Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ԼՂ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ՄԻՒՍ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ

January 30, 2025
in Միջազգային
0
ԵԽԽՎ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ԼՂ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ՄԻՒՍ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ

 

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունած բանաձեւով Ատրպէյճանին կոչ ըրած է ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական պաշտօնեաները եւ միւս հայերը։ Այս մասին նշուած է ԵԽԽՎ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ։

Բանաձեւը անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի եւ շինծու մեղադրանքներով անազատութեան մէջ պահուող Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ներկայացուցիչներուն եւ այլ անձերու՝ կոչ ընելով Ատրպէյճանին ազատ արձակելու այդ մարդիկը։

«Վեհաժողովը կը շարունակէ հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի եւ բոլորի կալանաւորուած անձերու եւ ռազմագերիներու հետ կապուած իրավիճակին, որոնք ներկայիս կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ՝ վերահաստատելով անոնց ազատ արձակելու իր կոչը»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ։

Վեհաժողովը նաեւ խիստ մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու վատթարացման առնչութեամբ։ «Վեհաժողովը կը շարունակէ լրջօրէն մտահոգուած ըլլալ Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան վատթարացման, քաղաքական եւ քաղաքացիական հասարակութեան աքթիւիսթներու, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու եւ իշխանութեան այլ քննադատներու նկատմամբ բռնութիւններու առնչութեամբ»,- նշուած է բանաձեւին մէջ։

Բանաձեւը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ դադրեցնելու հետապնդումները եւ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք կալանաւորուած են քաղաքական դրդապատճառներով։

Այն իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ փոփոխութիւններ կատարելու «կուսակցութիւններու մասին» եւ «լրատուամիջոցներու մասին» օրէնքին մէջ եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն վերաբերող համապատասխան օրէնսդրութեան մէջ՝ համաձայն Վենետիկի յանձնաժողովի առաջարկութիւններուն։

Բանաձեւին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի մէջ 2024 թուականին կայացած նախագահական ընտրութիւնները չեն համապատասխանած ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջազգային չափանիշերուն եւ կայացած են խօսքի, հաւաքներու ազատութեան սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ:

 

Share63Tweet39
Previous Post

 ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ԷՆ ՏԻԳՐԱՆ ԶԷՅԹՃԵԱՆ ՎԵՐՍՏԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ

Next Post

ՕՎԵՐՉՈՒՔ. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՅՍՏԱԿ ԳԻՏԷ՝ ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՆՇԱՆԱԿԷ ԵԱՏՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ»

Next Post
ՕՎԵՐՉՈՒՔ. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՅՍՏԱԿ ԳԻՏԷ՝ ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՆՇԱՆԱԿԷ ԵԱՏՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ»

ՕՎԵՐՉՈՒՔ. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՅՍՏԱԿ ԳԻՏԷ՝ ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՆՇԱՆԱԿԷ ԵԱՏՄ-Ի ՀԵՏ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.