Ամուր պետականութեան մը չորս հիմնասիւներն են՝ կրթութիւն, տնտեսութիւն, հոգեմտաւոր մշակոյթ ու բանակ: Իւրաքանչիւրն իր անփոխարինելի դերն ու տեղն ունի ազգակերտման եւ պետականակերտման առաքելութեան ճանապարհին: Եթէ մէկ օղակը թոյլ է, կը տուժեն միւսներն ալ, եւ որպէս հետեւանք՝ ինքնաբերաբար կը սասանի պետականութեան վերնաշէնքը:
Ընդհանուր առմամբ, բանակի, զինուած ուժերու կամ ռազմարուեստի ոլորտը կը վերագրուի վայրագութեան, նախայարձակումի, զաւթումի եւ կամ բրտութեան խրտչեցուցիչ երեւոյթներուն: Սա թիւրըմբռում է անշուշտ. մարդկանց միտքերը պղտորելու անյաջող հնարամտութիւն:
Դեռ եւս պատմութեան այգաբացին, աշխարհի կարգ ու կանոնի հիմնական սկզբունքներէն մին հանդիսացաւ «անտառի օրէնք»ը, այսինքն՝ ուժով տիրանալու, իշխելու եւ պարտադրելու կանոնակարգը: Խաղաղասիրական բարեմաղթանքները շատ յաճախ բախեցան անտարբերութեան խուլ ականջներու: Մինչ խաղաղութեան աղաւնիին հաւատացողներ կը ներբողէին սիրոյ եւ համերաշխութեան բարեմասնութիւնները, քարոզներ կը բաշխէին բարի խօսքերով համեմուած, անդին՝ ուժին կառչած կայսրութիւններ, տիրակալներ եւ զօրավարներ մահ ու աւեր կը սփռէին ամէնուր: Ուստի՝ խաղաղութեան աղաւնիին վերագրուեցաւ թուլութեան եւ վախուորածութեան հոգեվիճակը, իսկ՝ ռազմատենչ եւ զաւթիչ ուժին՝ արծիւի կամ բազէի կերպարով՝ հզօրի եւ անվախի հպարտառիթ պատիւը:
Հայոց պատմութեան մի քանի հազարամեայ էջերուն մէջ այս երեւոյթը կարմիր թելի նման կ’անցնի անբաժանելիօրէն: Ռազմական, մշակութային, հոգեւոր ու բարոյական մաքառումները եղան մնայուն ներկայութիւն հայութեան կեանքին մէջ՝ նկատի առնելով հարեւաններու հետ տեւական գօտեմարտերը, արտաքին ոսոխներու դէմ կատաղի գուպարները, կայսերական զօրքերու դէմ անհաւասար ոգորումները, թշնամի կողմերու անյագուրդ ցանկութիւնները, երբեմն ալ՝ Արեւմուտքէն եկած գառնուկի մորթիներով ծպտուած գայլերու հրապուրիչ քարոզները՝ կրօնական շղարշով ծածկուած: Ուրեմն հայուն ճակատին վրայ դաջուած էր անսրբելի կնիք մը՝ վար չդնե՛լ թուրն ու զրահը, մի՛շտ յեսանել սուրն ու վաղակը, յաճախ իւղոտե՛լ մօսինն ու մաուզէրը, պահեստի մէջ ունենալ վառօդն ու պարկուճը, քանզի «անտառի օրէնք»ը կայ ու կը մնայ տիրականօրէն:
Հայաստանի տարածքէն ինչպիսի՜ զարմանազան փոթորիկներ եկան ու անցան: Հայոց երկնակամարը ինչպիսի՜ բազմադէմ կայծակներու նշաւակ դարձաւ: Օր մը Ասորեստանն էր, օր մը հոներ կամ սկիւթներ էին, ապա՝ պարսիկներ՝ Աքեմենեան կամ Սասանեան, մակեդոնացիք եւ ապա յոյներ ու Հռոմ՝ իրենց կուռ լեգէոններով: Աւելի քան հազարամեայ կայսրութիւն Բիւզանդիան էր՝ Արաբական կայսրութեան որպէս անզիջող ախոյեան՝ ու մէջտեղը հայն ու Հայաստանը: Միջին Ասիայէն խուժող խաժամուժը՝ քոչուորներու բազմութեամբ՝ սելճուքներ, մոնկոլներ, թաթարներ, թուրքեր ու թիւրքմէններ չխնայեցին ոչինչ իրենց կրնկակոխ արշաւանքներու ընթացքին: Խաչակիրներու, Բիւզանդիոյ եւ մեմլուքներու խարդաւանքները եղան անպակաս մեր շուրջ: Եւ աւելի ուշ՝ Օսմանեան բռնատիրութեան, Շահական Պարսկաստանի եւ Ցարական կայսրութեան միջեւ հակամարտութեան ասպարէզ մը եղաւ մեր հայրենիքը, որ հեծեց, տքաց, հառաչեց եւ ստէպ պոռթկաց՝ մարդկօրէ՛ն եւ արդարօրէ՛ն:
