Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

February 6, 2025
in Այլազան
0

 

 

– Արեւշատեան Աննա, «Տիգրան Մանսուրեան», խմբագիր՝ Լեւոն Յակոբեան (Մոսկուա), ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 27 Յունուար 2025 (աշխարհահռչակ երգահանի կենսագրութիւնը, երաժշտական վաստակն ու անոր արուեստին առանձնայատկութիւնները, գեղագիտական հայեացքները եւ այլն, օգտագործուած գրականութեան հսկայական ցանկ): Հատորը լոյս տեսած է Մայեսթրոյի ծննդեան 86-ամեակին առթիւ, ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի գիտական խորհուրդին երաշխաւորութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ։

– Հաճեան Աւետիս (Hadjian Avedis), «Թուրքիոյ ծածուկ հայերը» (Türkiye’nin Gizli Ermenilerı), անգլերէնէ թարգմանիչ՝ Աքըն Էմրէ Փիլկիր (Akın Emre Pilgir), «Իլեթիշիմ» (İletişim) հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, Դեկտեմբեր 2024, 624 էջ (13 x 21 սմ․) (թրքերէն):

– «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», ԽԴ․ տարի, Բ․ գիրք, պատասխանատու խմբագիր` Անդրանիկ Տագեսեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, տպագրութիւն Rouhana Chemaly, Daroun, Պէյրութ, 2024, 480 էջ (հայերէն եւ անգլերէն հայագիտական յօդուածներ, հրապարակումներ, հաղորդումներ եւ անոնց ամփոփումները՝ նոյն լեզուներով, մահագրականներ, հակիրճ տեղեկութիւններ հեղինակներուն մասին):

– Հարպոյեան Կարպիս, «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ եւ բուժքոյրեր պատմութեան ընթացքին», տպագրութիւն՝ TLC Global Inc., Մոնթրէալ, 2024, 189 էջ։ Հրատարակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին մեկենասութեամբ։

– Հարպոյեան Կարպիս, «Մարմնի որոշ մասերու անուններու գործածութիւնը մեր լեզուի դարձուածքներուն, առածներուն եւ ասացուածքներուն մէջ», տպագրութիւն՝ TLC Global Inc., Մոնթրէալ, 2024, 167 էջ։ Հրատարակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին մեկենասութեամբ։

– Հարպոյեան Կարպիս, «Անգլերէն-հայերէն, հայերէն-անգլերէն բժշկական ամփոփ բառարան», տպագրութիւն՝ TLC Global Inc., Մոնթրէալ, 2024, 205 էջ (կ’ընդգրկէ նաեւ հայերէն 275 նոր բառերու ցանկ մը՝ մեծամասնութեամբ առաջարկուած բառարանը կազմողին, մասամբ՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի կողմէ)։

– Մանուկեան Ներսէս աւագ քահանայ, «Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր ժողովները դարերու ընթացքին», Ա․Մ.Ն.-ի Արեւելեան անթիլիասական առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչութիւն, Ֆիլատելֆիա, Դեկտեմբեր 2024 (354-1367 թուականներուն գումարուած 12 կարեւոր ժողովներու պատմութիւնը):

– Մարտոյեան Թեհմինէ, «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիայում (1922)», խմբագիր՝ Աշոտ Հայրունի, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 303 էջ: Հատորը հրատարակուած է Ե․Պ․Հ-ի Գիտական խորհուրդին որոշումով։

– Ներսէսեան Վրէժ, «Հայ Եկեղեցին․ Արդի պատմութեան, աստուածաբանութեան եւ եկեղեցաբանութեան ուսումնասիրութիւններ» (The Armenian Church: Studies in Modern History, Theology and Ecclesiology), նախաբանը՝ Ռոպին Կիպպոնզի (Robin Gibbons), Լոնտոն, Փետրուար 2025, 328 էջ (13,8 x 21,6 սմ․) (8 ուսումնասիրութիւններու ժողովածու, հեղինակին հրատարակուած գիրքերուն մատենագիտական ցանկը) (անգլերէն):

– Պօղոսեան Էլիզ (Boghossian Élise), «Զոհեալները․ Հայկական ողբերգութեան խորքը» (Les Sacrifiés: Au coeur de la tragédie arménienne), «Փիոն» (Pion) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 10 Հոկտեմբեր 2024, 208 էջ (14,1 x 22,7 սմ․) (հեղինակին՝ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մեծ հօր, նաեւ՝ Լիբանան, ապա Ֆրանսա ապրած իր դերձակ հօր կեանքի մաքառումներուն նկարագրութիւնը) (ֆրանսերէն):

– «Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները», կազմող, խմբագիր եւ ծանօթագրութիւններու հեղինակ՝ Երուանդ Փամպուքեան, «Վէմ» հանդէսի մատենաշար թիւ 9, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2024, 216 էջ + 3 ներդիր (ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու ցանկ):

– Սիմոնեան Յասմիկ, «Արեւմտահայ քաղաքական միտքը 1912-1923 թուականներին», խմբագիր՝ Վահան Մելիքեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2024, 192 էջ (օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ): Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր մօր՝ Անահիտ Յակոբեանին՝ անոր 70-ամեակին առթիւ։

– Սիշլեր Ֆիլիփ, Պենյայէր Լորան (Sichler Philippe, Benyayer Laurent), «Անրի Վերնէօյ՝ պատմութիւններ հաղորդողը» (Henri Verneuil – Raconteur d’histoires), նախաբանները՝ Օլիվիէ Մարշալի (Olivier Marchal) եւ Սոֆի Մալաքեանի, վերջաբանը՝ Փաթրիք Մալաքեանի, «Նեւա» հրատարակչութիւն, Մակլան (Magland) համայնք – Ֆրանսա, 28 Նոյեմբեր 2024, 336 էջ (24,1 x 31,5 սմ․) (լուսանկարներ) (ֆրանսերէն):

– Քուրթ Իւմիթ (Kurt Ümit) եւ Սարաֆեան Արա (խմբագիրներ), «Անցեալ ժամանակաշրջան – Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերն ու քիւրտերը» (Geç Dönem – Osmanlı Imparatorluğu’nda Ermeniler ve Kürtler), անգլերէնէ թարգմանիչ՝ Չաղտաշ Սիւմեր (Çağdaş Sümer), «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2025 (2017-ին Ա․Մ․Ն-ի մէջ կայացած գիտաժողովի մասնակից հայ, թուրք եւ օտար հինգ գիտնականներու զեկուցումներու ժողովածու) (թրքերէն):

– «Քսաներորդ դարը – Բանաստեղծութիւն եւ արձակ Հայաստանէն» (Das Zwanzigste Jahrhundert – Lyrik und Prosa aus Armenien, կազմողներ՝ Ժիրայր Քոչարեան եւ Թեսսա Հոֆման, «BoD» հրատարակչութիւն (Books on Demand Verlag), Պերլին, 10 Դեկտեմբեր 2024, 234 էջ (13 x 21 սմ․) (33 հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն ընտրուած կտորներու ժողովածու, հեղինակներու կենսագրութիւնները) (գերմաներէն):

 

Պատրաստեց

ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)

Share63Tweet39
Previous Post

Հայկազեան հայագիտական հանդէսի ԽԴ. հատորի զոյգ գիրքերու շնորՀԱհանդէսը Պէյրութի Մէջ

Next Post

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍԱՅԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑԸ

Next Post
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍԱՅԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑԸ

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍԱՅԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.