Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

February 3, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

 

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատարի պաշտօնակատար զօրավար Հասսան Աուտէն, որուն յանձնարարեց այցելել հարաւ եւ ստուգել զանազան հատուածներու մէջ տիրող կացութիւնը՝ իսրայէլեան մասնակի նահանջին եւ լիբանանեան բանակի տեղակայումներու լոյսին տակ:

Երկամսեայ պատերազմը դադրեցուցած եւ ապա ամերիկեան միջնորդութեամբ երկարաձգուած զինադադարը տակաւին ենթակայ է իսրայէլեան ամէնօրեայ խախտումներու՝ հարաւէն Պեքաա ու մինչեւ Սուրիոյ հետ Լիբանանի հիւսիսային սահմանը: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Պեքաայի մէջ՝ Ռայաքի մերձակայ սահմանային Ժանթա շրջանի ապօրինի անցակէտերուն ուղղութեամբ երէկ արեւածագին տեղի ունեցած իսրայէլեան յարձակումէն մահացած է երկու հոգի եւ վիրաւորուած՝ տասը ուրիշներ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հարուածած է Հըզպալլային պատկանող դիրքեր, որոնք կը ներառեն զէնքերու արտադրութեան ստորգետնեայ կառոյց մը, մաքսանենգումի համար գործածուող սահմանային ապօրինի անցակէտ մը, որ կը գործածուի Հըզպալլային կողմէ՝ զէնք փոխադրելու համար Լիբանան: Իսկ հարաւի մէջ ռմբակոծուեցաւ Թայպէ բնակավայրի մզկիթին մերձակայքը:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը ամփոփեց առողջապահական համակարգը թիրախաւորած իսրայէլեան անցնող ամիսներու գործողութիւններուն հետեւանքները: Ըստ հրապարակուած տուեալներուն, իսրայէլեան ուժերը 237 անգամ հարուածած են առողջապահական թիրախներ, սպաննելով 201 աշխատակից, կործանելով շտապ օգնութեան 177 ինքնաշարժ, 59 հրշէջի մեքենայ եւ որոնողական խումբերու 18 ինքնաշարժ:

Share62Tweet39
Previous Post

  ԳՈՐԾՈՒՆԵԱՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Next Post

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.