Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՉՈՐՍ ՉԱՓԱՆԻՇԵՐԸ՝ ԸՍՏ ՍԱԼԱՄԻ

January 30, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՉՈՐՍ ՉԱՓԱՆԻՇԵՐԸ՝ ԸՍՏ ՍԱԼԱՄԻ

 

 

Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վերստին այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նոր կառավարութեան կազմութեան զարգացումները արծարծեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ: Սալամ ժողովէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, թէ գիշեր-ցերեկ կ’աշխատի նոր կառավարութիւնը կազմելու համար, կոչ ուղղելով համբերութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափել տարաձայնութիւններէն: «Ես բոլորին հետ համբերատար աշխատող եմ եւ պիտի դիմագրաւեմ դժուարութիւնները, որպէսզի շուտով ծնունդ առնէ նոր կառավարութիւնը», յայտնեց Սալամ: Ան նախընտրեց, որ ինք ըլլայ լուրերուն աղբիւրը, ոչ թէ ընկերային հաղորդակցութեանց հարթակները կամ լրատուամիջոցները: Ուստի յայտարարեց նախարարի պաշտօն սատանձնելու չափանիշերը. առաջին՝ երեսփոխանի եւ նախարարի պաշտօններու տարանջատումը, երկրորդ՝ ազգային ատակ ուժերու որդեգրումը, երրորդ՝ նախարար չի կրնար նշանակուիլ քաղաքապետական կամ երեսփոխանական ընտրութեան թեկնածու մը, չորրորդ՝ կառավարութեան մէջ կուսակցական ներկայացուցիչ չկայ: Սալամ նշեց, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի 24 նախարարէ եւ պիտի ամբողջանայ հնարաւորինս արագ: Նշենք, որ նմանօրինակ ժողով մը գումարուած էր նաեւ նախանցեալ օր: Իսկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն կոչ ուղղեց զերծ մնալու քաղաքական մանր տարակարծութիւններէն եւ նեղմտութենէն, յիշեցնելով որ բոլոր նախարարութիւնները կը պատկանին Լիբանանին եւ կը միտին ծառայել անոր ու ժողովուրդին:

Նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին խումբ մը քաղաքացիներ հաւաքուեցան Սալամի Քրայթէմ թաղամասի բնակարանին առջեւ՝ մերժելու կառավարութեան կազմութեան մէջ յարանուանական եւ քաղաքական բաժանումներու տրամաբանութիւնը:

Share63Tweet39
Previous Post

«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ, «ԱՐԱՐԱՏ» ԳՐԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳՐԻ ԵՒ «ՄԱՍԻՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԼՐԱԳՐՈՂ, ԽՄԲԱԳԻՐ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ)

Next Post

  ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Next Post
  ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

  ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.