Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԿՈՉ

February 4, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԿՈՉ

 

Անցնող քանի մը օրերուն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ապահովական միջադէպերու հետաքննութեանց ծիրին մէջ, ապահովական ուժերը երէկ ձերբակալեցին սուրիացի մը, որ Մրէյժէք շրջանին մէջ շաբաթավերջին կրակ բացած էր հայր Էլի Պըշաալանիի բնակարանին եւ ինքնաշարժին վրայ, պատճառելով նիւթական ծանր վնաս: Ապահովական ուժերը միաժամանակ գրաւեցին յանցագործութեան մէջ գործածուած հրացանը եւ ինքնաշարժը: Իսկ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան Լեռնալիբանանի գրասենեակը յայտարարեց, թէ ձերբակալած է երեք անձ՝ Ֆարայա շրջանի բնակիչ Խալիլ Խալիլը ինքնաշարժով դիտումնաւոր սպաննելու յանցանքով: Խալիլի սպանութիւնը զայրոյթ յառաջացուցած էր Ֆարայայի մէջ, ուր բնակիչներ փողոց դուրս գալով անիւներ հրկիզեցին, ապահովական ուժերէն պահանջելով անյապաղ ձերբակալել յանցագործը: Իսկ ապահովական տեսախցիկները պարզեցին, թէ ոճիրը կատարուած է երթեւեկային անհամաձայնութեան յաջորդած վիճաբանութեան հետեւանքով:

Այլ հարցով, Սուրիոյ Ներքին գործերու նախարարութիւնը Կիրակի օր յայտարարեց, թէ Հոմս գաւառին մէջ գրաւած է զէնքով լեցուն բեռնակառք մը, որ կը փորձէր ապօրինի անցքերով հասնիլ Լիբանան: Ապահովական ցնցումները մեկնաբանեց Լիբանանի ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ու շեշտեց, թէ ապահովական ուժերէն պահանջած է բազմացնել շրջուն ջոկատները, կանխել մոթորսիքլէթներով երթերը եւ վերահսկողութեան տակ առնել սահմանային անցակէտերը:

Share62Tweet39
Previous Post

Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.