ՀՈՂԷՆ ԿԸ ՓԱԽՉԻ՝ ՀՈՂԻՆ ԿԱՐՕՏՈՎ
Գետնասահքի ենթարկուած գետին էր. սահեր-շարժեր, սահեր-շարժեր էր, ինչպէս մաղէ անցած կալի ցորենը. հողը իջեր էր ընդերք կամ մաշեր գացեր, գետինը` դարձեր էր քարաստան-խճաստան։
Ու Հաննա ամմօն առտուընէ մինչեւ իրիկուն, ծունկի եկած, խիճերը ափ-ափ, հատ-հատ կը լեցնէր զամբիւղին մէջ, կը տանէր կը թափէր վարի անկիւնը, այնքան որ եգիպտական բուրգ մը բարձրացեր էր հոն: «Ի՞նչ կ՚ընես» հարցնող չէր ըլլար, որովհետեւ միայն ինք չէր, կողքին՝ եղբայրն ալ եւ շատ ուրիշներ նոյն բանը կ՚ընէին. քարէն հող կը մաղէին, արտ կը բանային:
Ետին բացուած գետնին մէջ ալ հող չէր երեւեր, ճերմակին տուող մանրիկ խիճերով ծածկուած արտ էր։ Որքան ալ պեղէր՝ նոյնը պիտի ըլլար:
Ի՞նչ ընէր, ասիկա էր իր հողը, իսկ հողին պիտի նայիս, որ հողը քեզի նայի:
Հաննա ամմոյենց տոհմին կալուածները մնացած էին նորանշանակ սահմանէն անդին: Այծերու հօտն ալ քառորդի իջեր էր: Հիմա, այս քանի տարի է, այս խաղցածներուն մէջ նոր գետին կը բանար:
Վարի թաղի Գէորգ աղբարը կեցաւ պատին վրայ, բարեւեց:
– Իջի՛ր, – ըսաւ Հաննան, – մուխի ատենը եղաւ:
Նստան, Հաննա մուխը փաթթեց, վառեց. Գէորգը ծխող չէր:
Գէորգ աղբար տեղեակ էր, որ Հաննայի մեծ տղան Լիբանան կը գաղթէ: Քանի մը գլուխ այծերով ընտանիք չի կրնար պահել, ահա, կառավարութիւնն ալ, անտառը պահպանելու պատրուակով, այծերը կ’արգիլէ։ Քանի մը պատառ հողէն ի՞նչ կ’ելլէ…: Իր ալ պարագան տարբեր չէ. տղան սիրած աղջիկը փախցուց տուն բերաւ. տղուն ինչի՞ն աղջիկ տային…: Հիմա ան որքա՞ն կը դիմանայ այս անտէր գիւղին մէջ…
– Տղաս կ՚ուզէր խնձորենի տնկել,– ըսաւ Հաննա, – բայց ծառ տնկողը ծառի չափ համբերութիւն պիտի ունենայ…։ Չէր կրնար: Պիքֆայայի Հայոց վանքը պարտիզպանի պէտք ունի եղեր, տուն-տեղ ալ կու տան, կ’աշխատի կը մնայ…
– Հա, կը պոռչտան գիւղը պահելու մասին,– հեգնեց Գէորգ աղբար,– կաթողիկոս, կուսակցութիւն եւ միւսերը լաւ կ’ընէին, եթէ մեր` պարոններուն ականջին փսփսային, որ հողերու բաժանումի ատեն արդար ըլլային, հողազուրկին հող շնորհէին եւ ոչ թէ անհող ձգած՝ քաշէին տանէին իրենց կողմերը, մէկը իբրեւ վանքի մշակ, միւսը իբրեւ սուրիացի աժան բանուոր, մէկը իբրեւ ջոջի մը սպասուհի թէ սպասաւոր, միւսը իբրեւ իր ակումբին հայրիկ ու մայրիկ…
Գէորգին ըսածը ամէն մարդ գիտէր:
