Անանուն շուն մըն եմ. ո՛չ ոք տէր է եղած ինծի, ո՛չ ոք անուն մը դրած:
Երբ փոքր էի, մայրս կը գուրգուրար վրաս, ուտելիք կը հայթայթէր ինծի ու կը պաշտպանէր զիս, բայց քանի կը մեծնայի, կը նկատէի թէ անոր սէրը կը պաղէր ինծի հանդէպ. եւ օր մը կորսնցուցի զայն…: Կորսնցուցի զայն երբ դեռ փոքր էի. կրնայի վազվզել տոտիկներուս վրայ, պոչս շարժել, հաչել փոքր դունչս վեր բարձրացնելով, բայց տակաւին կեանքի փորձառութիւն չունէի… Առանձին էի այլեւս փողոցին մէջ, պէտք էր գլխուս ճարին նայէի:
Արտաքինով բաւական սիրուն էի. սկիզբները փոքր մանուկները շատ կը սիրէին զիս, կը գգուէին եւ ուտելիք կու տային ինծի, ես ալ կը ցատկռտէի անոնց շուրջ, կ’ուրախացնէի զիրենք: Կէսօրին եւ իրիկուան կը սպասէի իրենց, երբ ուրախ ճիչերով դպրոցէն կ’ելլէին, եւ իրենց առջեւէն ոստոստելով, ես ալ չորքոտանի դպրոցական՝ կ’ընկերանայի իրենց, մինչեւ իրենց տուները:
Մինչեւ իրենց տուները… բայց երբեք ներս չկրցայ մտնել այդ տուներէն: Քանի մ’անգամ փոքրիկներ փորձեցին զիս ներս առնել, բայց տունին մեծերը ընդդիմացան… Ա՜խ, արդեօք ինչե՞ր կային այդ տունէրէն ներս:
Ընդհանրապէս բարի էին պզտիկները այն ատեն. կը շոյէին զիս, իրենց հացէն, շաքարէն բաժին կը հանէին ինծի, թէեւ յաճախ ականջներէս ու պոչէս կը քաշքշէին, բայց քարերով չէին զարներ կողերուս: Ինչպէս հիմա՛ կ’ընեն:
Օր մը նոյնիսկ, լաւ կը յիշեմ, պզտիկ մը գաղտագողի զիս իրենց պարտէզը մտցուց. ի՜նչ աղուոր տեղ էր. բաւական մնացի հոն. բայց չէի գիտեր թէ հաչելը արգիլուած էր հոն. հաչոցիս ձայնէն մեծերը վրայ հասան:
– Ի՞նչ գործ ունի այս շունը հոս:
– Ե՛ս բերի, իմս է, կմկմաց մանչուկը:
– Դո՛ւրս նետէ զինք. ի՞նչ պէտք ունինք մենք այդ շան լակոտին… ո՞վ անոր լակը պիտի հոգայ ամէն օր:
Եւ դուրս նետեցին զիս եւ ես մնացի փողոցները…
Տան շուները իմ վրաս մասնաւոր առաւելութիւն մը չունէին երբեք. անոնք որ անուն մը կը կրէին, ինչպէս՝ Պոպի, Գամօ, Ֆիֆի կամ Լօրօ, շատ անգամ չունէին իմ յանդգնութիւնս, հաւատարմութիւնս եւ ուշիմութիւնս: Ճիշդ է, թէեւ ազնուացեղ շուն մը չէի ես, բայց ունէի գորշ մորթ մը, փայլուն ու ողորկ սեւ բիծերով՝ պոչիս, ականջներուս եւ յօնքերուս վրայ: Դունչս կլոր էր ու բարեձեւ, քալուածքս խրոխտ էր եւ պոչս միշտ ոլորուն կռնակիս վրայ:
Տան շուները երբ կ’անցնէին քովէս, յոխորտանքով կը նայէին վրաս. բայց ես, անոնցմէ մէկ քանիին ցուցուցի, երբ իրենց տիրոջմէն հեռու կը գտնուէին, թէ ի՞նչ կը նշանակէր իրենց սնապարծութիւնը…:
Բայց աւա՜ղ երկար ատենէ ի վեր անտէր ու անտուն, ստիպուած կորսնցուցի հոգիիս վսեմութիւնը. անօթութունը ամէն ստորնութեան կը մղէ շունս…
Հիմա անդադար կը դեգերիմ առանց հանգիստի: Առաւօտուն, մութն ու լոյսին, մսագործներու խանութներուն առջեւ կը դառնամ պատառ մը մսի համար. ժամերով կը սպասեմ անձրեւին եւ արեւին տակ, մարդոց անկարեկիր ու դաժան հայեացքներուն ներքեւ մինչեւ բերանս բան մը իյնայ կամ մսավաճառը բարեհաճի ոսկոր մը նետել ինծի. ալ չեմ վախնար իրմէ. գիտեմ թէ անխուսափելի են իր կիցերը, ուստի կը զգուշանամ կարելի եղածին չափ խուսափիլ իր անգութ հարուածներէն:
