Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

January 30, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան Նախագահ Ժոզէֆ Աուն ընդունեց Միջազգային դրամատան տարածաշրջանային տնօրէնին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն հետ արծարծեց համագորածակցութեան հնարաւորութիւնները: «Լիբանանի մէջ կը մտադրենք իրագործել անհրաժեշտ բարեկարգումներ, ինչպէս յայտարարեցի երդմնակալութեան ուղերձիս մէջ», ըսաւ Աուն, խոստանալով բարեկարգումի նիւթեր մշակել զանազան ոլորտներու մէջ: Ըստ նախագահին, յաջորդ փուլին առաջնահերթութիւններն են պատերազմին կործանուած շրջաններուն վերակառուցումը եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքին աշխուժացումը: Շնորհակալութիւն յայտնելով Միջազգային դրամատան՝ իր հետեւողական աջակցութեան համար, Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը շուտով պիտի աշխատի վաւերացնել բարեկարգչական համապատասխան օրինագիծերը: Հիւր պատուիրակութիւնը, միւս կողմէ, պատրաստակամութիւն յայտնեց օգնելու Լիբանանին՝ դիմագրաւելու ընկերատնտեսական ծանր մարտահրաւէրները:

Նոյն ծիրին մէջ, Դրամատուներու միութիւնը իր արտակարգ համագումարին ընթացքին կատարեց կանոնադրութեան փոփոխութիւն մը, որուն հիման վրայ Միութեան նախագահ Սալիմ Սֆէյրը վերընտրեց պաշտօնավարումի երրորդ ժամանակաշրջանի համար, ինչպէս նաեւ վարչութեան անդամներուն թիւը 12-էն բարձրացուց 14-ի: Իր առաջին յայտարարութեան մէջ Սֆէյր առաջարկեց գումարել ելեւմտական երկխօսութիւն՝ իրականացնելու համար բարեփոխումներ եւ երաշխաւորելու աւանդատէրերուն իրաւունքները:

Share62Tweet39
Previous Post

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՉՈՐՍ ՉԱՓԱՆԻՇԵՐԸ՝ ԸՍՏ ՍԱԼԱՄԻ

Next Post

ՏՈՒՆԴԱՐՁԻՆ ԴԻՄԱՑ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post
ՏՈՒՆԴԱՐՁԻՆ ԴԻՄԱՑ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՏՈՒՆԴԱՐՁԻՆ ԴԻՄԱՑ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.