1946-ի հայրենադարձութեան շատեր մեկնեցան՝ իրենց ունեցած տուն ու կալուածները ծախելով տեղացիներուն՝ արաբին, քիւրտին, թուրքմէնին: Տարի մը ետք հայրենադարձութեան աւետիսը հասաւ Քեսապ: Ինչպէս ամէն տեղ՝ հոն եւս վազեցին թուրքմէնները: Քեսապցիք, մեկնողներ թէ մնացողներ, երբեք չէին ուզեր, որ իրենց շրջանը դիմագիծ փոխէ: Դարերով հայկական մնացած Քեսապը ուզեցին որ շարունակէ պահել իր անխառն դիմագիծը։ Երեւելիներէն կազմուեցաւ երկու յանձնախումբ՝ մեկնողներէ բաղկացած Ծախող յանձնախումբ, մնացողներէ կազմուած Գնող յանձնախումբ: Հողերը գնահատուեցան ամէնէն ցած, աննշան գիներով՝ մէ՛կ պայմանով, որ Գնող յանձնախումբը այդ հողերը առանց շահոյթի պիտի տրամադրէ իսկապէս հողի կարիք ունեցող մնացողներուն:
Հայրենադարձները Հայրենիք հասան գրեթէ պարապ ձեռքերով:
Ասկէ ետք կը սկսի բուն պատմութիւնը՝ հողերու բաշխումը:
Գիւղացիները նկատեցին, որ հողերու բաժանումը արդար չ՚ընթանար: Պարոնները յափշտակեր էին շրջանի լաւագոյն հողերը։ Հասեր տիրացեր էին մինչեւ թաղի բակերուն՝ հաւնոցի տեղ անգամ չձգելով գիւղացիին։
– Ունեցողին աչքը ծակ կ’ըլլայ, որքան ունի՝ աւելին ունենալ կ’ուզէ, – ըսաւ Գէորգ, – պարոնները հողերը բաժնուեցան, մեզի ձգեցին այս խաղցածները, լեռան ծերպերն
ու քարաստանները…:
Արտագնայ աշխատանքի մեկնողները Պաղեստինէն, Լիբանանէն, Յորդանանէն, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն երբ հասան Գնող յանձնախումբի դռան՝ արդէն հող չէր
մնացած:
– Չէինք կրնար սպասել, վարկ վերցուցած էինք Ազգային առաջնորդարանէն ու Սուրիահայ օգնութեան խաչէն,– արդարացան պատասխանատուները:
Շատեր ցաւով վերցուցին իրենց ընտանիքները վերջնականապէս կռնակ դարձուցին Քեսապին:
– Մեր քով ամէն լաւ սկիզբ գէշ կը վերջանայ,– աւելցուց Հաննա:
Հողատէրերը կ’ուզէին, որ գիւղացիք իրենց արտերուն մէջ աշխատէին մարապայի կարգավիճակով, մարդ չկա՞յ, կը բերէին թաթն ու թուրքմէնը, հանդերձ ընտանեօք կը նստեցնէին իրենց կալուածներուն վրայ։ Շատեր ալ գետինները ձգեր էին այդպէս խոպան, թփուտները խեղդեր էին արտերը, ծածկեր էին արահետները։
