Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին մէջ 5,5 տարուայ աշխատանքէ յետոյ Վահէ Գրիգորեան 9 տարիով Եւրոպական դատարանի դատաւոր ընտրուած է: Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Հայաստանի երեք թեկնածուներէն նախապատուութիւնը տուած է Գրիգորեանին:
49-ամեայ Գրիգորեան հանրութեանը յայտնի դարձաւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան օրօք, երբ որպէս փաստաբան կը պաշտպանէր ընդդիմադիրներու շահերը, նաեւ նոյն ինքն Եւրոպական դատարանին մէջ կը ներկայացնէր Մարտ 1-ի զոհերուն հարազատները, իսկ Սահմանադրսկան դատարին մէջ ալ՝ ընդդիմութեան դիմումը համապետական ընտրութիւնները անվաւեր ճանչնալու պահանջով:
Վահէ Գրիգորեան Սահմանադրական դատարանի դատաւոր ընտրուեցաւ 2019-ին՝ Փաշինեանի իշխանութեան երկրորդ տարին: