Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ  ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԻ

January 30, 2025
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ  ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԻ

 

Եւրոմիութեան երկիրներու դեսպանները Պրիւքսէլի մէջ հաւանութիւն տուած են Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան մասին որոշման, որով եւրոպացի դիտորդները պիտի մնան Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ եւս երկու տարի ՝ մինչեւ 2027 թուականի Փետրուար 19։

Եւրոմիութիւնը անփոփոխ թողած է առաքելութեան մանտաթը, որ տրուած էր երկու տարի առաջ՝ նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ եւ հակամարտութենէն տուժած շրջաններուն մէջ միջադէպերու թիւի նուազման, նուազեցնել այդ շրջաններուն մէջ ապրող բնակչութեան համար վտանգի աստիճանը եւ անով նպաստել գետնի վրայ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Դիտորդներուն կազմն ու թուաքանակը, ըստ որոշման նախագիծին, պիտի մնայ անփոփոխ՝ 165 միջազգային ու 44 հայաստանցի աշխատող:

Ըստ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան, այս որոշումը պէտք է յառաջիկային հաստատուի նաեւ ԵՄ անդամ երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու կողմէ, ինչը փաստացի պաշտօնական բնոյթ կը կրէ, քանի որ այդ երկիրներու դեսպանները արտայայտած են իրենց կառավարութիւններուն տեսակէտը՝ կողմ քուէարկելով նախագիծին:

Առաքելութեան դիտարկման գօտին, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, կը տարածուի հայ-ատրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքով, ներառեալ Նախիջեւանի հատուածը։

«Հաշուի առնելով տարածքին զգալի չափերը՝ առաքելութիւնը իր տրամադրութեան տակ եղած միջոցներով ի վիճակի չէ նկատելու սահմանին երկայնքով տեղի ունեցող որեւէ միջադէպ»,- տեղակայումէն յետոյ յայտնած էր դիտորդական առաքելութիւնը, մանրամասնելով՝ «պարեկները կը ձգտին այցելելու այն վայրեր, ուր տեղի ունեցած են միջադէպեր, այնուհետեւ զեկուցելու այդ մասին Եւրոմիութեան կեդրոնակայան՝ հիմք ընդունելով բաց աղբիւրներէ ու վստահելի ականատեսներէ ստացուած տեղեկութիւնները»։

Share63Tweet39
Previous Post

ՕՎԵՐՉՈՒՔ. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՅՍՏԱԿ ԳԻՏԷ՝ ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՆՇԱՆԱԿԷ ԵԱՏՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ»

Next Post

ՎԱՀԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ՄԻԵԴ-Ի ՆՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐ

Next Post
ՎԱՀԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ՄԻԵԴ-Ի ՆՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐ

ՎԱՀԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ՄԻԵԴ-Ի ՆՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.