– Տե՛ս, տե՛ս, – կ’ըսէր Գէորգ աղբար՝ ցոյց տալով վարի թաղերը,– ինչ հարթութիւն կը տեսնես՝ անոնց կը պատկանի, իսկ իրենք, իրենց սերունդները օր մը Պէյրութ են, օր մը Ամերիկա…: Մէկը զաւակը ղրկեր էր տոքթոր ըլլալու մաղթանքով, միւսը՝ ինժիներ, միւսը՝ դեղագործ…։ «Եղբա՛յր,– կ՚ըսես, – տունս հեղեղի բերան մնաց, կտոր մը հող ծախէ՝ տուն շինեմ»: Չի տար, «Հող է, մնացեր է՝ թող մնայ, ի՞նչ կ՚ըլլայ հողին» կ’ըսէ…
Օր պիտի գար, օր անցնէր՝ պետական օրէնք պիտի ելլէր, որ հողը ատոր վրայ աշխատող մշակին է, իսկ խոպան մնացած արտը՝ պետական գոյք։ Թաթն ու թուրքմէնը դարձան տեղացի։
Իսկ երիտասարդները գիտէին, որ ա՛լ իմաստ չունի հինը․ արտերը նուազելուն հետ՝ ջաղացքները լռեցին, մեկնողներուն հետ՝ դպրոցները սմքեցան, արօտավայրերուն կրճատուելուն հետ՝ հօտերը պզտիկցան։
Անոնք հողէն կը փախչէին՝ հողին կարօտով։
(«Փլող դպրոցները» գրքոյկէն)
ԽԱՂԻԿՆԵՐ
* Կէ՛րմէր ֆըստան հէ՛գօըծ էր,
Կիղցէն բօյը գէ՛ձօըծ էր,
Չօըցըր աղուր վիլլօըծ էր,
Պըր նըշէ՛նվէմ է՛սօըծ էր։
(Կարմիր հագուստ հագած էր,
Եկեղեցիին բակը գացած էր,
Ինչպէս աղուոր վայելած էր,
Պիտի նշանուիմ՝ ըսած էր):
* Ի՛շկէն է՛նօնըդ Մարա,
Գընու փոտի դօն գարա,
Ակար խիլուօք թի կը կինօըս,
Հօըրս կ’ըննօըս դօն իս տարա:
(Աղջիկ անունդ Մարի,
Գնա փոտէ դուն գարի,
Եթէ խելօք կենաս
Հարս կ’ըլլաս դուն այս տարի):
* Ի՛շկէն է՛նօնըդ Իղսու,
Զըսքի ձիր ե’իգգէն տիսու,
Գընու է՛սօ քու մօըրը
Իս պըր ըննում ձի փիսու։
(Աղջիկ անունդ Եղսա,
Քեզ ձեր այգիին մէջ տեսայ,
Գնա ըսէ քու մօրը,
Ես պիտի ըլլամ ձեզի փեսայ):
* Ի՛շկէն է՛նօնըդ Շուշան,
Դաստըրօյըս քի նիշան,
Ուօր մը ե’առանճ է՛րկ օըռ զէս,
Մ՚ինի զէս փէրուշան։
(Աղջիկ անունդ Շուշան,
Թաշկինակս քեզի նշան,
Օր մը առաջ եկուր առ զիս,
Մի ըներ զիս խեղճ)։
* Ի՛շկէն է՛նօնըդ Դաշխի,
Կիղցէն կ’ուրթուն Կիրէ՛կի,
Թաղունց թօըղ տա իկօըծ ինք,
Չըվա՞ չէ՛սիս «բէ՛րէյկի»։
(Աղջիկ անունդ Դաշխի,
Եկեղեցի կ’երթան Կիրակի,
Թաղէ-թաղ եկած ենք,
Ինչո՞ւ չես ըսեր «բարի եկար»):
* Պաղչինէն կ’ըննու նաղ՛նա,
Քուշկօըրը կը կէ՛րի իմանա,
Վարունց–վիրունց պըր ծախիմ,
Պըր ըննում ձի խընամա։
(Պարտէզները կ’ըլլայ անանուխ,
Կօշկակարը կը կարէ կօշիկ,
Վարէն-վերէն պիտի ծախեմ,
Պիտի ըլլամ ձեզի խնամի)։
* Պաղչինէն ամակ կ’ուզին,
Ծառիրը տիրակ կ’ուզին,
Մուօր մինիէն զէ՛տվուօղ քինթիրը
Տըսնըվըրկը նասղա՛թ կ’ուզին։
(Պարտէզները ջանք կ’ուզեն,
Ծառերը յենակ կ’ուզեն,
Մօրմէն զատուող աղջիկները,
Տասներկու պատուէր կ’ուզեն):
(«Քեսապի ժողովրդական Երգարուեստը» գիրքէն)