«Արհեստ ունեցողը մինչեւ կէսօր սոված է,
չունեցողը՝ մինչեւ իրիկուն»։
Արհեստ կը նշանակէ պարզ գործիքներու միջոցաւ մանր ապրանքներու արտատադրութիւն։
Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին միշտ ալ եղած է աշխատասէր ու շինարար։ Ահա թէ ինչ կարծր մետաղներուն ու քարին, կաւին ու բուրդին ձեւ տալովստեղծած է գեղեցիկ ու օգտակար իրեր։
Արհեստներու ցանկ.
- Շերամապահութիւն ⦁ Դարբնութիւն
- Մետաղագործութիւն ⦁ Ոսկերչութիւն-արծաթագործութիւն
- Զինագործութիւն ⦁ Գորգագործութիւն
- Մագաղաթի մշակում ⦁ Հիւսնութիւն
- Կօշկակարութիւն ⦁ Մանածագործութիւն
- Բրուտագործութիւն ⦁ Ծաղկավաճառութիւն
- Գինեգործութիւն ⦁ Ասեղնագործութիւն
- Փայտագործութիւն
ԳՈՐԳԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Աւելի քան եօթը դար առաջ իտալացի ճանապարհորդ Մարքօ Փոլօ իր ուղեգրութեան մէջ յիշած է հայերու մասին, որոնք «կը հիւսէին աշխարհի ամենագեղեցիկ գորգերը։
Արաբ ճանապարհորդներ եւս հիացումով գոված են հայկական բարձրարժէք գորգերը։ 13-րդ դարէն սկսեալ եւրոպացի նկարիչներու պաստառներուն վրայ կը հանդիպինք հայկական գորգերու պատկերներու։
Հայկական գորգերը նշանաւոր են իրենց սքանչելի գոյներուն շնորհիւ, որոնք ստեղծուած են ծառերու կեղեւներէն եւ տերեւներէն, բոյսերու արմատներէն ու ծաղիկներէն։
Իսկ ամէնէն արժէքաւոր ներկը որդան կարմիրն էր, որ կը կոչուէր արքայական
ծիրանի եւ կ’արտահանուէր նոյն անունը կրող որդէ մը։ Հայաստան գորգի ու կապերտի (գորգի տեսակ) ստեղծման կեդրոններէն մին
ըլլալով, կապերտ բառը հայերէնէն անցած է լատիներէնի ու եւրոպական շատ մը լեզուներու (carpet):
ԿԱՇԵԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Հայերը նշանաւոր եղած են նաեւ կաշիի արտադրութեամբ. կօշկակարութեամբ, մետաքսագործութեամբ, բամպակագործութեամբ ու կտորի ներկարարութեամբ։
ԿԱՒԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Հնագոյն շրջաններէն մեզի հասած այս արհեստը կը կիրարկէին մեր հին բրուտները, երբ կաւով արտադրուած ամաններն ու անօթները կը զարդարէին երկրաչափական, կենդանական ու բուսական պատկերերով։ Անոնք նաեւ կ’արտադրէին կղմինտր ու շինարարական աղիւս։
ԱՊԱԿԵԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
(յախճապակի)
Յախճապակիի արտադրութիւնը զարգացած էր 9-րդ-11-րդ դարերէն սկսեալ։
Անիի եւ Դուինի մէջ հայ վարպետները կրցած են պատրաստել կիսաթափանցիկ յախճապակի (քրիստթալ)։
ՔԱՐԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի բերդերը, վանքերը, շէնքերը, կամուրջներն ու պալատները շինուած են քարով։ Հայ շինարարները կիրով ու քարով կը պատրաստէին նաեւ յատուկ զարդեր, որոնցմով կը նախշազարդէին շքեղ շէնքերու ներսի բաժինները։
Հայաստանի մէջ վարպետներ, մեծ ճարտարապետութեամբ քարերու վրայ փորագրելով, կը ստեղծեն նաեւ հիանալի խաչքարեր։
ՄԵՏԱՂԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Հին եւ միջնադարեան ժամանակներէն Հայաստանի մէջ մետաղագործները, երկաթը, պղինձն ու կապարը հալեցնելով պատրաստած են տան անհրաժեշտ առարկաներ, ինչպէս՝ կաթսաներ, ճրագներ, երկաթագործութեան գործիքներ, ինչպէս՝ խոփ ու արօր, նաեւ պատերազմելու ու պաշտպանուելու անհրաժեշտ սուրեր եւ աղեղներ։