Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՔՈՒԻ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՄԵՐԺԱԾ Է ՓՈՓՈԽԵԼ ԼՂ ՆԱԽԿԻՆ ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՓԱՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԸ

January 30, 2025
in Միջազգային
0
ՊԱՔՈՒԻ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՄԵՐԺԱԾ Է ՓՈՓՈԽԵԼ ԼՂ ՆԱԽԿԻՆ ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՓԱՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԸ

 

Պաքուի Ռազմական դատարանին մէջ շարունակուած է ԼՂ նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան գործով շինծու «դատավարութիւնը»:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն փոխանցմամբ՝ դատարանը մերժած է անոնց խափանման միջոց կալանքը տնային կալանքով փոխարինելու միջնորդութիւնը։

ԼՂ նախկին ղեկավարներու փաստաբաններուն մեծ մասը Պաքուի մէջ միջնորդութիւն ներկայացուցած էր անոնց խափանման միջոցը տնային կալանքով փոխարինելու վերաբերեալ։ Նման միջնորդութիւն չէր ներկայացուած միայն Արայիկ Յարութիւնեանի համար, քանի որ վերջինս առողջական վիճակի վերաբերեալ դժգոհութիւններ չէ յայտնած:

Նոյն դատարանին մէջ համաժամանակեայ ընթացող ԼՂ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին առնչուող նիստին դատարանը տուած է եւս 10 օր՝ Վարդանեանին ու պաշտպանին շինծու գործի նիւթերուն ծանօթանալու համար։ Անոր գործը կը քննուի ԼՂ նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու գործէն առանձնացուած։

Նախորդ դատական նիստին Վարդանեանի պաշտպանը միջնորդած էր անոր գործը միացնել միւս ղեկավարներու գործին եւ քննել միասին, սակայն դատարանը մերժած էր այդ միջնորդութիւնը։

2548 դրուագով հաւաքուած կեղծ եւ ակնյայտ յօրինուած ապացոյցներու հիմքով որպէս մեղադրեալներ կ’անցնին ընդհանուր առմամբ 15 անձ: Շինծու մեղադրանքներով ռազմական յանցագործութիւններու համար մեղադրուող հայերուն դատավարութիւնները մեկնարկած են Յունուար 17-էն:

Share63Tweet39
Previous Post

ՎԱՀԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ՄԻԵԴ-Ի ՆՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐ

Next Post

ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ ՄԵԾԱԾԱՒԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻՆ

Next Post
ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ ՄԵԾԱԾԱՒԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻՆ

ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ ՄԵԾԱԾԱՒԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.