Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԵՐԿՈՒ ՃԱԿԱՏԻ ԼԱՐՈԻԱԾՈՒԹԻՒՆ

February 10, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԵՐԿՈՒ ՃԱԿԱՏԻ ԼԱՐՈԻԱԾՈՒԹԻՒՆ

 

 

Անցնող երեք օրերուն, ապահովական վիճակը խիստ լարուած էր Սուրիոյ հետ Լիբանանի հիւսիսարեւելեան սահմանային գօտիին վրայ, ուր բախումներ տեղի ունեցան սուրիացի զինեալներու եւ լիբանանեան այդ շրջանի բնակիչ ցեղախումբերուն միջեւ: Երէկ առաւօտեան իրավիճակը դարձեալ վատթարացաւ, երբ սուրիացի զինեալները ռումբեր, հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր արձակեցին լիբանանեան շրջաններուն վրայ, թիրախաւորելով մասնաւորաբար Քուէխ, Քանաֆէզ եւ Սէհլէթ Մայ գիւղերը, մինչ դիպուկահարներ սահմանային կէտերէ կրակ բացին լիբանանեան դիրքերու ուղղութեամբ: Երէկուայ մարտերուն ընթացքին լիբանանեան կողմէն մահացաւ երկու հոգի, վիրաւորուեցան առնուազն տասը ուրիշներ՝ մեծ մասամբ Ժաաֆար գերդաստանէն: Սուրիական կողմէն ալ մահացաւ երկու զինեալ, գերեվարուեցան քանի մը ուրիշներ: Ի տես սահմանային բախումներու լրջութեան, լիբանանեան բանակը երէկ յաւելեալ ուժեր ուղարկեց Պաալպաքի եւ Հըրմէլի սահմանային գօտի՝ հակակշիռի տակ առնելու կացութիւնը: Իսկ երէկ գիշեր, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ անցումային նախագահ Ահմատ Շարաայի հետ՝ քննարկելու սահմանային լարուածութիւնը: Աուն եւ Շարաա համաձայնեցան աշխուժացնել համակարգումը եւ զսպել սահմանային իրավիճակը, կանխելով երկու կողմէն քաղաքացիներու թիրախաւորումը: Նշենք, որ սահմանային Ժոսիէ անցակէտին վրայ երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակում՝ Կարմիր խաչին միջնորդութեամբ:

Հիւսիսարեւելեան սահմանային գօտիին կողքին, դրութիւնը տակաւին չէ հանդարտած Լիբանանի հարաւային սահմանամերձ գիւղերուն մէջ, ուր իսրայէլեան ուժերը տակաւին տեղակայուած են լիբանանեան որոշ դիրքերու մէջ ու կը շարունակեն ոտնձգութիւնները: Անցնող ժամերուն, Թէյր Հարֆայի մէջ պայթեցաւ բնակարան մը, իսկ սահմանէն հեռու Զահրանի շրջանի Պէյսարիէ գիւղը թիրախ դարձաւ անօդաչու սարքով յարձակումի:

Share62Tweet39
Previous Post

  ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՊԱՐՏՈՒԱԾ Է

Next Post

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.