Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Մասիս» շաբաթաթերթ – Մեր Անկիւնէն ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ

February 3, 2025
in Հայաստան
0

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս Տաւոսի տնտեսական ֆորումին մասնակցութեան առընթեր հանդիպում ունեցած է Զուիցերիոյ հայ համայնքի որոշ թիւով անդամներու հետ: Սոյն հանդիպումի ընթացքին վարչապետը պատասխանելով ներկաներէն մէկուն` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող հարցին, ըսած է. «Մենք Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեանն էլ պէտք է վերադառնանք, պէտք է հասկանանք, լաւ` ինչ է տեղի ունեցել եւ ինչու է տեղի ունեցել, եւ ինչպէս ենք մենք դա ընկալել, ում միջոցով ենք ընկալել, ոնց է, որ 1939 թուին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ չի եղել, եւ ոնց է որ 1950-ին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ յայտնուել է: Սա մենք պէ՞տք է հասկանանք, թէ՞ չպէտք է հասկանանք»: Վարչապետի այս անյաջող միտքերը, որքան որ ալ փորձես հասկնալ կը մնան անհասկնալի` ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ վարչապետը կասկածի տակ կ՛առնէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կամ կը ժխտէ զայն:

Այս բոլոր հարցադրումներուն պատասխանը հայ եւ օտար պատմաբանները տուած են արդէն հազարաւոր գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ հատորներու միջոցով: Ժամանակաշրջանի միջազգային մամուլի էջերն ու դիւանագիտական հեռագիրներն ու փաստաթուղթերը եւս տուած են այդ հարցերուն պատասխանները: Այդ բոլորի աղաղակող պատասխանը տուած է տեղահանուած ու սփիւռք դարձած աշխարհացրիւ հայութիւնը:

Վերջին շրջանին վարչապետ Փաշինեան սկսած է մտային մարզանքներով հանդէս գալ` խօսելով իրական Հայաստանի ու պատմական Հայաստանի, Արագածի ու Արարատի, Մեծ Եղեռնի ու Ցեղասպանութեան եւ այլ նիւթերու մասին: Այս օրերուն երբ հայութիւնը կը դիմագրաւէ բազում խնդիրներ ու լինելիութեան պայքար կը մղէ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, նման օրակարգեր պէտք է դուրս մնան մեր ամէնօրեայ քննարկումներէն, կեդրոնանալու համար շատ աւելի հրատապ հարցերու վրայ: Ամէն մէկ չմտածուած ու ժողովուրդի բազկերակին չհամապատասխանող արտայատութիւն շուքի տակ կը ձգեն այն նուաճումները, որոնք արձանագրուեցան Թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին: Որպէս վարչապետ, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն, Փաշինեան պէտք է շարունակէ վեր առնել ու բացառապէս խօսիլ իր օրօք կատարուած աշխատանքներու, արձանագրուած յաջողութիւններու ու ապագայ ծրագրերու մասին` տնտեսութեան, քաղաքական ազատութիւններու, մաքուր կառավարման, բանակի կառուցման եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

Հրապարակ նետելով նոր միտքեր ու անոնց շուրջ հանդէս գալով անյաջող ձեւակերպումներով  Փաշինեան առիթ կու տայ իր հակառակորդներուն զինք մեղադրելու` Ցեղասպանութիւնը ուրանալու եւ ազգային արժէքներէն հրաժարելու մէջ: Այս միտքերը լայն արձագանգ կը գտնեն նաեւ Սփիւռքի տարածքին, ուր բազմահազար հայերու համար ազգային մեր հաւատամքները կը մնան հայապահպանութեան գլխաւոր գրաւականները:

Որպէս Հայաստանի ներկայ իշխանութեան վարած քաղաքականութեան թիկունք կանգնած Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ, մեզի համար եւս ցաւ է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առիթ կու տայ, որպէսզի զինք արատաւորեն մեղադրանքներով, որոնք չեն արտայայտեր իր իսկական մօտեցումները:

Տակաւին քանի մը տարի առաջ ան իր Ապրիլ 24-եան ելոյթին մէջ կ՛ըսէր. «Ովքե՞ր էին այդ սարսափելի յանցագործութիւնների մեղաւորները, ովքե՞ր էին դրա պատասխանատուները: Պատասխանը միանշանակ է` Օսմանեան կայսրութեան երիտթուրքական կառավարութիւնը` թուրքիզմի եւ փանթուրքիզմի գաղափարախօսութեամբ, որի առանցքային նպատակներից էր մոնոէթնիկ եւ ծաւալապաշտական Թուրքիայի ստեղծումը, ինչն իր հերթին ծնել էր հայատեացութեան ու ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններից ազատուելու գաղափարը»:

Մեր առաջարկը այն է, որ վարչապետը կառչի իր այս խօսքերուն ու կրկնէ զանոնք, որպէսզի փարատին բոլոր ենթադրութիւններն ու կասկածները ու ան շարունակէ կեդրոնանալ մեր անկախ պետականութեան կայացման ու հզօրացման խիստ կարեւոր խնդիրներուն վրայ:

 

 

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 18 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Next Post

Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

Next Post
Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.