէնտէրեանի հետ, Յովհաննէս Փայասլեան ամուսնացեր է օրդ. Անի Խրլոբեանի հետ, Յարութիւն Պավուկեան ամուսնացեր է Ազատուհի Ֆսթըգճեանի հետ (երեքն ալ՝ Պէյրութ)։
Տոքթ. Ժիրայր Թէվէքէլեան (մասնագէտ ներքին ու կրծքային հիւանդութեանց) ծանուցեր է, որ հիւանդներ կ՛ընդունի ԶարիՖ թաղի իր դարմանատան մէջ։
Ճինիշեան Յիշատակի ֆոնտը ծանուցեր է, թէ երկու մանկամսուրներ սկսեր է բանեցնել Նոր Մարաշ եւ Նոր Ատանա թաղամասերուն մէջ, այդպիսով բարիք մը մատուցելով այն հայ տիկիններուն, որոնք ստիպուած են աշխատիլ եւ ունին անչափահաս երեխաներ։
Ս.Դ.Հ.Կ.-ի երիտասարդական եւ ուսանողական դիւանը Վարդանանցի առիթով «Միջվարժարանային ցերեկոյթ» մը ծանուցեր է, ի սկզբանէ յայտնելով որ «գեղարուեստական ճոխ յայտագրին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Յ. Ճէրէճեան (Ֆոթօ Շիրազ)՝ պատմական եւ արդի Հայաստանի գունաւոր լուսապատկերներու ցուցադրութեամբ» (5 Փետրուար, Ազգ. Ռուբինեան վարժարանի սրահ)։
Կարապետ Չատրեան «Երգահանդէս» մը պիտի տայ եղեր՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ մեթր Միշէլ ՉեսքինոՖի (7 Փետրուար, «Էրվին Հօլ»-ի մէջ)։
Այս շաբթուան իմ սիւնակը դա՛րձեալ կ՛աւարտեմ քերականական նշումով մը։
7 Փետրուար 1970-ի իր թիւին Ա. էջին վրայ «Արարատ» ունի հետեւեալ խորագիրը. «Իսրայէլ մեծ պատերազմի մը եզրին կը գտնուի եթէ մեծերը շտապ միջոցառումներ չ՛որդեգրեն»։
Ո՞ւր է սխալը։ Անիծեա՜լ ապաթարցը նորէն սայթաքեցուցեր է խմբագիրն ու սրբագրիչները…։
Նախադասութեան վերջին բայը՝ «չորդեգրեն», ըղձական եղանակ է ու բացարձակապէս ապաթարց չ՛ընդունիր։ Որդեգրեմ, որդեգրես, որդեգրէ, որդեգրենք, որդեգրէք, որդեգրեն։ Ասոնց ժխտականը՝ չորդեգրեմ, չորդեգրես, չորդեգրէ, չորդեգրենք, չորդեգրէք, չորդեգրեն։ Ապաթարցը կը դրուի միմիայն սահմանական եղանակի ներկայ ժամանակի Գ. դէմքին, այսինքն՝ երբոր պիտի գրենք չ՛որդեգրեր։ Չեմ որդեգրեր, չես որդեգրեր, չ՛որդեգրեր։ Օրինակ՝ «Մեր կուսակցութիւնը այդ գաղափարը չ՛որդեգրեր»։ Ուստի, «Արարատ»-ի վերոնշեալ նախադասութիւնը պէտք է գրուած ըլլար սա՛պէս. «Իսրայէլ մեծ պատերազմի մը եզրին կը գտնուի եթէ մեծերը շտապ միջոցառումներ չորդեգրեն»։
Ցտեսութի՛ւն։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)