Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱՍԷՐ, ԽՄԲԱԳԻՐ, ՄԱՏԵՆԱԳԷՏ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ Ծննդեան 65-ամեակ

February 6, 2025
in Այլազան, Մշակութային
0
ԲԱՆԱՍԷՐ, ԽՄԲԱԳԻՐ, ՄԱՏԵՆԱԳԷՏ  ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ  Ծննդեան 65-ամեակ

 

 

– Հաճընի «Տ՛ակ՛էսենք» գերդաստանի շառաւիղ Մանուկ Տագէսեանն ու անոր հայրենակցուհի Վարդուհի Գազանճեան ամոլի երեք զաւակներէն՝ Անդրանիկ, Արա եւ Արի-Մհեր, անդրանիկ որդին ծնած է Նոր Հաճընի մէջ, 6 Փետրուար 1960-ին:

– Նախակրթութիւնը ստացած է Նոր Հաճնոյ Հայ աւետ. Կերթմէնեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է ՀԲԸՄ Յովակիմեան Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանը, որ աւարտելէ ետք, 1978-83 ուսանած է ԵՊՀ Բանասիրական բաժանմունքի գրականագիտական բաժինը:

– Պէյրութ վերադարձէն ետք պաշտօնավարած է «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ, իբրեւ մշակութային բաժնի խմբագիր, միաժամանակ դասաւանդելով զանազան վարժարաններու մէջ:

– Հետեւած է քաղաքագիտութեան մագիստրոսաականի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, որ աւարտած է 1989-ին:

– 1990-93 պաշտօնավարած է Կիպրոսի ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան մէջ, երկրորդ տարին իբրեւ աւագ ուսուցիչ, իսկ երրորդ տարին իբրեւ գործադիր տնօրէն:

– Այնուհետեւ Հայկազեան համալսարանի մէջ եղած է Հայկազեան հայագիտական հանդէսի գործադիր քարտուղարը, միաժամանակ դասաւանդելով հոն: 1993-2010՝ վարած է համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց տնօրէնութիւնը:

– 2011-ին պաշտպանած է դոկտորականը քաղաքագիտութեան մէջ՝ «Democracy and integration in multicommunal polities: The Armenians and the Kurds in Lebanon» նիւթով, Ուէյլզի Սուանզի համալսարանին մէջ, ապա անմիջապէս ստանձնած է Հայկազեան համալսարանի նորահաստատ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէնութիւնը, որ կը վարէ մինչեւ այսօր:

– 2018-էն պատասխանատու խմբագիրն է Հայկազեան հայագիտական հանդէսին:

– Անդամ է «Հայագիտական hարցեր» (2014), «Ցեղասպանագիտական hանդէս» (2018), «Բազմավէպ» (2019), «Բանբեր Հայաստանի արխիւների» (2023) պարբերականներու խմբագրակազմերուն:

– Կազմակերպած է աւելի քան մէկ տասնեակ միջազգային գիտաժողովներ, նուիրուած՝ հայկական տարբեր հայօճախներուն, որոնց նիւթերը հրատարակուած են տարբեր հատորներու մէջ:

– Խմբագրած կամ կազմած է զանազան հատորներ եւ մենագրութիւններ, ժողովրդավարացման, մարդկային իրաւանց, ինքնութեան, համարկումի, Սփիւռքի մշակոյթի եւ պահպանման, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեան հարցերու պարունակով:

– Ամուսնացած է զէյթունցի Ալինա Կիւլվանէսեանին հետ, 1988-ին եւ ունի մէկ զաւակ՝ Արեգ-Արտակ:

 

«Արարատ» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ վաստակաշատ բանասէրին ծննդեան 65-ամեակը, մաղթելով գիտական, խմբագրական եւ բանասիրական նորանոր յաղթանակներով զեղուն երկար տարիներու արգասաբեր կեանք մը:

Share78Tweet49
Previous Post

ԱՆԱՆՈՒՆ ՇՈՒՆ ՄԸ

Next Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՊԱՐՈՒՍՈՅՑ ԳԱԳԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻ ԳԻՆՈՍԵԱՆ  (3 Օգոստոս 1966 – 6 Փետրուար 2024) ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑ

Next Post
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՊԱՐՈՒՍՈՅՑ  ԳԱԳԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻ ԳԻՆՈՍԵԱՆ   (3 Օգոստոս 1966 – 6 Փետրուար 2024)  ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՊԱՐՈՒՍՈՅՑ ԳԱԳԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻ ԳԻՆՈՍԵԱՆ  (3 Օգոստոս 1966 – 6 Փետրուար 2024) ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.