Երեք մրցումներ կատարեցին Հ.Մ.Մ.-ի պատանեկան ֆութպոլի տարիքային խումբերը: Արդիւնքը՝ մէկ յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ մէկ պարտութիւն:
2010-ի ակադեմիան «GEN ALPHA LEAGUE»-ի ծիրէն ներս տարաւ իր հերթական յաղթանակը, այս անգամ առաւելութեան հասնելով աղիւսակը գլխաւորողին՝ FTS խումբին՝ 4 – 2 արդիւնքով: Այս յաջողութենէն ետք Հ.Մ.Մ. եւ FTS ունեցան հաւասար՝ 19 միաւոր:
2015 – 2016 տարիքային խումբի պատանիները բարեկամական մրցումով մը 2 – 2 արդիւնքով հաւասարեցան BFA խումբին հետ:
Իսկ 2008-ի տարիքայինները Super League-ի «Պիպլոս» խումբին դէմ կիսաւարտական մրցումին 0 – 2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնացին հետագայ պայքարէն: