Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

February 3, 2025
in Միջազգային
0
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահ Ահմատ Շարաա յայտնեց, որ մասնագէտներու հետ երկարատեւ խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ որոշած է ժամանակաւորապէս ստանձնել երկրին նախագահութիւնը՝ պահպանելու համար քաղաքական հոլովոյթին հեզասահ ընթացքը եւ երկիրը վերականգնելու աշխատանքները: Շեշտելով անցումային փուլին բոլոր սուրիացիներուն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, Շարաա խոստացաւ անյապաղ կազմել անցումային շրջանի կառավարութիւնը, ուր կ’արտացոլուի սուրիական հաւաքականութեան բոլոր բաղադրիչները եւ աշխատանք կը տարուի կառուցելու հաստատութիւններու նոր պետութիւն մը՝ մինչեւ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումը եւ նոր իշխանութեան ձեւաւորումը: «Շուտով պիտի կազմեմ նախապատրաստական յանձնախումբ մը, որ պիտի նշանակէ անցումային օրէնսդրական սեղմ խորհուրդին անդամները», բացատրեց Շարաա: Ան երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Սանի իշխանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները սուրիացիներուն օգնելու եւ Սուրիոյ վերականգնումին աջակցելու միջոցները:

Նոյն ծիրին մէջ, «Ալ-Արապիա» հեռատեսիլի կայանը երէկ հաղորդեց, թէ Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած է նախկին իշխանութեան օրերուն հարաւային Տարաա գաւառի քաղաքական անվտանգութեան ծառայութեան նախագահ Աթէֆ Նաժիպը՝ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի մօրաքրոջ որդին: Իսկ ամերիկեան բանակներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ հետախուզական տուեալներու հիման վրայ, Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան հատուածին մէջ թիրախաւորած է Քայիտա կազմակերպութեան հետեւող «Հուրրաս ալ-Տին» կազմակերպութեան անդամներէն մէկը: Սուրիոյ քաղաքացիական անվտանգութիւնը նախապէս յայտարարած էր անծանօթ անօդաչու սարքի մը հարուածով Ըտլիպի հիւսիսային շրջանին մէջ անծանօթ մարդու մը սպանութեան մասին:

Share63Tweet40
Previous Post

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Next Post

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ԿԱՄ ՀԵՐՔՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՔՐԷԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ Է»

Next Post
ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ.  «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ԿԱՄ ՀԵՐՔՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՔՐԷԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ Է»

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ԿԱՄ ՀԵՐՔՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՔՐԷԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ Է»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.