Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

 ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ԷՆ ՏԻԳՐԱՆ ԶԷՅԹՃԵԱՆ ՎԵՐՍՏԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ

January 30, 2025
in Մարզական
0
 ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ԷՆ ՏԻԳՐԱՆ ԶԷՅԹՃԵԱՆ ՎԵՐՍՏԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ

 

 

 

Լիբանանի ճատրակի ընտանիքը եւս ընտրեց մարզաձեւը տնօրինող ֆետերասիոնին նոր վարչութիւնը:

Ալ-Ռիատի ակումբի Պէյրութի Մանարա շրջանի կեդրոնին մէջ, Կիրակի, 26 Յունուար 2025-ի առաւօտեան ճատրակի 33 ակումբներու ներկայացուցիչներ մէկտեղուեցան եզրափակելու անցնող տարեշրջանը եւ մեկնարկելու 2025-ի գործունէութիւնը: Ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլի լիազօր ներկայացուցիչներ Տիգրան Զէյթճեանն ու Կարէն Պասմաճեանը:

 

Ժողովականները նախ գումարեցին ընդհանուր ժողով մը, որուն ընթացքին ընթերցուեցան եւ վաւերացուեցան ֆետերասիոնի անցնող տարեշրջանի աշխատանքներուն վարչական եւ նիւթական զեկոյցները, ապա երկրորդ նիստով կազմակերպուեցաւ ֆետերասիոնի նոր վարչութեան 11 անդամներուն ընտրութիւնը, որ կարելի եղաւ յաջողցնել գրեթէ ամբողջական համաձայնութեամբ եւ առանց քուէարկութեան: Ճատրակի ֆետերասիոնի նոր նախագահ դարձաւ Ռաուատ Համուտը, իսկ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Գործադիր մարմինի անդամ եւ ճատրակի ակադեմիոյ տնօրէն Տիգրան Զէյթճեան երկրորդ շրջանն ըլլալով մնաց փոխնախագահի դիրքին վրայ, պաշտօնը բաժնելով Հապիպ Խալիլի հետ: Խալէտ Պատիհ դարձաւ ատենադպիր, Իմատ Ապու Խալիլ՝ հաշուապահ եւ Ալի Ժաուիշ՝ գանձապահ:

 

Այսպիսով, պասքէթպոլի եւ թէիքուանտոյի ֆետերասիոններէն ետք, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի պատասխանատու ներկայութիւնը պահպանուեցաւ նաեւ ճատրակի ֆետերասիոնին մէջ, շնորհիւ տարուէ-տարի ընդարձակուող ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս ճատրակի ակադեմիոյ, լիբանանեան եւ տարածաշրջանային մակարդակով շարունակաբար արձանագրուած դրական արդիւնքներուն, ակումբին մէջ ճատրակի մրցաշարքերու եւ աշխատանոցներու կազմակերպումին եւ մարզաձեւի լիբանանեան կառոյցին մէջ խաղցած արդիւնաւէտ եւ կառուցողական աշխատանքին:

Շնորհաւորութիւն Տիգրան Զէյթճեանին եւ ֆետերասիոնի նոր կազմին՝ յաջողութեան անկեղծ մաղթանքներով:

 

 

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

Share75Tweet47
Previous Post

Ողջոյնի խօսք Հայկական բանակի հիմնադրութեան 33-րդ տարեդարձին  առթիւ ՓԱՌՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Next Post

ԵԽԽՎ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ԼՂ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ՄԻՒՍ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ

Next Post
ԵԽԽՎ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ԼՂ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ՄԻՒՍ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ

ԵԽԽՎ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ԼՂ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ՄԻՒՍ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.