Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՊԱՐՏՈՒԱԾ Է

February 10, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

 

Ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթակըս նախագահ Ժոզէֆ Աունին հետ տեսակցելէ ետք յայտնեց, թէ զինուորական պարտութիւն կրած Հըզպալլան որեւէ ձեւով մասնակից չէ Լիբանանի նոր կառավարութեան: «Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող լիբանանցիներուն մօտ նկատեցի աննախադէպ ոգեւորութիւն Լիբանանի վերականգնումին վերաբերեալ: Կը կարծեմ, որ այդ արդիւնք է Հըզպալլայի պարտութեան եւ մենք անոր համար երախտագէտ ենք Իսրայէլին», ըսաւ Օրթակըս: Ան գնահատեց հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին յանձնառութիւնը բարեկարգումներուն եւ փտածութեան դէմ պայքարի ուղեգիծին: «Լիբանանցիները պէտք է իմանան, որ մենք յանձնառու կը մնանք մեր բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան: Այս կը բխի մեր համոզումէն, որ Լիբանանի մէջ կան թափանցիկ եւ անկեղծ աշխատող անձնաւորութիւններ», շեշտեց ամերիկացի պատուիրակին տեղակալը:

Հանրապետութեան նախագահութիւնը շուտով յստակացուց, որ «Միջին Արեւելքի հարցերով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալին Պաապտայի պալատէն կատարած յայտարարութիւնը կը ներկայացնէ իր տեսակէտը եւ առնչուած չէ Լիբանանի նախագահութեան դիրքորոշումներուն հետ»:

Բողոքելով Օրթակըսի յայտարարութիւններէն, խումբ մը քաղաքացիներ երէկ կէսօրին անիւներ հրկիզելով ժամանակաւորապէս փակեցին Պէյրութի օդակայանի մայրուղին՝ ինքնաշարժները ուղարկելով երկրորդական ճամբաներու ողղութեամբ: Հըզպալլայի հետեւորդները բողոքի նստացոյց մը կազմակերպեցին նաեւ օդակայանի մուտքին ու շեշտեցին, որ իրենց խնդիրը հանրապետութեան նախագահին հետ չէ, այլ՝ ամերիկացի պատուիրակին: Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» խմբակցութեան նախագահ, երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատ ամերիկացի պատուիրակին յայտարարութիւնները համարեց լիբանանեան գերիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն եւ դիւանագիտական բոլոր կարգերու խախտում: Շիիներու մուֆթի շէյխ Ահմատ Քապալան իր կարգին հաւաստիացուց, որ «Հըզպալլա չէ պարտուած ու չի պարտուիր, իսկ առանց Ամալ-Հըզպալլա զոյգին կառավարութեան մը կազմութիւնը երկիրը կը մղէ անորոշութեան»:

Իսկ Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը, մեկնաբանելով Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայութիւնը մերժող ամերիկեան դիրքորոշումը, մաղթեց որ նշանակեալ վարչապետը գտնէ յայտնուած բարդոյթները յաղթահարելու միջոցներ:

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՈՒՆ. «ՊԷՏՔ Է ՅԱՐԳԵԼ 18  ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ»

Next Post

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԵՐԿՈՒ ՃԱԿԱՏԻ ԼԱՐՈԻԱԾՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԵՐԿՈՒ ՃԱԿԱՏԻ ԼԱՐՈԻԱԾՈՒԹԻՒՆ

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԵՐԿՈՒ ՃԱԿԱՏԻ ԼԱՐՈԻԱԾՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.