Այնճարի եւ Անթիլիասի մէջ երէկ կատարուեցաւ 1 Փետրուարին անարգ ոճիրի զոհ գացած Տ. Անանիա ծ. Վրդ. Գուճանեանի վերջին օծումն ու թաղումը: Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ վերջին օծումը կատարուեցաւ ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տէր Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, թեմի քահանայից դասին ու դպրեվանեցիներու, հիւր հոգեւորականներու եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու։ Ապա, վախճանեալ հայր սուրբին մարմինը փոխադրուեցաւ Անթիլիասի մայրավանք, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հողի օրհնութիւնը, ապա գերեզմանի կնքման արարողութիւնը, ներկայութեամբ կրօնական, պետական, քաղաքական եւ հասարակական անձնաւորութիւններու: