Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՕՎԵՐՉՈՒՔ. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՅՍՏԱԿ ԳԻՏԷ՝ ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՆՇԱՆԱԿԷ ԵԱՏՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ»

January 30, 2025
in Հայաստան
0
ՕՎԵՐՉՈՒՔ. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՅՍՏԱԿ ԳԻՏԷ՝ ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՆՇԱՆԱԿԷ ԵԱՏՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ»

 

ԵՄ անդամակցութեան գործընթաց սկսելու Հայաստանի նախաձեռնութիւնը պիտի չքննարկուի Ուրբաթ օր Ալմաթիի մէջ կայանալիք Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։

Ի պատասխան հարցումին՝ պիտի քննարկուի՞ արդեօք ԵՄ-ին համարկուելու Հայաստանի ձգտումը, Օվերչուք ըսած է, որ օրակարգը արդէն հաստատուած է, եւ «այդ հարցերը այստեղ պիտի չբարձրացուին»։

Ան յաւելած է, որ Հայաստան ԵԱՏՄ-ի մէջ գործուն դերակատարում ունի եւ ինքզինք կառուցողական կը պահէ։

«Ինչպէս բազմիցս ըսած եմ, Հայաստանը ԵԱՏՄ-ի մէջ հիմնական օգտնուողն է: Անցեալ տարի առեւտուրը կազմած է 12 միլիառ տոլար, ինչ որ քանի մը անգամ կը գերազանցէ ԵՄ-ի հետ Հայաստանի առեւտուրի ծաւալը: Միեւնոյն ժամանակ առեւտուրը ԵԱՏՄ երկիրներու հետ կ’աճի, ԵՄ-ի հետ՝ կը նուազի, ինչ որ այլ խօսքերէն աւելի լաւ կը բնութագրէ տնտեսութեան իրական վիճակը»,- ​​ըսած է ՌԴ փոխվարչապետը։

Միաժամանակ ռուս փոխվարչապետը կրկնած է, որ Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութեան սկիզբը պիտի նշանակէ ԵԱՏՄ-էն անոր դուրս գալու սկիզբ։

«Այստեղ լուծումը ակնյայտ է. Եւրոմիութեան հետ շուկաներու բացումը պիտի նշանակէ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ շուկաներու փակում: Այլապէս պիտի տուժեն Եւրասիական տնտեսական միութեան մեր արտադրողները… Սա ակնյայտ է, ԵՄ-ի հետ ներմուծման մաքսային դրոյքաչափերու զերոյացումը ինքնաբերաբար պիտի նշանակէ վերադարձ մաքսային եւ մաքսային սակագինին ԵԱՏՄ-ի հետ… Ոչ ոք այստեղ պատրանքներ պէտք է ունենայ»,- նշած է Օվերչուք։

Ան վստահ է, որ «ատիկա բացարձակապէս ակնյայտ է ոեւէ մարդու համար, որ թէկուզ քիչ մը ծանօթ է, թէ ինչպէս կառուցուած են այս երկու միրաւորումները»։ Հայկական կողմը, ըստ ՌԴ փոխվարչապետին, միանգամայն յստակ գիտէ, թէ այդ ինչ հետեւանքներ պիտի ունենայ։

Share63Tweet39
Previous Post

ԵԽԽՎ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ԼՂ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ՄԻՒՍ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ  ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԻ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ  ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԻ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ  ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.