Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԻՏԱԿԱՆ  ԱՅԺՄԷՈՒԹԻՒՆ

January 28, 2025
in Գիտական
0
ԳԻՏԱԿԱՆ  ԱՅԺՄԷՈՒԹԻՒՆ

 

 

           

ԾԻՐ  ԿԱԹԻՆՆ ՈՒ ԱՐԵԳԱԿՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՆԱՆ

 

Երբ յոյն գիտնական Պտղոմէոս (Ptolémée) երկրորդ դարուն իր նայուածքները կ՛ուղղէր դէպի երկինք, կը դիտարկէր Աղեքսանդրիոյ  քաղաքի երկնակամարը , այս վերջինը  յար եւ նման էր այսօրուանին։ Ան արձանագրած էր 1022 աստղ իր նշանաւոր «Almageste» աշխատութեան մէջ։ Աստղագիտական այս ուսումնասիրութիւնը դարեր շարունակ ծառայեց որպէս հիմնական տեղեկութիւն։ 1543 թուականին Copernic ի հրապարակած «De revolutionibus» ցուցակը շատ տարբեր չէր անկէ։ Յետոյ հասաւ աստղագիտական դիտակը, որ Կալիլէին թոյլատրեց տեսանելի աստղերու թիւը բազմապատկել 10-ով։ Սակայն անջրպետ արձակուած աստղադիտակը շատ բան փոխեց, յեղաշրջումի ենթարկելով մինչ այդ հաւաքուած աստղագիտական ծանօթութիւնները, քանի որ անջրպետային աստղադիտակը կը յաղթահարէ մթնոլորտի ապականութիւնը, որ վարաքոյր մըն է տեսանելի դաշտին նկատմամբ։ Այսպիսով է, որ 1989 թուականին արձակուած Hipparcos անջրպետային աստղադիտակը (télescope spatial) թոյլատրեց թուարկել 120.000 աստղեր։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Hipparcos ի յաջորդող Gaia աստղադիտակին, այս վերջինին շնորհիւ տեսանելի աստղերու թիւը հասած է 1 միլիառ 800 միլիոնի։ Այսուհանդերձ աստղագիտական աշխարհը մեզ կը զգուշացնէ ըլլալ համեստ, քանի որ, ըստ մասնագէտներու, Ծիր Կաթինը կը պարունակէ 170 միլիառ աստղ․․․ Բայց եւ այնպէս Gaia աստղադիտակին շնորհիւ  մեր Ծիր Կաթին աստղահոյլը (la galaxie  Voie Lactée) երբեք այս աստիճան յստակ պատկեր չէր ցուցաբերած։ Այնտեղ, ուր Կալիլէն անցեալին միմիայն «գրեթէ ողկոյզներու ձեւով հոս ու հոն ցրուած անհամար աստղեր» կը դիտարկէր, այսօր Gaia աստղադիտակին շնորհիւ  յստակօրէն նկարագրուած է պարուրաձեւ աստղահոյլ մը երկու գլխաւոր թեւեր պարունակող, որոնցմէ կը մեկնին երկրորդական կառուցուածքներ։ Կարելի է ընկալել Ծիր Կաթինին իսկական ձեւը, սահմանները, մօտաւոր զանգուածը, ինչպէս նաեւ անոր «կեդրոնական մութ խոռոչ»ին մասնայատկութիւնները, իր անցեալի հետքերը եւլն․։ Ըստ վերջին դիտարկում եւ հաշուարկումներու, Ծիր կաթինի գլխաւոր սկաւառակին երկայնութիւնը 100000 լոյս-տարի է (1 լոյս-տարի= մօտաւորապէս 9500 միլիառ քիլոմեթր), իսկ զանգուածը` Արեւի զանգուածին մօտաւորապէս 240 միլիառ անգամը։

Պատրաստեց`

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

րաբերող պատժամիջոցները, եւ նոյնիսկ մտադրութիւն կայ վերականգնելու ներդրումային եւ դրամատնային յարաբերութիւնները Դամասկոսի հետ:

Այլ գիծի վրայ, Եւրոմիութեան անդամ պետութիւնները որոշեցին երկարաձգել Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին պատճառով Ռուսիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները: «Պիտի արգիլենք, որ Մոսկուա օգտուի նիւթական միջոցներէն, որ կը գործածէ պատերազմը ֆինանսաւորելու համար», յայտարարեց Եւրոմիութիւնը: Նշենք, որ Հունգարիա նախապէս կը մերժէր երկարաձգումի առաջարկը՝ խափանելով որոշումին հրապարակումը:

Share75Tweet47
Previous Post

ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԿԱՅ

Next Post

ՁՕՆ՝ ՆԱՀԱՏԱԿ ԸՆԿԵՐ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Next Post

ՁՕՆ՝ ՆԱՀԱՏԱԿ ԸՆԿԵՐ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.