Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԱՒԷՆ ՆԵՐՔԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ

January 28, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԱՒԷՆ ՆԵՐՔԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ

 

Նախանցեալ գիշեր, մինչ լիբանանցիները կը տօնէին հարաւի բնակչութեան տունդարձը, մայրաքաղաքին, անոր հարաւային եւ հիւսիսային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցան հարիւրաւոր մոթորսիքլէթներու երթեր, որոնց մասնակիցները բարձրացուցին Հըզպալլայի եւ Ամալի դրօշներն ու արձակեցին յարանուանական լոզունգներ՝ լարուածութիւն յառաջացնելով զանազան շրջաններու բնակիչներուն հետ:

Լիբանանեան բանակը հաղորդագրութեամբ մը մեկնաբանեց կուսակցական դրօշներ պարզած մոթորսիքլէթներու երթերը, կոչ ուղղելով դրսեւորելու ազգային պատասխանատու ոգի եւ պահպանելու համագոյակցութիւնը՝ զերծ մնալով ներքին կայունութիւնը վտանգող նման արարքներէ: Բանակը հաստատեց, որ ձերբակալած է շարք մը օրինախախտներ ու կը հետապնդէ մնացեալները:

Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարաւի բնակչութեան տունդարձը համարեց հերոսութիւն, սակայն ահազանգեց, թէ նախանցեալ գիշեր Պէյրութի եւ այլ շրջաններու փողոցներուն վրայ կատարուած ոտնձգութիւնները կործանած էին տունդարձի ժամերուն ընկերակցած համերաշխութիւնը: Ան նշեց, որ նման անտեղի արարքները կը ծառայեն Լիբանանի պառակտումը փափաքողներու ծրագրերուն: Իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա գործող կառավարութիւնը պատասխանատու համարեց կատարուած ոտնձգութիւններուն համար ու դիտել տուաւ, որ դիմադրութեան ուժերը իրենց արարքներով վերստին ապացուցած են, թէ որեւէ կարեւորութիւն չեն տար մարդկային կեանքին: «Իրենց նորագոյն արարքներով անոնք կը փորձեն քօղարկել ծանր հետեւանքներ ունեցած իրենց հրահրած պատերազմը»: Փաղանգաւոր կուսակցութեան առաջնորդ Սամի Ժմայէլ ցաւ յայտնեց, որ հարաւային տունդարձին վերաբերեալ իրենց դրական յայտարարութիւններուն հակադարձուած է Պէյրութի մէջ գիշերային ոտնձգութիւններով:

Share63Tweet39
Previous Post

ՄԻՔԱԹԻ. «ՃՆՇԵԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՐԱՅ ՈՐ ԳՈՐԾԱԴՐԷ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ»

Next Post

ՊԱՊ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿԸ ՊԻՏԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԻ»

Next Post
ՊԱՊ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿԸ ՊԻՏԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԻ»

ՊԱՊ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿԸ ՊԻՏԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԻ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.