Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏՈՒՆԴԱՐՁԻՆ ԴԻՄԱՑ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

January 30, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՏՈՒՆԴԱՐՁԻՆ ԴԻՄԱՑ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

 

Մինչ երրորդ օրն ըլլալով երէկ շարունակուեցաւ հարաւի բնակչութեան տունդարձը, սահմանամերձ Քֆարքիլա գիւղին բնակիչները վրաններ լարեցին Խարտալի-Տէյր Միմէս ճամբուն վրայ եւ վճռեցին այնտեղ մնալ, մինչեւ որ իսրայէլեան ուժերը քաշուին Քֆարքիլայէն եւս, հնարաւորութիւն տալով քաղաքացիներու տունդարձին: Հարաւային այլ շրջաններու մէջ եւս շարունակուեցան իսրայէլեան խախտումները: Մէյս էլ Ժապալի մօտ, իսրայէլեան ուժեր շուրջ հարիւր մեթր մօտեցան լիբանանեան բանակի դիրքերուն: Իսրայէլացի զինուորները երէկ ազատ արձակեցին սահմանային Մարուն էլ Ռասի շրջանէն առեւանգուած չորս քաղաքացիներէն երեքը: Իսրայէլացիները նոյն շրջանէն գրաւած էին նաեւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժ մը:

 

Զինադադարի յայտարարութենէն ետք մեծագոյն խախտումով, իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը նախանցեալ գիշեր երկու թիրախ հարուածեցին Նապաթիէի եւ Զաութարի մէջ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ ռմբակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած է 30 մարդ, մինչ Եարուն գիւղին մէջ վիրաւորուած է վեց քաղաքացի, երբ կը փորձէին վերադառնալ իրենց տուները: Իսրայէլեան բանակի հիւսիսային հատուածի ղեկավարութիւնը զգուշացուց, որ Հըզպալլլա պիտի ստանայ նոյնիսկ աւելի ծանր հարուած, եթէ փորձէ վերստին բախում հրահրել Իսրայէլի դէմ:

Պաշտօնաւարտ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ նկատել տուաւ, թէ Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու զինադադարի համաձայնութիւնը՝ ոտնակոխելով ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը: Միքաթի հաղորդակցեցաւ դիտարկումին վերահսկող յանձնախումբին ղեկավար, ամերիկացի զօրավար Ճէսփըր Ճէֆըրզի հետ ու պահանջեց վճռորոշ քայլերու ձեռնարկել՝ երաշխաւորելու համար զինադադարի գործադրութիւնը եւ կանխելու իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:

Իսկ Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» խմբակցութեան նախագահ Մոհամմատ Ռաատ շեշտեց, որ Իսրայէլին հակադարձելը լիբանանցիներուն արդար իրաւունքն է, որ կարելի է գործածել յարմար պահուն եւ անհրաժեշտ միջոցներով:

Իսրայէլեան բանակը միւս կողմէ պատճառաբանեց, թէ օդուժին թիրախները եղած են Հըզպալլային պատկանող բեռնակառք մը եւ ինքնաշարժ մը, որոնք զինամթերք կը փոխադրէին Նապաթիէ եւ Շքիֆ շրջաններուն մէջ:

 

Share62Tweet39
Previous Post

  ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ՝ ԹՐԱՄՓԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԻՒՐԸ

Next Post
ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ՝ ԹՐԱՄՓԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԻՒՐԸ

ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ՝ ԹՐԱՄՓԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԻՒՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.