Քաղաքականութիւնը ժողովուրդներու կեանքը կազմակերպելու արուեստն է, որ տեսականօրէն նպատակ ունի ապահովել երկրի քաղաքացիներուն լաւագոյն ընկերային-տնտեսական չափանիշն ու մակարդակը, անվտանգութիւնը՝ թէ՛ ներքնապես եւ թէ՛ սահմանային, առօրեայ կեանքին մէջ՝ պահպանել օրէնքը, կարգն ու կանոնը, քաղաքացիին հանգստութիւն ու բարեկեցութիւնը:
Շատեր՝ ովքեր քաղաքականութեան, ընտրութիւններու եւ օրէնսդիր մարմիններու գործունէութեան կը հետեւին, յաճախ լսած են այն բողոքը, որ ֆինանսաւորումը (նիւթականը) պէտք չէ այդքան վճռորոշ դեր խաղայ քաղաքականութեան մէջ: Նոյնիսկ ամենայառաջդիմած արեւմտեան երկիրներու պարագային թէ՛ տնտեսապէս եւ թէ՛ ժողովրդավարական առումով, ինչպէս օրինակ արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներէ կը լսենք նման բողոքներ:
Եւ եթէ նիւթական-ֆինանսական աջակցութիւն վայելողներ թեկնածուներ ընտրուին ներկայացուցչական օրէնսդիր կառոյցներուն անդամ, սա, անշուշտ, հսկայական խնդիր կը ստեղծէ: Քաղաքականութեան մէջ նիւթական-ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրող տարրեր ըսելով նկատի ունինք հսկայ հաստատութիւնները՝ մեծահարուստները:
Ընտրուածները ուզեն-չուզեն պարտական պիտի զգան այդ նիւթական-ֆինանսաւորող կողմերուն, որոնց տրամադրած նիւթական աջակցութեան գործօնը մեծ դեր խաղցաւ իրենց (ընտրուողներու) յաջողութեան եւ,հետեւաբար, միամտութիւն կ’ըլլայ ակնկալել, որ օրէնսդրութիւններն ու օրէնքները կը ձեւաւորեն սահմանափակելու նման ֆինանսական հաստատութիւններու սանձարձակ դրամական աճը եւ կը կեդրոնանան միջին եւ բանուոր դասակարգի շահերու պաշտպանութեան ուղութեամբ օրենքներ մշակելու, կը պահպանեն հաւասարակշռուած արդար մօտեցում:
Նաեւ միամտութիւն պիտի ըլլար ակնկալել եւ պահանջել, որ քաղաքական հոսանքերը կրնան ինքնուրոյն շարունակել իրենց քաղաքական պայքարը՝ ինչքան ալ քաղաքական ուժեր պնդեն, որ իրենք բացառապէս կը ֆինանսաւորուին իրենց համախոհներու կողմէ եւ, հետեւաբար, անկախ են:
Այսօր, դասական լրատուական միջոցներու (Mass media) գերիշխանութեան դարաշրջանին, այլընտրանքային լրատուամիջոցները (Alternative Media) չեն կրնար մրցիլ լրատուամիջոցներու հետ այն մակարդակով եւ չափով, որ կարենան հաւասարումը հաւասարակշռել։
Եւ նոյնիսկ այլընտրանքային լրատուամիջոցներու դաշտին մէջ՝ ինչպիսիք են համացանցը եւ ընկերային, դրամը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղայ: Արդէն բոլորը անդրադարձած են եւ կը գիտակցին այլընտրանքային լրատուամիջոցներու լրացուցիչ ուժին (ինչպէս ֆութպոլը՝ բանուոր դասակարգի մարմնամարզը, որ այժմ պատանդ վերցուած է ֆինանսական հսկաներու եւ «պեթթինկի» (Bet) կողմէ):
Չափազանցութիւն չ’ըլլար պնդելը, որ քաղաքական աշխարհը, որ կը տնօրինէ եւ կը կառավարէ մեր կեանքը, նոյնպէս պատանդ վերցուած է ֆինանսական վիշապներու կողմէ։
Բայց ժողովրդավարութիւնը կը մնայ լաւագոյն իտէալական տարբերակ, իսկ որեւէ այլ տարբերակ աղէտ է: Թէեւ կ’ընդունիմ այն միտքը, թէ ժողովրդավարութիւնը թերի է, սակայն չկայ այլ տարբերակ, ամէն ինչ ամենեւին կորած չէ:
Փակագիծեր բանամ եւ շեշտեմ, որ 3-րդ աշխարհի երկիրները, որոնք ֆինանսապէս տկար են արդիւնաբերական մակարդակով յետամնաց հանդիսանալոււ պատճառով, այնտեղ քաղաքական դաշտին մեծ մասը կեղծ թատրոն է, ինչքան նիւթական կարիք կայ՝ այնքան աւելի հեշտ է վերահսկել լրատուական դաշտը, եւ քաղաքական թատրոնը որ իրազեկուածութեան-գիտակցութեան ամենացած մակարդակով եւ դեմագոգիայի՝ դոգմատիզմի՝ հանդուրժողականութեան պակասի եւ manipulation-ի գագաթնակէտով կը յայտնուի զանգուածներու մէջ:
Միւս կողմէ, հարուստ երկիրներու պարագային, օրինակ՝ ճարտարարուեստական արդիւնաբերական երկիրներ, ուր կենսամակարդակը աւելի յարմարաւէտ է, մարդիկ աւելի դաստիարակուած են, գիտակից,՝ զարգացած եւ հետեւաբար՝ արթուն, եւ դժուար է զիրենք կուրօրէն առաջնորդել իրենց ճանապարհներով:
Հետեւաբար այս յատկանիշերով ագահութիւնն ու մղումը նիւթական աղբիւր ապահովելու եւ քաղաքականութիւնը «լավ պիզնես» նկատելու մօտեցումը կը նահանջէ, երբ քաղաքականութեամբ զբաղողը աւելի բարեկեցիկ վիճակ կը վայելէ:
Այս բոլորին լուծումը գիտակից սերունդի մը գոյացումն է, որ կրնայ գնահատել հաւասարակշռուած, չափաւոր, քաղաքակիրթ, ժողովրդավարական ընկերվարութեան առաւելութիւնները։
Ընկերվարութիւնը բարգաւաճելու համար անհրաժեշտ է առողջ միջավայր, որ առկայ է ճարտարարուեստական արդիւնաբերական երկիրներու մէջ:
Պատասխանը կը գտնուի իրազեկման եւ գիտակցութեան մէջ:
Վերջապես ըսեմ, թէ առաջարկել որ Ժողովրդավարութիւնը թերի է՝ քիչ մըն ալ անարդար կը գտնուինք անոր հանդէպ: Թերեւս աւելի տեղին կ’ըլլար ըսել, թէ խնդիրը կիռարումին մէջ կը կայանայ, երբ ունինք գիտակից հասուն հասարակութիւն, որ գիտէ ճիշդ վարել ժողովրդավարութեան սայլը, շատ աւելի արդիւնավետ կ’ըլլան անոր պտուղները, հետեւաբար սա կարող ենք նմանցնել ինքնաշարժի մը, որ կը պահանջէ լաւ վարորդ, եւ ոչ թէ խնդիրը մեքենային մէջ կը կայանայ:
ՊԵՏՐՈՍ (ՓԻԹԸՐ) ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