Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 28, 2025
in Գաղութային
0
ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Ամէնամեայ բարի աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս  Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան վարչութիւնը պատշաճ ձեւով ոգեկոչեց հնչակեան գաղափարական աննկուն մարտիկ Սարգիս Տխրունիի յիշատակը։

Կիրակի, 26 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Նոր Հաճընի Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, պատարագեց, քարոզեց եւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօնը կատարեց արժանապատիւ Տէր Նարեկ քհնյ. Հեճինեան, ներկայութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի եւ անդամներուն, Ազգային երեսփոխան՝ տիար Կիրակոս Տօնիկեանի, ՍԴՀԿ մասնաճիւղերու եւ յարակից միութիւններու վարչական պատասխանատուներուն, տխրունիական ընկեր ընկերուհիներու եւ համակիրներու:

Արարողութենէն ետք բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Ֆըրն էլ Շըպպէքի ազգային գերեզմանատան Կուսակցութեան պանթէոնը: Հոն հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Ռըմէյլի Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան: Այնուհետեւ Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան անունով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետը՝ ընկեր Սեւակ Իզմիրլեան (ընկերոջ խօսքը կը ներկայացնենք առանձին):

Ապա, բոլորը միասնաբար երգեցին Սարգիս Տխրունիի «Պարծանք քեզի» երգը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վարդերու զետեղում եւ մոմավառութիւն: Ներկաները մոմ վառեցին անմահ Տխրունիի շիրիմին եւ ապա «Ուխտի եգ»ով վերանորոգեցին մեծ երախտաւորին սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու իրենց յանձնառութիւնը:

ԸՆԿԵՐ ՍԵՒԱԿ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ

 

Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,

Այսօր հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մեծ ուսուցիչին, առաջնորդին եւ հռետորին՝ Սարգիս Տխրունիին նահատակութեան 96-րդ տարելիցը։ Միաժամանակ, մեր յարգանքի տուրքը մատուցանելու այն բոլոր տխրունիական նահատակներուն, որոնք անսասան հաւատքով նուիրուեցան ազգին ծառայութեան եւ մեր գաղափարներու յաղթանակին։

96 տարիներ առաջ դաւադիր ոճրագործ մը փորձեց լռեցնել Սարգիս Տխրունիի յեղափոխական ձայնը։ Բայց ոճրագործը չկրցաւ ակնկալել, որ ինք պիտի յաւերժ նզովքի արժանանայ, իսկ Սարգիս Տխրունիի անունն ու գաղափարները պիտի դառնան համայն հայութեան յարգանքի առարկայ եւ ներշնչման աղբիւր։

Սարգիս Տխրունին մարդասիրութեան, արդարութեան եւ համազգային արժէքներու մարմնաւորումն էր։ Ան համարձակեցաւ ընդվզիլ ստրկութեան եւ չարիքին դէմ՝ ամուր կառչելով ազատութեան, հաւասարութեան եւ ճշմարտութեան սկզբունքներուն եւ այդ պատճառով ալ արաբ յառաջդիմական պայքարողներու հետ միասին աքսորուեցաւ սուրիական ծովափին դիմացը գտնուող Արուատ կղզի:

Աքսորի մէջ կամքը չկտրուած Տխրունին վերադարձաւ շարունակելու իր հաւատացած առաքելութիւնը, սակայն դժբախտաբար, ֆրանսական գաղութատէրին հետ գործակցող գնդակը չթոյլատրեց Տխրունիին աւելի երկար ծառայելու իր ժողովուրդին։ Բայց անոր գործը եւ հոգին դարձան յաւերժական ջահ, որ մինչեւ այսօր կը լուսաւորէ մեր սերունդները։ Անոր նահատակութիւնը ոչ միայն սուգի առիթ է, այլեւ հպարտութեան եւ ոգեշնչման աղբիւր՝ շարունակելու պայքարը ի սէր Հայրենիքի եւ գաղափարի յաղթանակի։

Տխրունիի պատգամը պարզ էր. Հայրենիքը պէտք է դասել ամէն ինչէ վեր։ Իւրաքանչիւր տխրունիական պարտաւոր է գործել յանուն հայ ժողովուրդի յառաջդիմութեան եւ միշտ բարձր պահել ազգային ու հաւաքական շահերու դրօշը։

Այսօր, որպէս Տխրունիի հոգեւոր ժառանգներ, ուխտ կը կատարենք շարունակելու անոր ճանապարհով՝ անշեղ հաւատքով, նուիրումով եւ զոհողութեամբ։ Մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին ծառայութիւնը մեզի համար անսակարկելի յանձնարարութիւն է։ Մեր սուրբ պարտականութիւնն է կերտել հայրենիքը, զայն դարձնել հզօր, անվտանգ եւ արժանապատիւ ապաստան բոլոր հայերուն համար։

Կը հաւատանք, որ հայրենիքը սիրել կը նշանակէ զոհողութիւններ կատարել, ոչ թէ միայն խօսքով, այլեւ գործով։ Պիտի պաշտպանենք մեր հողը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը՝ վառ պահելով այն յոյսը, որ մէկ օր կրնանք վերադառնալ Արարատի փէշերուն եւ շէնացնել հայ ազգի վայելքին արժանի հայրենիք։

Խունկ եւ մոմ՝ յաւէտ բաժնուած մեր բոլոր գաղափարակից ընկերներու յիշատակին։ Սարգիս Տխրունիի օրինակին հետեւելով՝ պիտի շարունակենք մեր գործը՝ խոնարհելով անցեալին, բայց միաժամանակ կառուցելով հզօր ապագայ։

Բի՜ւռ յարգանք Սարգիս Տխրունիին:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

Կեցցէ՛ Հայաստանը:

Կեցցէ՛ Հնչակեան Մայր կուսակցութիւնը:

Ապրի՛ Տխրունի ուսանողական երիտասարդական միութիւնը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share66Tweet42
Previous Post

ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՓԻՒՌՔԸ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՏԱՐ ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒ

Next Post

ՄՕՏԻԿ ԱՆՑԵԱԼԸ ԿԸ ԽՕՍԻ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՍԻՆ

Next Post

ՄՕՏԻԿ ԱՆՑԵԱԼԸ ԿԸ ԽՕՍԻ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՍԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.