Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄԻՆ ԳԻՆԸ՝ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԶՈՀԵՐ

January 28, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄԻՆ ԳԻՆԸ՝ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԶՈՀԵՐ

 

Երկամսեայ պատերազմը դադրեցուցած զինադադարի համաձայնութեան կարեւորագոյն կէտը կը վերաբերի հարաւի բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան ուժերու նահանջին եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն տունդարձին՝ Կիրակի, 26 Յունուարի պայմանաժամով: Այսուհանդերձ, իսրայէլեան բռնագրաւող ուժերուն մեծամասնութիւնը նախանցեալ օր տակաւին կը մնար լիբանանեան հողի վրայ: Ուստի, լիբանանցի քաղաքացիները լիբանանեան բանակին վերահսկողութեամբ նախանցեալ օր սկսան եւ երէկ շարունակեցին մուտք գործել հարաւի իրենց բնակավայրերը, այնտեղ իսրայէլեան ուժերու ներկայութեամբ հանդերձ: Ամէնէն դժուարը եղաւ Մարուահին եւ Պուսթէն գիւղերուն մուտքը, ուստի քաղաքացիները ստիպուեցան բանակին ընկերակցութեամբ հետիոտն հատել գիւղ առաջնորդող ճամբուն վերջին հատուածը:

Հարաւի բնակչութեան մեծամասնութեան տունդարձին իսրայէլացի զինուորները հետեւեցան կրակոցներով եւ յաւելեալ պայթումներ իրականացնելով: Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, թէ վերջին ժամերուն ինկած է երկու զոհ եւ 17 վիրաւոր՝ ներառեալ երեխայ մը եւ սկաուտ մը: Իսկ նախանցեալ օր, հարաւի տունդարձի ճամբուն վրայ զոհուեցաւ առնուազն 22 հոգի ու վիրաւորուեան քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ: Զոհերու շարքին էր լիբանանեան բանակի զինուոր մը: Անցնող երկու օրերուն մեծագոյն պայթումները որոտացին Քֆարքիլայի մէջ, մինչ մերձակայ Տէյր Միմէսի ճամբուն վրայ յայտնաբերուեցաւ հինգ զոհի մարմին: Իսկ Քաֆրայի մէջ, իսրայէլեան ուժեր կրակ բացին փրկարարներու ուղղութեամբ, որոնք կը փորձէին տարհանել երկու զոհի մարմին: Իսրայէլեան բանակը հեռաձայնած է հարաւային Արնունի քաղաքապետին, խորհուրդ տալով արգիլել քաղաքացիներուն վերադարձը՝ մինչեւ զինադադարի նոր պայմանաժամը:

 

Լարուածութեան սրումի լոյսին տակ, զինադադարի գործադրութեան հետեւող յանձնախումբը միջնորդեց եւ կատարեց մարաթոնային բանակցութիւններ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն հետ: Շուտով ամերիկեան Սպիտակ տունէն յայտարարուեցաւ, որ զինադադարը երկարաձգուած է մինչեւ 18 Փետրուար եւ իսրայէլացիները պէտք է մինչեւ այդ թուականը դուրս գան Լիբանանէն, եւ լիբանանեան բանակը պէտք է տեղակայուի հարաւի մէջ՝ Հըզպալլայի դէպի Լիթանի գետ նահանջին զուգահեռ: Նոր համաձայնութիւնը նաեւ կը պահանջէ մինչեւ զինադադարի աւարտը ազատ արձակել պատերազմին գերեվարուած լիբանանցիները: Զինադադարի երկարաձգումէն կարճ ժամանակ ետք, «Ֆրանս փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ երկամսեայ պատերազմին ընթացքին գերի ինկած է Հըզպալլայի եօթը անդամ, որոնց մեծամասնութեան մասին օրին չէր յայտարարուած: Երէկ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ իսրայէլացիները սահմանամերձ Ուազանի գիւղէն առեւանգած են լիբանանցի մը:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրուհի յայտնեց, որ զինուորական ուժերը աստիճանաբար քաշուած են լիբանանեան բռնագրաւեալ գիւղերէն, լիբանանեան բանակին հնարաւորութիւն տալով ամրապնդել իր տեղակայումը սահմանային գօտիին վրայ: Իսկ ամերիկացի նորանշանակ պատուիրակը յայտնեց, որ համաձայնութեան կարելի եղած է յանգիլ բանակցութեամբ՝ յաղթահարելով բարդութիւնները:

Share62Tweet39
Previous Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՓԱ՛ՌՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԲՈԼՈՐ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՈՒՆ (ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ. «ՃՆՇԵԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՐԱՅ ՈՐ ԳՈՐԾԱԴՐԷ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ»

Next Post
ՄԻՔԱԹԻ. «ՃՆՇԵԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՐԱՅ ՈՐ ԳՈՐԾԱԴՐԷ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ»

ՄԻՔԱԹԻ. «ՃՆՇԵԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՐԱՅ ՈՐ ԳՈՐԾԱԴՐԷ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.