Երէկ երեկոյեան, մարոնիներու կարտինալ Պըշարա Ռահի պատրիարքը այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեսակցեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Պատրիարքը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի վախճանումի դժբախտ պատահարին առնչութեամբ: Հոգեւոր երկու պետերուն խորհրդակցութիւնը ապա կեդրոնացաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ հարցերուն վրայ: