Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱԼԱՄ. «Կ’ԱՇԽԱՏԻՄ ԿԱԶՄԵԼ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԸ»

February 6, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՍԱԼԱՄ. «Կ’ԱՇԽԱՏԻՄ ԿԱԶՄԵԼ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԸ»

 

Լիբանանի մէջ տակաւին կը շարունակուի նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Այս առումով, նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վերստին այցելեց Պաապտայի պալատ եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ շարունակեց կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութիւնները: Սալամ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ աշխատանք կը տանի կազմելու նախարարական ներդաշնակ կազմ մը, որ հեզասահ կ’աշխատի եւ ուր հնարաւորութիւն չ’ըլլար խափանելու կառավարութեան որոշումները: Նախագահ Աուն Պաապտայի այցելուներուն հետ ունեցած զրոյցներուն մէջ շեշտեց, որ երկխօսութեամբ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ նախարարաց կազմի մը, որ կը հիմնուի իր նախապէս յայտարարած չափանիշերուն եւ սկզբունքներուն վրայ: Աուն գնահատեց Լիբանանի մէջ ընկերային եւ մարդասիրական օգնութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններուն աշխատանքը եւ երկրի տնտեսական ճգնաժամը դիմագրաւելու մէջ անոնց ունեցած դերը:

Նախագահ Ժոզէֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը՝ քննարկելու Պէյրութ-Փարիզ յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային խնդիրները եւ Լիբանանին տրամադրուած ֆրանսական աջակցութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ հարաւի մէջ յայտարարուած զինադադարը դիտարկող միջազզգային յանձնախումբի ֆրանսացի փոխնախագահը: Աուն Փարիզին կոչ ուղղեց զօրակցելու լիբանանեան կեցուածքին, որ կը պահանջէ բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան անյապաղ եւ ամբողջական նահանջ, կոչ ուղղելով վերջ տալու հարաւի մէջ իսրայէլեան ուժերու գործած բռնութիւններուն եւ կործանումին: Նախագահը յիշեցուց, որ ըստ կնքուած զինադադարի համաձայնութեան, մինչեւ 18 Փետրուար պէտք է ազատ արձակուին լիբանանցի բոլոր գերիները: Պաաապտայի այցելուներէն էր նաեւ ամերիկացի դեսպանը:

Share62Tweet39
Previous Post

 ՍՓԻՒՌՔԸ ՔԱՆԻ՞ ՕՐԱԹԵՐԹ ՈՒՆԻ

Next Post

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՊԱՀԱՆՋ ՉՈՒՆԻ

Next Post
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՊԱՀԱՆՋ ՉՈՒՆԻ

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՊԱՀԱՆՋ ՉՈՒՆԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.