Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը վերստին Լիբանանը որակեց պատգամ մը: Աշխարհի կաթողիկէ լրատուամիջոցներու տնօրէնները ընդունած ատեն պապը վերահաստատեց, որ Լիբանան միշտ կը գտնուի իր աղօթքներուն մէջ: «Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեամբ Լիբանանի մէջ իրավիճակը պիտի բարեկարգուի», ըսաւ կաթողիկէ քահանայապետը: