Իրանի հիւլէական թղթածրարին առնչութեամբ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ հաւաստիացուց, որ «կը նախընտրէ հիւլէական խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Թեհրանի հետ, որուն շնորհիւ Իրան կրնայ խաղաղութեամբ բարգաւաճիլ ու զարգանալ: Թրամփ սակայն օր մը առաջ ստորագրած էր Թեհրանի նկատմամբ ճնշումները սաստկացնելու մասին նախագահական յուշագիր մը, որ կ’արտօնէ Թեհրանի դէմ սահմանել քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական նոր պատժամիջոցներ: «Յուսամ չստիպուինք գործադրել այդ յուշագիրը», մաղթեց Թրամփ, վերահաստատելով որ Իրան պէտք չէ տիրանայ հիւլէական զէնքի: Ան միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնեց բանակցելու իր իրանցի պաշտօնակից Մասուտ Փեզեշքիանի հետ: