«ԱՐԱՐԱՏ», 26-31 Յունուար 1970
Նոր յօդուածագիր մը կայ «Արարատ»-ի էջերուն, այս շաբաթ. Յարութիւն Զատկի, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն։ Ան ստորագրեր է «Պատգամ որդւոյս» վերնագրով ընդարձակ գրութիւն մը, որ լի է հայրենի հողին նկատմամբ գովասանական զեղումներով։
Ես՝ հայ մամուլի հին հաւաքածոներ պրպտողս, Յարութիւն Զատկիի անունին բազմիցս հանդիպեր էի Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին մէջ, սակայն չէի գիտեր, թէ ան հաճընցի էր ու Հաճընի կեանքէն պատմող անոր ծաւալուն մէկ յուշագրութիւնը իբրեւ «Արարատ»-ի թերթօն տպուեր է «Անկարելի սէր (կռուողի մը յիշատակարանը)» խորագրով, 1963-ին։ Այս մասին իմացայ բոլորովին վերջերս։
Փրաւիտենսէն (Ամերիկա) Վահրամ Փափազեան լուսարձակի տակ առեր է կեանքը Հռոմի Ներոն կայսեր, ի սկզբանէ զայն բնորոշելով որպէս «հոմանիշ արիւնարբու նկարագիրի»։ Այս առնչութեամբ տրուած են պատմական ու աւանդական դրուագներ։
Խմբագրութեան անդամներէն Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի) նոր շարք մը սկսեր է այս շաբաթ. «Ֆրանսացիները Կիլիկիոյ մէջ»։ Բայց «պատմական» որակուող այս հրապարակումները, դժբախտաբար, զուրկ են դոյզն շահեկանութենէ, ինչպէս է պարագան յօդուածագրին միւս գրութիւններուն, առհասարակ։
Այս շաբթուան խմբագրականներէն մին ունի հետեւեալ խորագիրը. «Հայրենիքը սփիւռքը կենսաւորող աղբիւրն է»։ Հոն կը շեշտուի սա՛ գաղափարը. «Վերջին հինգ տարիներու Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու սերտացումը նոր ոգեւորութիւն, զարթօնք ու ինքնագիտակցութիւն պատճառեց սփիւռքահայութեան, հիմնաւորելով մեր այն համոզումը, որ Մայր Հայրենիքը սփիւռքահայութեան կեանք տուող, ասոր թօշնած տերեւներուն աւիշ ներարկող գլխաւոր աղբիւրն է»։
«Գրական էջ»–ի իր սիւնակով՝ Պէպօ Սիմոնեան սեւեռումի ենթարկեր է «Գրական բարքեր» (գրութեան վերնագիրն է)։ Ան, նախ, գնահատելի գտեր է Հայաստանի մէջ տարածուն երեւոյթ մը՝ երբ գրողներ հրապարակաւ կ՛ողջունեն իրենց գրչեղբայրները, տարեդարձի կամ այլ առիթներով։ Սփիւռքի մէջ նման բան չկայ։ Ընդհակառակն՝ գրչի սպասաւորներ զիրար կը մրոտեն…։ Օրինակ կու տայ «Երիտասարդ Հայ» պարբերականը, որուն էջերուն մէջ Վահէ Օշական ու Գէորգ Աճեմեան կը ստորագնահատեն բանաստեղծ Վահէ-Վահեանը, իսկ այս վերջինն ալ կ՛ուրանայ առաջին երկուքին արժանիքները…։ Յոռի՜ բարքեր…։
Գրեր էինք նախապէս, թէ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Պէյրութի մէջ բեմ պիտի հանէր ՐաՖՖիի «Ոսկի աքաղաղը» վէպը, ժորժ Սարգիսեանի (1915-1982) թատերականացումով ու բեմադրութեամբ։ Կը թուի թէ լայն ընդունելութիւն գտեր է գործը՝ թատերասէր լայն խաւերու կողմէ։ Այս մասին է որ կ՛արտայայտուի թերթին մնայուն աշխատակիցներէն Սամօ (Սարգիսեան), որ կը դրուատէ թէ՛ բեմադրիչը՝ անոր ստանձնած դերին մէջ (Պետրոս աղա Մասիսեանի կերպարը), թէ՛ ալ միւս գլխաւոր դերակատարներէն Մարօ Սարգիսեանն ու Գալուստ Ճանսըզեանը, իրենց բարձրորակ խաղարկութեամբ։
Սամօ, այլ թղթակցութեամբ մը, անդրադարձեր է նաեւ Պերճ Ֆազլեանի բեմադրած «Թարթիւֆ»–ին (Մոլիէռի «Խաչագողը»)։ 300 տարի առաջ գրուած այս գործը բեմ հաներ են Հ.Ե.Ը.-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի տղաքը։ Ֆազլեան ի՛նք մարմնաւորեր է գլխաւոր կերպարը, իր կողքին ունենալով Սիրվարդ Ֆազլեանը, Թորոս Սարգիսեանը, Լիզ Սարգիսեանը, Յարութիւն Գնդունին, Հրաչ ՔոՖթիկեանը, Գեղուհի Նախնիքեանը եւ քանի մը ուրիշներ։
Մնալով թատերական շարժումներու շրջագծէն ներս, Ա. Մինասեան ստորագրութեամբ յօդուածագիր մը կը պատմէ իր տպաւորութիւնները՝ ի մասին Պաալպէքի փառատօնի թատերասրահին մէջ Թունուզէն եկող արաբական թատերախումբի մը մէկ ներկայացումին։ Բեմադրուեր է սպանացի թատերագիր Ֆրետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Երմա» թատերկը, գրուած՝ 1934-ին։
Խորհրդային Հայաստանէն հասած լուրերէն մէկն է բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ռուսերէն մէկ «Նամականի»–ին հրատարակութիւնը։ Լրատուութիւնը ստորագրեր է հայրենի ծանօթ լրագրող Վանիկ Սանթրեան (1935-2017)։ Այս նամակները գրուեր են եղեր 1908-1916-ի շրջանին եւ ուղղեալ են Անթառամ եւ Մարթա Միսկարեան քոյրերուն։ Նամականին հրատարակութեան պատրաստեր է եղեր վաղամեռիկ բանաստեղծին դուստրը՝ Նուարդ Տէրեանը (որ, ի դէպ, կողակիցն էր բանաստեղծ Գէորգ Էմինի)։
Լիզպոնի Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը հրապարակեր է իր տարեկան զեկոյցը՝ ի մասին հայկական ձեռնարկներու ի նպատ իր կատարած նիւթական յատկացումներուն։ Կը տեղեկանանք, զորօրինակ, թէ հիմնարկութիւնը կարեւոր գումարներով օժանդակած է Վիեննայի Մխիթարեանց գրադարանին մամուլի հաւաքածոներու կազմարարութեան, Ուաշինկթընի Քոնկրէսի գրադարանի հայկական բաժնին, Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին ու Ս. Խաչ դպրեվանքին, Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին, «Կոմիտասի տուն-համերգասրահ»-ին (Երեւան), յատկացուցեր է համալսարանական կրթաթոշակներ եւ այլն, եւ այլն։ Երախտիք պարտադրող մեծ օժանդակութիւններ։ 1969-ի այս յատկացումները հասեր են շուրջ մէկուկէս միլիոն տոլարի։
Անստորագիր յօդուածով մը ներկայացուեր է «Արուեստագէտ լուսանկարիչը՝ Յ. Ճէրէճեան (Շիրազ)» (գրութեան խորագիրն է), Պէյրութի իր ցուցահանդէսին առիթով։ Կ՛ըսուի, թէ վերջին տարիներուն, լիբանանահայ այս լուսանկարիչը ուշադրութիւն սկսաւ գրաւել մա՛նաւանդ իր ամանորեան շնորհաւորական քարթերով, ուր կը ցոլային հայրենական տեսարաններ (Արեւմտահայաստանէն), գեղատիպ տպագրութեամբ։ Ան իր լուսանկարները1969 Մայիսին ցուցադրեր է նաեւ Երեւանի մէջ ու արժանացեր նոյնիսկ հռչակաւոր լուսանկարիչ Անդրանիկ Քոչարի գնահատանքին։
Տեղական թղթակցութիւն մը տեղեկագրեր է Լիբանանահայ մշակութային միութեան վերջերս սարքած բազմաձայն զրոյցին մանրամասնութիւնները։ Ինչպէս նշեր էինք նախապէս ալ, քննարկումի նիւթն էր «Մարդը եւ քաղաքը 2001 թուականին»։ Զրոյցը վարեր է տոքթ. Յարութիւն Սաղրեան։ Մասնակից զեկուցաբերները վիճակագրական տուեալներով խօսեր են մօտիկ ապագայի մարդուն ու իր միջավայրին փոխյարաբերութեան մասին (բնակչութեան աճ, սնունդի հարցեր, երթեւեկի հարցեր, մթնոլորտի ապականութիւն, օդանաւային սպասարկութեանց աշխուժացում, քաղաքաշինութեան հեռանկարներ եւ այլն)։
Այլ լրատուութիւն մը կը յայտնէ, թէ երգիչ Ատիս Հարմանտեան մեծ խանդավառութիւն ստեղծեր է Սինեմա Ռիվիերայի (Պէյրութ) ընդարձակ սրահին մէջ սարքած իր երգահանդէսներով։
Ազգային ծանուցումներու սիւնակներուն մէջ այս շաբաթ կը գտնենք հետեւեալները.
— Կեսարիոյ աղքատախնամ ընկերութիւնը կազմակերպեր է եղեր «Մեծարանքի երեկոյ» մը, նուիրուած՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի, անոր ծննդեան 100-ամեակին առիթով (28 Յունուար, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ)։
— Այնթապի հայրենակցական միութիւնը «Ճաշկերոյթ-պարահանդէս»-ի մը հրաւիրեր է իր հայրենակիցները, Օթէլ Քարլթոնի սրահը (7 Փետրուար)։
— «Ճաշկերոյթ-պարահանդէս» մըն ալ պիտի սարքէ եղեր Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը, Օթէլ Պրիսթոլի մէջ (31 Յունուար)։ Ասոր տոմսերը ձեռք բերելու համար պէտք է դիմել եղեր դեղարան Պուճիգանեան կամ դեղարան Շիրինեան (Տօրա)։
— Վարդանանցի առիթով «Ճաշկերոյթ-պարահանդէս» մըն ալ պիտի իրականացնէ եղեր Մուսա Լեռան հայրենակցական միութիւնը (4 Փետրուար, Կոնտոլի մէջ)։
— Եւ վերջապէս՝ «Ճաշկերոյթ-պարահանդէս» մըն ալ ծանուցեր է Պուրճ Համուտի Մասիս մարզական միութիւնը (իր 15-ամեակին առիթով, 14 Փետրուար, Քարլթոն պանդոկի սրահը)։
— Հայ Կաթողիկէ ակումբը դասախօսութեան մը հրաւիրեր է հանրութիւնը՝ լսելու Ժիրայր Աւետիսեանը (Հայաստանէ՞ն)։ Նիւթ՝ «Թատերական արուեստը Հայաստանի մէջ» (27 Յունուար, կազմակերպիչ ակումբի սրահը, Տեպպաս հրապարակ)։
— Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի եղեր հրապարակագիր ու հասարակական գործիչ Սեդրակ Ապաճեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով (Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցի, Փետրուար 1)։ Այսօր ո՞վ կը յիշէ այս կորսուած անունը…։
Ընտանեկան նոր բոյներու կազմութիւնը կ՛ուրախացնէ մեզ։ Այս շաբթուան թիւերուն մէջ կը կարդանք, թէ Ս. Պսակի խորհուրդով իրենց կեանքը իրարու միացուցեր են Կիրակոս ՔոՖթիկեան եւ օրդ. Էլիզ Հաճեան (Պէյրութ)։
Սիւնակս կը փակեմ լեզուական 2 նկատողութիւններով։
Ա) «Արարատ» Յունուար 26-ի իր թիւին Բ. էջին վրայ կը խորագրէ. «Ուաշինկթընն է որ կը ներշնչէ իսրայէլացի նախայարձակներուն»։
Քերականօրէն անճիշդ նախադասութիւն մը, ահաւասիկ։ Ինչո՞ւ։ Ո՞ւր է սխալը։
Ուշադիր ըլլանք գործածուած բային. ներշնչել։ Ասիկա ներգործական բայ մըն է, որ նախադասութեան մէջ գործածուելու պարագային ԱՆՊԱՅՄԱՆ իր հետ կը պահանջէ ուղիղ խնդիր մը, որ դրուած պէտք է ըլլայ հայցական հոլովով։ Տեսէ՛ք. տուեալ նախադասութեան մէջ «ներշնչել» բային ուղիղ խնդիրն է «նախայարձակներ» գոյականը, որ սակայն դրուած է… տրական հոլովով («նախայարձակներուն»)։ Ճիշդը՝ «նախայարձակները»։ Ուստի, նախադասութիւնը հարկ է սրբագրել հետեւեալ ձեւով. «Ուաշինկթը՛նն է որ կը ներշնչէ իսրայէլացի նախայարձակները»։
Բ) Յունուար 29-ի թիւին Ա. էջին մայր խորագիրը կ՛ըսէ. «Ամերիկա արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն չուզեր»։ Հոս կայ կէտադրական սխալ մը, որ գրեթէ աննշմար է եւ մարդիկ հազուադէպօրէն կ՛անդրադառնան ատոր։
Խնդրոյ առարկայ սխալը կ՛առնչուի «չուզեր» բային (որ այս ձեւով չի գրուիր երբե՛ք)։ Այս բայը ունի երկու նմանաձայն տարբերակներ. կայ «չ’ուզեր» բայը (ապաթարցով), որ «ուզել» բային ներկայ ժամանակի ժխտական Գ. դէմքն է (չեմ ուզեր, չես ուզեր, չ’ուզեր)։ Օրինակ, կ՛ըսենք՝ «Սեդրակ չ’ուզեր ամուսնանալ», կամ՝ «այսօր չ’ուզեր տունէն ելլել»։ Անդին, կայ անկատար ապառնիի կամ ըղձական եղանակի անկատար ժամանակի «չուզէր»–ը (կը գրուի է-ով), երբ կ՛ըսենք, զորօրինակ՝ «Խմբագիրը երբեք պիտի չուզէր տպել այդպիսի յօդուած մը», կամ՝ «երանի չուզէր այդ խմիչքը»:
Ի մի խօսք՝ «Արարատ»-ի վերի նախադասութիւնը պէտք է գրուէր հետեւեալ ձեւով. «Ամերիկա արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն չ’ուզեր»։
Ահա՛ ձեզի քերականական փոքրիկ դաս մը։
Ցտեսութի՛ւն։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)