Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄՕՏԻԿ ԱՆՑԵԱԼԸ ԿԸ ԽՕՍԻ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՍԻՆ

January 28, 2025
in Յօդուածներ
0

 

 «Արարատ»ի 1970 թուականի էջերէն քաղուած սոյն վկայութիւնը կը պատմէ 101 տարեկան վաղեմիութիւն ունեցող Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան 1924-ին Հալէպի մէջ գումարուած Շրջանային Դ. Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին Տխրունիի զեկոյցին եւ ժողովի ընթացքին անոր աշխոյժ մասնակցութեան մասին: Պատուիրակներուն հարազատ պատգամը հանդիսանալով, արձանագրութիւնները յստակօրէն կը վկայեն, թէ ինչպիսի ճարտասան, եռանդուն մտաւորական եւ դաստիարակ ղեկավար–գործիչ մը եղած է Սարգիս Տխրունի:

Յօդուածը, որուն տակ կ’երեւի «Վանիկ» ստորագրութիւնը (պատմաբան Հրանդ Գանգրունի), կը վերահրատարակենք, «որ իր յաջորդները իրեն պէս բարձր բռնած կուսակցութեան սկզբունքային դրօշը, նուիրուին եւ ծառայեն մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն»:

 

1924-ին Հալէպի մէջ գումարուած Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան Շրջանային Դ. Պատգամաւորական ժողովին մասնակցած են Սուրիոյ, Պէյրութի, Սուէտիոյ, Գարատուրանի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները, իսկ դիւանի ատենապետ եղած է տոքթ. Արամ Տէմիրճեան (մահացած՝ Գահիրէ) եւ ատենադպիր Գէորգ Պապոյեան (մահացած՝ Պէյրութ)։ Դ նիստի 7 Յուլիսի արձանագրութեան մէջ կը կարդանք.-

«Այս նիստի ընթացքին տեղս (Հալէպ) ժամանեց ընկեր Սարգիս Տխրունի որպէս Շրջանի (Սուրիա Լիբանան – Սանճագ) առժամեայ գործիչ եւ որպէս հիւր ներկայ գտնուեցաւ ժողովի սոյն նիստին»։

Զ. նիստին մէջ, Յուլիս 14-ին, Հալէպի Գործադիրի կողմէ փափաք կը յայտնուի, որպէսզի զեկուցէ իր երկամսեայ գործիչի հանգամանքով, ընկ. Ս․ Տխրունի։

Հոն կը կարդանք· «Ընկ. Ս. Տխրունի փրոփականտի գործին չափ «Սուրիական Մամուլ»ի ֆոնտին եւ բաժնեգիներու հաւաքման գործին նուիրուած է։ (Իրմէ առաջ «Ս. Մամուլի» Հնչակեան օրկանին պատասխանատու նշանակուած էր տոքթ. ընկ. Մուշեան, որ հրաժարած էր այդ պաշտօնէն): Ընկ. Ս. Տխրունիի զեկոյցէն կը պարզուի, որ Պէյրութի մասնաճիւղը անհրաժեշտ վերականգնումի աշխատանքին պէտք է լծուի, լսարանի եւ կուսակցական կանոնաւոը ժողովներու անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ։

Ի վերջոյ ընկ. Ս. Տխրունի հոն ընկերներ քով-քովի բերելու աշխատանքին կը լծուի եւ առաջին առթիւ 50 սուրիական ոսկի կը բերէ «Սուրիական Մամուլ»ի ֆոնտին։ Ապա Դամասկոսէն եւս կոկիկ գումար մը կը յաջողի թերթին ապահովել, հոն կը ձեռնարկէ «Սուրիական Մամուլ»ի բաժնեգիներու հաւաքման, հաշիւները կը կարգաւորէ եւ դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ։

«Ընկ. գործիչը Հալէպի յանձնախումբի պահանջով մասնաճիւղերու վիճակահանութեանց կը ձեռնարկէ եւ կը յաջողի։ Ան կը քննադատէ մասնաճիւղերու թուլութիւնը եւ գործող ընկերներու սակաւութենէն կը դժգոհի, կուսակցական դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան մասին կը ծանրանայ»:

