Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ, «ԱՐԱՐԱՏ» ԳՐԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳՐԻ ԵՒ «ՄԱՍԻՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԼՐԱԳՐՈՂ, ԽՄԲԱԳԻՐ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ)

January 30, 2025
in Մշակութային
0
«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ, «ԱՐԱՐԱՏ» ԳՐԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳՐԻ ԵՒ «ՄԱՍԻՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԼՐԱԳՐՈՂ, ԽՄԲԱԳԻՐ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ  ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ)

– Գաբրիէլ Մոլոյեան ծնած է 30 Յունուար 1933-ին, Պէյրութ, Լիբանան:

– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքը յաճախելէն յետոյ, Լիբանանի «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանի հայագիտական դասընթացքներուն հետեւած է:

– Եղած է Դամասկոսի Ս. Թարգմաչաց վարժարանի ուսուցիչ, իսկ հետագային նշանակուած է փոխտնօրէն Պէյրութի Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանին եւ ծառայած է այդ պաշտօնին մէջ 25 տարի շարունակ:

– 1954 թուականին Պէյրութի մէջ, իսկ 1977-ին՝ Լոս Անճըլըսի մէջ խումբ մը ընկերներու հետ հիմնած է Նոր Սերունդ մշակութային միութիւնը։ Աւելի քան 30 տարի եղեր է նոյն միութեան վարչութեան անդամ եւ ատենապետ:

– Կլէնտէյլի մէջ կառուցուող Հայ-Ամերիկեան թանգարանի համահայկական տնօրէններու խորհուրդի անդամ է:

– Աշխատած է որպէս լրագրող եւ խմբագիր «Արարատ» օրաթերթի, «Արարատ» գրական ամսագրի եւ «Մասիս» շաբաթաթերթի:

– Ներգաղթելով Միացեալ Նահանգներ, Գաբրիէլ Մոլոյեան 1983-2005 թուականներուն եղած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Ա. եւ Մ. Յովսէփեան» ազգային վաժարանի հիմնադիր անդամներէն մէկը եւ հոգաբարձութեան անդամ:

– 1977 թուականին եղած է Գալիֆորնիոյ Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան շրջանի հիմնադիրն ու առաջին ատենապետը:

– 1980 թուականէն մինչեւ օրս Լոս Անճըլըսի մէջ տպագրուող «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրակազմի անդամ է:

– Նոր Սերունդ մշակութային միութեան հիմնադրման 50-ամեակին իր մատուցած ազգային, տասնամեակներ շարունակ իր համայնքին կատարած մշակութային եւ կրթական ծառայութիւններու համար, 2005 թուականին Մոլոյեանը արժանացեր է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կոնդակին եւ «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին:

 

«Արարատ»-ի երբեմնի խմբագրին 92-ամեակին առիթով թող այս տողերը ընդունուին որպէս ներկայ տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան շնորհաւորական սրտագին արտայայտութիւն, գալիք տարիները խաղաղ կեանքով ու առողջութեամբ դիմաւորելու մաղթանքներով:

 

Share79Tweet49
Previous Post

ՇԷՅՔՍՓԻՐԵԱՆ «ՕԹԵԼԼՕ»Ի ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐԸ ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ (30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1888 – 5 ՅՈՒՆԻՍ 1968), ԾՆՆԴԵԱՆ 137-ԱՄԵԱԿ 

Next Post

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՉՈՐՍ ՉԱՓԱՆԻՇԵՐԸ՝ ԸՍՏ ՍԱԼԱՄԻ

Next Post
ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՉՈՐՍ ՉԱՓԱՆԻՇԵՐԸ՝ ԸՍՏ ՍԱԼԱՄԻ

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՉՈՐՍ ՉԱՓԱՆԻՇԵՐԸ՝ ԸՍՏ ՍԱԼԱՄԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.