– Ծանօթանանք… Ես կարնեցու տոհմիկ ժառանգ,
Ազգանունս մի տոհմածառ, իսկ անունս՝ նոր գաղտնագիր,
Մնացածը ամէնը թող ինքն իր համար յայտնագործի։
Մէկի համար՝ անհաս գագաթ, միւսի համար՝ սարսափի վիհ… (Գ.Գ.)
– Հայկական Կարին քաղաքէն քանի մը քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք գտնուող Եղեգիս (Իլիջա) փոքր գիւղաքաղաքի Գինոսենց տոհմի սերունդէն Գագիկ Գինոսեան ծնած է 1966 թուականի Օգոստոս 3-ին Վրաստանի Ախալցխա քաղաքին մէջ։
– 1990-ին աւարտած է Երեւանի Փոլիթեքնիք համալսարանի «Տեխնիկական կիպեռնեթիքա» բաժինը։
– Մասնակցած է Արցախեան առաջին պատերազմին, եղած է Լեոնիդ Ազկալդեանի հրամանատարութեամբ գործող «Ազատագրական բանակ» ջոկատի ռազմիկ, ապա 1992 թուականի Օգոստոսին ընդգրկուած է «Արծիւ մահապարտներ» յատուկ նշանակութեան գումարտակին մէջ։
– 1994-1996 թուականներուն ծառայած է ՀՀ Զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան առանձին գումարտակին մէջ։
– 1996-ին աւարտած է Մոսկուայի մարշալ Շապոշնիքովի անուան դաշտային Ռազմական ակադեմիան՝ ստանալով գունդի եւ գումարտակի հրամանատարի որակաւորում։
– Զբաղուած է «պար»ահաւաքչական գործունէութեամբ, վերականգնելով երկու տասնեակէ աւելի Կարնոյ տարածաշրջանի պարարուեստի նմոյշներ։
– 2001-ին հիմնադրած եւ ղեկավարած է «Ծովակ» եւ «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբերը:
– 2012-13 տարեշրջանին պարուսոյց Գայիանէ Մածունեանի հետ ղեկավարած է Լիբանանի Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.ի «Արին» պարախումբը, աւանդական ազգագրական պարը՝ «Եարխուշտա»ի գլխաւորութեամբ, ներածելով լիբանանահայ գաղութի պարացանկէն ներս:
– Իր «Ողջո՜յն, տղե՛րք» բանաստեղծական հատորը լոյս տեսած է 2006-ին:
– Արժանացած է աւելի քան մէկ տասնեակ շքանշաններու եւ մրցանակներու։
– Համայն հայութիւնը սգաց 58-ամեայ անզուգական ազատամարտիկ-արուեստագէտին, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչին վաղաժամ մահը 2024 թուականի Փետրուար 6-ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով: