Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱԶԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ ԹՐԱՄՓԻ ԳԱՅԹԱԿՂԻՉ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

February 6, 2025
in Միջազգային
0
ԿԱԶԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ ԹՐԱՄՓԻ ԳԱՅԹԱԿՂԻՉ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

 

 

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ հրահանգ ստորագրած է՝ արտօնելու իսրայէլեան բանակին անհրաժեշտ զինամթերքի տրամադրումը, որ առկախուած էր նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի օրերուն, երկամսեայ պատերազմի ընթացքին: Թրամփ Սիպտան տան մէջ Իսրայէլի վարչապետը ընդունած ատեն հանդէս եկաւ գայթակղիչ հերթական յայտարարութիւններով ու նշեց, թէ Ուաշինկթըն կը մտադրէ տիրապետել Կազային եւ զարգացնել պաղեստինեան այդ շրջանը, զայն վերածելով Միջերկրականի գոհարի մը, միաժամանակ Կազայի բնակիչ պաղեստինցիները տեղահանելով եւ մօտակայ երկիրներուն մէջ վերաբնակեցնելով: Թրամփին այս յայտարարութիւնները ենթարկուեցան պաղեստինեան, արաբական եւ միջազգային դատապարտումի ալիքի: Արաբական լիկան հաղորդագրութեամբ մը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը Պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն, պահանջելով անկախ պետութիւն՝ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով: Հակադարձելով ամերիկացի նախագահի առաջարկներուն, Լիկան կտրականապէս մերժեց պաղեստինցիները իրենց հողէն տեղահանելու որեւէ առաջարկ եւ դիտել տուաւ, որ Թրամփի առաջարկը կրնայ առաջնորդել յաւելեալ ապակայունութեան եւ որեւէ ձեւով յառաջ չի մղեր խաղաղութեան հոլովոյթը: Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ հաւաստիացուց, որ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի չհաստատէ, առանց պաղեստինեան պետութեան յայտնութեան: Նախապէս, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վստահութիւն յայտնած էր, որ Ռիատի հետ խաղաղութիւն պիտի կնքուի եւ Կազային ամերիկեան տիրապետութիւնւը պիտի փոխէ տարածաշրջանի պատմութիւնը:

Իսկ Քաթարի Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Մեժէտ Անսարի յայտնեց, որ Տոհա այժմ զբաղած է Կազայի պատերազմը դադրեցուցած զինադադարի համաձայնութեան երկրորդ փուլի գործադրութեամբ եւ առայժմ որեւէ քննարկում չկայ շրջանէն պաղեստինցիներուն տեղահանութեան առնչութեամբ: «Գիտենք, որ պաղեստինցիները մտահոգ են տեղահանութեան հաւանականութեամբ, սակայն կը վերահաստատենք, թէ այդ մասին որեւէ խօսակցութիւն չկայ, որովհետեւ տակաւին նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ պատերազմը ինչպէս պիտի աւարտի», ըսաւ քաթարցի բանբերը: Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը շեշտեց իսրայէլեան բնակեցումի քաղաքականութիւնը անյապաղ դադրեցնելու եւ պաղեստինցիներուն տեղահանումը կանխելու անհրաժեշտութիւնը: Իսկ Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ահազանգեց, թէ Կազայի բնակչութեան բռնի տեղահանումը կը համարուի միջազգային օրէնքի վտանգաւոր եւ աղաղակող խախտում:

Share63Tweet40
Previous Post

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՊԱՀԱՆՋ ՉՈՒՆԻ

Next Post

ԹՐԱՄՓ Կ’ՈՒԶԷ ԻՐԱՆԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՈՒՄ

Next Post

ԹՐԱՄՓ Կ'ՈՒԶԷ ԻՐԱՆԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.