«Պատգամաւորական ժողովը, գոհացուցիչ գտնելով ընկ· Սարգիս Տխրունիի գործունէութեան արդիւնքը, իր մասնաւոր շնորհակալութիւնները յայտնեց»։

Ապա յաջորդ նիստին, ընկ. Ս․ Տխրունիի ներկայութեան Շրջանային Դ. Պատդամաւորական ժողովը իր Յուլիս 16-ի նիստին մէջ, այլ որոշումներու շարքին հետեւեալ որոշումը կ’արձանագրէ Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ:

«Պատգամաւորական ժողովս, նկատի ունենալով որ Խորհրդային Հայաստանը ըլլալով Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան մօտաւոր եւ հեռաւոր նպատակներու իրականացումը, կը յատարարէ, թէ Սուրիոյ շրջանը հետեւողական իր ծրագրին, կը կանգնի ներկայ Հայաստանի կողքին, անոր տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային վերաշինութեան ազդակ ըլլալու պատրաստակամութեամբ»։

ՀՕԿ-ի մասին «Հայաստանի Օգնութեան Կեդրոնական Կոմիտէի իրաւասութեան ներքեւ նոյնանուն մասնաճիւղերու կազմութիւնը սուրիահայ գաղութին մէջ ընդունուեցաւ Հայրենիքի տնտեսական եւ մշակութային վերաշինութեան ազդակ հանդիսանալու նախանձախնդրութեամբ»:

Ժ. Նիստին, Յուլիս 18-ին, կ’որոշուի «Սուրիական Մամուլ»ը վճարովի խմբագրով հրատարակել, ապա մամուլի համար 4 հարիւր հնչիւն ոսկի պիւտճէ կը քուէարկէ: Խմբագիրը պիտի ընտրուի Շրջանի Գործադիրի կողմէ։ Ատկէ քիչ ետք արդէն ընկ. Ս․ Տխրունի թերթի խմբագիրն էր:

Ապա ԺԲ. նիստին Պատգամաւորական ժողովէն կ’ընտրուի կազմական կանոնագրի մշակման յանձնախումը՝ բաղկացած Ս. Տխրունիէ, Գէորգ Պապոյեանէ եւ Յ· Անդրէասեանէ:

Յուլիս 20-ի ԺԳ. նիստին, 1924 Յուլիսէն 1925 Յուլիսի համար կ’ընտրուի Գործադիր յանձնախումբ, որուն մէջ նաեւ ընկ․ Սարգիս Տխրունի, որ պիտի գործէր Սուրիա-Լիբանանի մէջ մինչեւ 1929-ի Յունուար ամիսը։

Որպէս ղեկավար–գործիչ, որպէս հայրենիքի շահերուն պաշտպան, որպէս «Սուրիական Մամուլ»-ի, «Նոր Սերունդ»-ի, որպէս «Սուրիական Մամուլ» տեսական–գիտական ամսաթերթի խմբագիր, ճարտասան եւ տիալեքթիք դատող եւ ընկերային, մեթոտով պատմա–քաղաքական հարցերու մէջ ճիշդ կողմնորոշուող, եւ հետեւողական մարտնչող մտաւորական եւ դաստիարակ, անիկա մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ ոչ միայն Հնչակեան շարքերուն Հայրենասիրական արեւելումին, այլ նաեւ Սուրիոյ–Լիբանանի երէց եւ միջին սերունդին, անոնց սրտին մէջ Արարատի փէշերուն վրայ ծաղկող իրաւ հայրենիքի կարօտը արծարծելով:

Այսօր, իր մահուան 41-րդ տարեդարձին առթիւ, Ս. Տխրունին պիտի ուզէր, որ իր յաջորդները իրեն պէս բարձր բռնած կուսակցութեան սկզբունքային դրօշը, նուիրուին եւ ծառայեն մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն:

 

 

 

 

 

 

Share63Tweet40
Previous Post

ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Next Post

ԱՆՑՆՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ Հ.Մ.Մ.Ի ՊԱՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Next Post
ԱՆՑՆՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ Հ.Մ.Մ.Ի ՊԱՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

ԱՆՑՆՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ Հ.Մ.Մ.Ի ՊԱՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.