Իսկ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Հարիրի Հանրապետութեան մուֆթիին հետ տեսակցած ատեն յայտնեց, որ իրենք տակաւին առկախած են քաղաքական գործունէութիւնը եւ կազմուող կառավարութեան մաս կազմելու վերաբերեալ որեւէ դիմում չեն ներկայացուցած նշանակեալ վարչապետին: Կ’ակնակլուի, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ օրերուն ժամանէ Պէյրութ՝ մասնակցելու համար նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ու ընկերակիցներու ահաբեկման 20-րդ տարելիցին: