Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍԱՅԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑԸ

February 10, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍԱՅԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑԸ

 

 

Որոշակի ձգձգումէ ետք, անցնող 48 ժամերուն վերստին աշխուժացան նոր կառավարութեան կազմութեան միտող բանակցութիւնները, գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին, անմիջական մասնակցութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ մասնաւորաբար հետաքրքրուած էր շիի յարանուանութեան յատկացուած 5-րդ նախարարին ինքնութեամբ: Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վերստին այցելեց Պաապտա եւ նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարն ու նախարարական թեկնածուներուն անունները, ապա մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութեան: Նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, թէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը մօտեցած է իր դրական աւարտին, հաւաստիացնելով որ նախարարներուն կազմը պիտի ըլլայ ներդաշնակ եւ գործունեայ, որպէսզի կարենայ իրագործել լիբանանցիներուն իղձերը եւ լուծել երկրին բազում խնդիրները:

Մինչեւ երէկ ուշ գիշեր տակաւին կը շարունակուէին բանակցութիւնները նշեալ նախարարի ինքնութեան շուրջ, միաժամանակ կը հաղորդուէին Սալամի, Պըրրիի եւ Հըզպալլայի միջեւ համաձայնական թեկնածուներու անուններ, մինչ որոշ թեկնածուներ կը ժխտէին նախարար նշանակուելու իրենց հետաքրքրութիւնը:

Կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն Պըրրիի քուլիսային մասնակցութիւնը յառաջացուց Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլի վրդովմունքը: Նախարարներու նշանակումի հոլովոյթին Պըրրիի մասնակցութիւնը համարելով հակասահմանադրական, Պասիլ շեշտեց, որ ստեղծուած վիճակին պատճառը նախարարներու ընտրութեան յստակ չափանիշերու բացակայութիւնն է. «Ուրիշներ  գուցէ ընդունին, բայց մենք կը մերժենք մաս կազմել այսպիսի իշխանութեան եւ կը նախընտրենք դառնալ ընդդիմութիւն», ըսաւ Պասիլ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ԱՈՒՆ. «ՊԷՏՔ Է ՅԱՐԳԵԼ 18  ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ»

Next Post
ԱՈՒՆ. «ՊԷՏՔ Է ՅԱՐԳԵԼ 18  ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ»

ԱՈՒՆ. «ՊԷՏՔ Է ՅԱՐԳԵԼ 18  ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.