Աջէն ու ահեակէն փչող այս մրրիկներուն դիմաց անհրաժեշտօրէն կարիքը կար հայկական զինուած ուժերու: Եւ սա բնական էր: Պետութեան մը հիմնատարրերէն մին հանդիսանալով բանակը, հայկական թագաւորութիւններ եւ իշխանութիւններ ունեցան իրենց ռազմական միաւորները՝ որոնք տարբեր փուլերու հերոսաբար ճակատեցան տարատեսակ ուժերու դէմ: Դեռ պատմութեան խոր անցեալէն, հայկական զօրամիաւորումներ կատարեցին իրենց պարտքն ու պարտականութիւնը: Ի՜նչ հեռատես իմաստութեամբ մեր պատմահայրն ու քերթողահայրը՝ Մովսէս Խորենացի դարերու համար պատգամ մը բանաձեւեց մեր ժողովուրդին՝ «սահման քաջաց, զէնն իւրեանց»: Երեւի իմաստուն նահապետը մեր կանխագուշակած էր, որ հայրենի հողը պիտի պաշտպանուի եւ Հայաստանի սահմանները պիտի գծուին հայոց մարտիկներու սուիններուն միջոցաւ: Երբ թուլանայ զէնքը՝ խոցելի կը դառնան հայրենական սահմանները: Իր հերթին, Վարդանանց պատերազմին վաւերագրողը՝ Եղիշէ պատմիչ, հայրենիքի պաշտպանութեան ճանապարհին անվեհերութեան եւ խիզախութեան համարժէք համարեց նահատակութեան վեհ ոգին, այսպէս բնութագրելով՝ «մահ իմացեալ անմահութիւն է, մահ ոչ իմացեալ մահ է»:
Մեր արիւնալի բախումներուն առիւծի բաժինը կը պատկանի Օսմանեան կայսրութեան դէմ ազգային ազատագրական կատաղի պայքարին: Չունէինք կանոնաւոր բանակ: Բացառուած էր նման բան՝ երբ ստրկացած էինք օսմանեան ժանտ շղթաներով: Թուրք ասկէրէն աւելի՝ քիւրտ հրոսակներ աւեր ու աւար կը սփռէին ամենայն սանձարձակութեամբ: Հայուն պայքարի արդար զէնքը բարձրացաւ թուրքին եւ քիւրտին դէմ միաժամանակ: Ապստամբական խլրտումներ, զինեալ ընդհարումներ, անհաւասար մարտեր արձանագրուեցան բազում վայրերու մէջ: Հայդուկային այդ խումբերը, ֆետայական շարժումն ու ապստամբական փորձերը մարտական ոգիի դրսեւորումներ էին՝ բանակային կարգապահութեամբ եւ ոգիով: Ահա 1862-ի Զէյթունի ապստամբութեան ընթացքին ինկած պատանի քաջորդիի մը նահատակութեան առթիւ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան կը գրէ՝ «Վասն հայրենեաց մեռար՝ դու շատ ապրեցար»: Իսկ հնչակեան մեծահամբաւ ղեկավար Փարամազ կախաղաններու վրայ նահատակուողներուն ակնարկելով կ’ընդգծէ՝ «Հոն՝ ուր կախաղաններն են ճօճւում՝ ազատութիւնն է ման գալիս, հոն՝ ուր մեռելներն են ննջում՝ յարութիւնն է մօտալուտ», այսինքն՝ ազատութեան ի խնդիր պայքարը՝ նահատակներով կը նուիրագործուի:
28 Յունուար 1992-ին պաշտօնապէս հիմնուեցաւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան բանակը: Ան անցաւ արեան մկրտութեան դաժան բովէն: Արցախեան պատերազմի քուրային մէջ թրծուած բանակը հերոսական ուղի անցաւ ազատագրելով Արցախն ու յարակից տարածքները: Փայլուն ու յաղթական մարտական ճանապարհ կոթողեց նորափթիթ հայոց բանակը: Ինչքա՜ն հերոսական զաւակներ յաւիտենապէս փարեցան հողին՝ զայն գրկած՝ իյնալով առ յաւէտ:
Արցախեան փառապանծ յաղթանակը հայոց պատմական ռազմուժին վերազարթնումին ապացոյցն էր անտարակոյս: Պատմութեան ահեղագոչ արձագանգը արդարեւ: Արդար զայրոյթի մը նորագոյն արտայայտութիւնը: Այն աւանդոյթին՝ երբ մարտիկներ, անձնուիրաբար, իրենց մէջքերուն սուր կախած՝ կ’երթային մոլեգին պատերազմի եւ որոնց համար բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան կը գրէր՝
Արշալոյսին կառքն արդէն կը պասէ մեր դըրան քով.
Պէտք է մեկնի՜լ: Սակայն հոն խառնուրդին մէջ հարուածի
Չըմոռնաս որ Սուրիդ վրայ իմ ոսկեղէն հերիւնով
Ես «Կեանք կա՛մ Մահ» գըրեցի:
Ցաւօք, վերջին պատերազմը վիրաւոր թողուց մեր մօտիկ անցեալի փառահեղ պատմութիւնը: Հազարներ ինկան յանուն հողին: Սակայն, այսօր, վէրքերը բուժելու եւ վերանորոգուելու օրն է եւ ոչ լացի ու կոծի: Նաեւ՝ ոչ ալ քննադատութեան եւ խծբծանքի: Պարտինք ուղղել մեր մէջքը եւ զուսպ ու խոհեմ քայլերով մեր աչքերը սեւեռենք պայծառ հորիզոնին:
Փա՛ռք հայրենիքի պաշտպան հայոց անսասան բանակին:
Խունկ ու յարգանք այն հազարաւոր նահատակներուն, որոնք երեւի իրենց վերջին բառերը շշնջալով արտասանեցին՝ «Թէ մեռնեմ էլ չեմ ափսոսար, հողդ գրկած փառք է ինծի»…
Փա՛ռք հայրենի հողը յաւերժօրէն գրկածներուն: