Այս հարցումը ուղղեցինք մենք մեզի՝ երբ վերջերս Գահիրէի «Արեւ» շաբաթաթերթին մէջ հրատարակուած տեսանք տեղւոյն ազգ. առաջնորդարանին վիճակագրական մէկ ցուցակը, որ թուական պարզունակ բայց հետաքրքրական պատկեր մը կու տայ եգիպտահայ գաղութին այսօրուան ժողովրդագրական իրավիճակին մասին։
Իրականութեան մէջ, վերջին քանի մը տարիներուն, մենք նմանօրինակ ցուցակներու մի՛շտ ալ հանդիպեցանք «Արեւ»-ի մէջ, ամէնամեայ դրութեամբ, Գահիրէի ազգ. առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրատարակեալ, ինչ որ կը նշանակէ թէ վիճակագրական այդ ցուցակներուն հրապարակումը աւանդութիւն մըն է հոն՝ Նեղոսի ափին…։ Եւ ասիկա շա՛տ գնահատելի ու ծափահարելի աւանդութիւն մըն է, որ թերեւս ալ իր բնոյթով գրեթէ եզակի է բովանդակ սփիւռքի տարածքին։
Ի՞նչ կ՛ըսէ այդ ցուցակը։
Ուրեմն, 3 Յունուար 2025 թուականին հրապարակուած վիճակագրական այդ ցուցակը կ՛ըսէ, թէ 2024 տարուան ընթացքին Գահիրէի հայ համայնքին մէջ (ապահովաբար նկատի առնուած է լոկ Հայ Առաքելական համայնքը) տեղի ունեցած է 2 մկրտութիւն, 3 պսակադրութիւն եւ 17 թաղում։ Իսկ Աղեքսանդրիոյ մէջ՝ 6 թաղում (հոս մկրտութիւն ու պսակադրութիւն չկայ)։
Այսքա՛ն։ Կարճ ու յստակ։
Բայց այսքանն ալ արդէն, որպէս պաշտօնական տուեալներու վրայ հիմնուած վիճակագրութիւն, կը գոհացնէ մեր հետաքրքրութիւնը։
Եթէ մեր կողմէ մեկնաբանութեան մը արժանացնենք այս ցուցակը, անվարան պիտի ըսենք, թէ եգիպտահայ երբեմնի շէն ու կենսայորդ գաղութը կ՛ապրի տխո՜ւր վերջալոյս մը։ Ամբողջ տարուան մը ընթացքին 3 պսակ, 2 մկրտութիւն եւ 23 թաղում…։
Կրնա՞յ վերապրիլ այսպիսի գաղութ մը. կրնա՞յ ապագայ մը ունենալ յառաջիկայ տասը-քսան տարիներուն։ Պատկերը վհատեցուցիչ է։
*
Ահա այսպէս, մինչ կը մտածէինք եգիպտահայ մեր գաղութին փառաւոր անցեալին ու այսօրուան «կծկուած» վիճակին մասին, վիճակագրական ուրիշ ցուցակ մըն ալ եկաւ Պոլսէն, Վոսփորի ափերէն…։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը մամուլի մէջ հրատարակեց 2022, 2023 եւ 2024 իրերայաջորդ երեք տարիներու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներ, ի մասին պոլսահայոց ծոցին մէջ կատարուած մկրտութիւններու, պսակադրութիւններու եւ յուղարկաւորութիւններու։
Ուրեմն, ըստ այդ տուեալներուն, 2022-ին համայնքին մէջ կատարուած է 198 մկրտութիւն, 73 չափահասներու մկրտութիւն (ասոնք հաւանաբար գաւառէն Պոլիս եկած ու ինչ-ինչ պատճառներով մկրտութեան խորհուրդէն հեռու մնացած անհատներ են, թերեւս ալ՝ իրենց հայկական արմատներուն կամ ինքնութեան ուշ-ուշ վերադարձողներ), 132 պսակ եւ 593 թաղում։ Յաջորդ տարուան՝ 2023-ի տուեալները կու տան սա՛ պատկերը. մկրտութիւն՝ 178, չափահասներու մկրտութիւն՝ 59, պսակ՝ 101, թաղում՝ 565։ Իսկ անցնող տարուան՝ 2024-ի պատկերը հետեւեալն է. մկրտութիւն՝ 129, չափահասներու մկրտութիւն՝ 54, պսակ՝ 85, թաղում՝ 546։
Ինչպէս կը տեսնուի, ակնբախ է թաղումներու անհամեմատ բարձր թիւը՝ բաղդատմամբ պսակադրութեանց եւ մկրտութեանց, որոնք լայն չափերով եւ աստիճանաբար կը նուազին տարուէ-տարի…։ Գաղութի մը ապագան կը կերտուի միայն ու միայն նորահաստատ ընտանիքներու կազմութեամբ եւ նորածին երեխաներու ճիչերով։ Կը թուի թէ Պոլսոյ մէջ խախտած է այդ ընկերային հաւասարակշռութիւնը։ Այլ խօսքով, Պոլսոյ մեր պատմական փառաւոր գաղութը եւս կը նուաղի ու կը հիւծի կամաց-կամաց…։ Դեռ չենք հարցուփորձեր, թէ կատարուած պսակադրութեանց քանի՞ տոկոսը հայ աղջիկ մը կը միացնէ հայ երիտասարդի մը, եւ քանի՞ տոկոսը կը պարզէ խառն ամուսնութեան տխուր երեւոյթը…։
Գահիրէ եւ Պոլիս։ Երկուքն ալ միջինարեւելեան հայագաղութներ։
Արդեօք ի՞նչ է պատկերը քիչ մը անդին՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի կամ Քուէյթի մէջ։ Այս հայագաղութներու ազգային առաջնորդարանները փորձա՞ծ են կազմել ու հրատարակել վերոնշեալ ցուցակներուն նման տուեալներ։ Մենք չենք հանդիպած։ Երանի այսուհետեւ կատարե՛ն այդպիսի աշխատանք։
Երբեմն մեր ազգային մարմիններուն մօտ կայ այն թիւր համոզումը, թէ վիճակագրական տուեալները «գաղտնիք» են, զանոնք պէտք չէ հրապարակել։ Սխա՜լ մօտեցում։ Վիճակագրական տուեալները կը գծեն գաղութի մը հարազատ դիմագիծը ու կրնան դուռ բանալ առարկայական քննարկումներու, կրնան առաջնորդել մեզ ճշգրիտ ախտաճանաչումի, կրնան ինքնասրբագրումի մղել համայնքները՝ անհատապէս թէ հաւաքաբար։ Այս բոլորը, իրենց կարգին, դարմանումի, շնչաւորումի պատեհութիւններ կրնան ստեղծել «ծերացած» գաղութներուն համար։
Լսող կա՞յ, այս բաներուն կարեւորութիւն տուողներ կա՞ն։
Լ. Շ.