Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

February 4, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

 

 

Քաղաքական եւ ապահովական փոփոխութիւններու փուլ բոլորող Լիբանան անցնող օրերուն ականատես դարձաւ անվտանգութեան փխրուն վիճակին մասին աղաղակող երեւոյթներու՝ գողութիւն եւ թալանում, կրակոցներ, մահափորձ եւ ոճրագործութիւն: Այս ծիրին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն հրապարակուած բօթը ծանրագոյնս ցնցեց լիբանանահայութիւնը՝ մասնաւորապէս, եւ բոլոր լիբանանցիները՝ ընդհանրապէս: Շաբաթ, 1 Փետրուարին, Կաթողիկոսութիւնը գուժեց երիտասարդ միաբաններէն, Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի վախճանումը: Արագօրէն տեղական լրատուամիջոցներուն եւ ընկերային հաղորդակցութեանց ցանցերուն վրայ տարածուած տեղեկութիւնները բացայայտեցին, թէ նախորդ օրէն ի վեր հայր սուրբէն տեղեկութիւն չստանալէ ետք, անոր մարմինը գտնուած է Պսալիմ շրջանին մէջ: Միակ հաստատ տեղեկութիւնը այն էր, թէ ան զոհն է անարգ ոճիրի, մինչ ապահովական նախնական վարկածներ տարածուեցան տեղի ունեցած սպանութեան դրդապատճառներուն եւ հաւանական հեղինակներուն առնչութեամբ: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, խստիւ դատապարտեցին տեղի ունեցածը, ցաւակցեցան Կաթողիկոսութեան եւ վախճանեալ հայր սուրբի ընտանիքին, շեշտելով որ անհրաժեշտ ցուցմունքները տուած են ապահովական մարմիններուն՝ բանալու հետաքննութիւն եւ անյապաղ բացայայտելու ոճրագործութեան ծալքերը, հեղինակները ձերբակալելու եւ խստիւ պատժելու համար:

Նշենք, որ վախճանեալ Հայր սուրբին վերջին օծումի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր առաւօտեան ժամը 9:30-ին Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անոր մարմինը պիտի փոխադրուի Անթիլիասի մայրավանք, ուր ժամը 2:30-ին պիտի կատարուի Գերեզմանի կարգը եւ հայր սուրբին մարմինը պիտի ամփոփուի Կաթողիկոսարանի «Զարեհեան» միաբանական յուշարձան-դամբարանին մէջ:

Ըստ Կաթողիկոսութեան համացանցային «Cilicia TV» էջին վրայ հրապարակուած կենսագրութեան, վախճանեալ հայր սուրբը  ծնած է Պէյրութ, 1 Յուլիս 1982-ին, աւազանի անունով՝ Անդրանիկ: Սարկաւագ ձեռնդրուած է 2002-ին, իսկ կուսակրօն քահանայ՝ 2004-ի 7 Յունիսին, վերակոչուելով Անանիա աբեղայ: Սն վարդապետական գաւազան ստացած է 2010-ին, լանջախաչ կրելու իրաւունք՝ 2012-ին, իակ ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն՝ 2016-ին: Հոգեւոր առաքելութիւններով քանի մը անգամ մեկնած է Իրան՝ նախ Ատրպատականի, ապա Սպահանի թեմերը: Լիբանան վերադառնալով, նշանակուած է Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդի օգնական եւ քարոզիչ, իսկ 2020-էն մինչեւ վախճանումը՝ Պեքաայի շրջանի Հոգեւոր տեսուչ:

Share65Tweet41
Previous Post

«Մասիս» շաբաթաթերթ – Մեր Անկիւնէն ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ

Next Post

ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԿՈՉ

Next Post
ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԿՈՉ

ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԿՈՉ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.