Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՇԷՅՔՍՓԻՐԵԱՆ «ՕԹԵԼԼՕ»Ի ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐԸ ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ (30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1888 – 5 ՅՈՒՆԻՍ 1968), ԾՆՆԴԵԱՆ 137-ԱՄԵԱԿ 

January 30, 2025
in Մշակութային
0
ՇԷՅՔՍՓԻՐԵԱՆ «ՕԹԵԼԼՕ»Ի ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐԸ  ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ (30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1888 – 5 ՅՈՒՆԻՍ 1968),  ԾՆՆԴԵԱՆ 137-ԱՄԵԱԿ 

– Նշանաւոր դերասան, բեմադրիչ, գրող, արձակագիր Վահրամ Փափազեան ծնած է 1888-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ:

– Ուսումը ստացած է նախ՝ Սէքիզ Աղաճըյի ու Մոտայի Մխիթարեան վարժարաններուն, Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանի (1905–1907), ապա՝ Միլանի գեղարուեստի ակադեմիային մէջ (1908–1911)։

– Ծննդավայր վերադառնալէն ետք Փափազեան հանդէս կու գայ նախ Պոլսոյ մէջ, ապա Աթէնքի, Ժենովայի, Սոֆիայի, Զմիւռնիոյ, Մակեդոնիոյ եւ Ալապանիոյ մէջ, յատկապէս «Օթելլօ»ի, Սանատրուկի կամ Համլէթի դերերով:

– 1920-ին Փափազեան կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան։ Հոն՝ Երեւանի նորաստեղծ պետական թատրոնին մէջ կը վերցնէ քանի մը դերեր:

– Այնուհետեւ հանդէս կու գայ Թիֆլիսի եւ Պաքուի հայկական թատրոններուն մէջ։

– 1926-1927 թուականներուն կը գլխաւորէ Թիֆլիսի Հայ թատրոնը:

– 1928-ին Փափազեանի «Օթելլօ»ի  կերպարը կ’երեւայ Մոսկուայի «Մեծ թատրոն»ին, իսկ 1932-ին՝ Փարիզի «Օտէոն»ի մէջ:

– 1932–1954 թուականներուն բնակութիւն կը հաստատէ Լենինկրատ (Սան Փեթերպուրկ), ներկայացնելով Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ն, Ճաքոմետտիի «Ոճրագործի ընտանիքը» շարք մը այլ կտորները:

– Վերջապէս, 1954 թուականին ողբերգակ արուեստագէտը կը գտնէ իր հանգրուանը Երեւան քաղաքի Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ։

– Փափազեան կատարած է նաեւ գրական գործունէութիւն, ինչպիսիք՝ «Սրտիս պարտքը», «Իմ Օթելլօ»ն, «Համլէթը ինչպէս տեսայ…», «Անահիտ», «Լիր Արքայ»: Յայտնի է անոր «Յետադարձ հայեացք» յուշագրութիւնը։

– Գլխաւոր դերեր ստանձնած է նաեւ տասնեակ մը ֆիլմերու մէջ՝ «Փոսֆորի գաղտնիքը», «Աղջկայ աշտարակի գաղտնիքը», «Ուրուականները հեռանում են լեռներից», «Սիրտն է երգում» եւ այլն:

– Արժանացած է զանազան պարգեւներու եւ մրցանակներու: Թուենք մի քանին՝ «Հայկական ԽՍՀ Ժողովրդական Արսիստ» «Վրացական ԽՍՀ Ժողովրդական Արտիստ, «Ատրպէյճանական ԽՍՀ Ժողովրդական Արտիստ, «ԽՍՀՄ Ժողովրդական Արտիստ», «Լենինի շքանշան»:

– Մահացած է 80 տարեկանին, Լենինկրատի մէջ: Թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։

– Ստեփանակերտի պետական թատրոնը կը կրէր Փափազեանի անունը։

– 1959-էն ի վեր Պէյրութի մէջ կը գործէ Հ.Բ.Ը.Մ.- Հ.Ե.Ը.-ի  «Վահրամ Փափազեան թատերախումբ»-ը։

– Վահրամ Փափազեանը կը նկատուէր 20-րդ դարու ոչ միայն Հայաստանի, այլ համայն Խորհրդային միութեան ամենափնտռուած դերասաններէն մին:

Share68Tweet43
Previous Post

ԳՐՈՂ, ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ, ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾԻՉ ԼՈՒԻԶԱ ԱՍԼԱՆԵԱՆ (ԼԱՍ), ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 80-ԱՄԵԱԿ

Next Post

«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ, «ԱՐԱՐԱՏ» ԳՐԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳՐԻ ԵՒ «ՄԱՍԻՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԼՐԱԳՐՈՂ, ԽՄԲԱԳԻՐ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ)

Next Post
«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ, «ԱՐԱՐԱՏ» ԳՐԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳՐԻ ԵՒ «ՄԱՍԻՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԼՐԱԳՐՈՂ, ԽՄԲԱԳԻՐ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ  ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ)

«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ, «ԱՐԱՐԱՏ» ԳՐԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳՐԻ ԵՒ «ՄԱՍԻՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԼՐԱԳՐՈՂ, ԽՄԲԱԳԻՐ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼ ՄՈԼՈՅԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.