Մսավաճառներէն յետոյ կը սլքտամ փողոցներուն մէջ. երբեմն բարեխիղճ կիներ աւելցուք բաներ մը կը նետեն առջեւս կամ պզտիկ մանուկներ իրենց ձեռքի հացէն պատառ մը կու տան ինծի, երբ պոչս շարժելով ու խնդումերես դիմացնին կելլեմ. երբ իրենք ալ ժպտին ինծի՝ կը խաղամ իրենց հետ թաթիկներովս. գիտեմ որ մանուկներէն շատ չարիք չ’ելլեր, եւ յետոյ անոնց հարուածներն ալ ցաւցնելու աստիճան զօրաւոր չեն, ո՛չ ալ նետած քարերնին տեղ կը հասնի: Բայց երբ քիչ մը մեծնան, Աստուած պահէ իրենցմէ…:
Որքան ալ ծանր ըլլայ ինծի համար ըսել այս բոլոր խօսքերը, պիտի չքաշուիմ սակայն ըսելէ, որովհետեւ իսկապէս որ գանելի է մարդոց անգթութիւնը: Փողոցներու մէջ կարելի չէ արձակ համարձակ քալել: Այո՛, կան գթասիրտ մարդիկ, բայց անոնք կը գոհանան միայն վրադ մեղքնալով, կամ առաւելագոյնը յանդիմանական խօսք մը ըսելով այն չարերուն, որոնք կարծես իրենց վայրագութենէն հաճոյք կ’առնեն: Քարն ու կիցը անոնց հասարակ զէնքերն են. անցեալները այն տեսակ հարուած մը կերայ, որ ետեւի ձախ սրունքս վիրաւորուեցաւ եւ մինչեւ հիմա տակաւին քիչ մը կը կաղամ… Եթէ ամենափոքր յանցանքը գործած ըլլայի՝ պիտի հաշտուէի կացութեանս հետ. բայց ո՛չ ոքի վնաս մը հասցուցած էի, ո՛չ ոքի անարգանք մ’ըրած: Եթէ ես ալ մարդոց պէս չարասիրտ եղած ըլլայի, չէի՞ կրնար վրէժս լուծել մանուկ մը յօշոտելով փողոցի մը մէկ մութ անկիւնը: Բայց խիղճս չի ներեր, չեմ կրնար այդ վայրագութիւնը գործել:
Չեմ գիտեր թէ մարդիկ իրենց մէջ, իրարու հետ ի՞նչպէս կը վարուին. բան մը որուն մասին չեմ տարակուսիր այն է, թէ չար սիրտ ունեցող մը միշտ ալ չար է եւ իրմէ տկարներուն հանդէպ չի դադրիր իր չար կիրքերը յագեցնելէ: Յաճախ տեսած եմ որ մարդիկ իրարու հետ կը կռուին: Անցեալները փողոցին մէջ, քանի մը հոգի մէկու մը վրայ յարձակեցան, լաւ մը ծեծեցին զինք, դանակով ու քարերով ալ զարկին անոր ու փախան: Ես ի զուր հաչեցի որ ուրիշ մարդիկ օգնութեան հասնին ու ազատեն այդ խեղճը, սակայն միայն կրաւորական հանդիսականներ մօտեցան, այն ալ քիչ մը ուշ… կարեկցութիւն ըսուած բանը չկայ շատ մը մարդոց մօտ, խեղճ մը կամ տկար մը երբ տեսնեն՝ վրան կը յարձակին, կը ծեծեն, իսկ իրենցմէ զօրաւորներուն եւ հարուստներուն առջեւ կը քծնին, մեզմէ՝ շուներէս ալ աւելի:
Որքա՜ն բախտաւոր պէտք է նկատեմ ես ինքզինքս, որ շուներս դանակ կամ հրազէններ գործածելու կարողութիւնը չունինք:
Ճշմարի՛տ, երբ այս բաները կը տեսնեմ, չեմ փափաքիր մարդ ըլլալ:
Մեղք որ այդքան խելացի են այս մարդիկը. ինչե՜ր, ինչե՜ր են շինած. թէեւ շատ խելքս չի հասնիր բոլորին, սակայն ինծի այնպէս կու գայ թէ, անոնց շինածներէն շատերը զիրար սպաննելու սահմանուած գործիքներ են:
Արդեօք մեր՝ շուներուս պատմութեան մէջ, զիրար սպաննելու յիշատակութիւն մը կա՞յ…:
Եթէ մենք շուներս ունենայինք մարդոց խելքը, իսկապէս որ դրախտ կը դարձնէինք այս աշխարհը: Յաճախ այս մտածումն է որ կու գայ մտքիս, երբ ամրան գիշերներ, դունչս երկարած ոտքերուս վրայ, կը նայիմ լուսնին, մարդերէ հեռու տեղ մը քաշուած. Խաղաղութիւնը այդ պահուն այնքա՜ն անուշ է, որ յաւիտեան պիտի չուզէի արեւուն գալը, որ պիտի խանգարէր այդ անդորրութիւնը եւ մարդիկ չարթննա՜յին նոր վայրագութիւններ հնարելու համար… եւ այդ խաղաղութիւնը տեւէր, տեւէր յաւիտեան:
Այնքա՜ն անուշ է այդ խաղաղութիւնը…:
ԲԱԶԷ
1956