* ՀՀ Ազգային Ժողովի նիստին առաջին եւ երկրորդ ընթերցմամբ ու ամբողջութեամբ ընդունուեցան շարք մը նախագիծեր:
Առաջին ընթերցմամբ ընդունուածներու շարքին է «ՀՀ օրհներգի մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու նախագիծը, որով կը նախատեսուի ՀՀ օրհներգի նկատմամբ միասնական չափանիշ սահմանել վերջինիս բնագրին, երաժշտութեան, տեւողութեան մասով:
«ՀՀ օրհներգը պէտք է սկսուի այն քառատողով, որով սկսուել է, բայց աւարտուի գործող օրհներգի բնագրում գրուած երկրորդ քառատողով, այսինքն՝ «…թող միշտ պանծայ Հայաստան»-ով»:
* Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին մանրամասնութիւնները։ Ազգային Ժողովին մէջ հարցուպատասխանի ընթացքին նախարարը նշեց, որ փաստաթուղթը կը վերաբերի երկկողմ յարաբերութիւններու որակական բարելաւման եւ կ’ընդգրկէ համագործակցութեան բազմաթիւ ոլորտներ՝ տնտեսականէն մինչեւ անվտանգութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ պաշտպանութիւն։
Ան յաւելեց, որ այս փաստաթուղթով Հայաստանը չի փնտռեր «փրկիչներ» եւ կ’ակնկալէ սեփական ուժերով ամրապնդել իր դիրքերը։
Նախարարը յորդորեց չգերագնահատել եւ չթերագնահատել փաստաթուղթին կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ այն պարզապէս Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ յարաբերութիւններու խորացման հնարաւորութիւն է, բայց ոչ ռազմական դաշինք։
* Հայաստանի իշխանութիւնը դիւանագիտական շփումներուն մէջ, դիւանագիտական օրակարգին վրայ մշտապէս կը պահէ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու վերադարձի հարցը ու պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ ջանքերը: Այս մասին վստահեցուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱԺ–կառավարութիւն հարցուպատասխանին:
«Այն տեղեկութիւնները, որոնք մենք իմացանք եւ այն տեսարանները, որ մենք տեսանք, մտահոգիչ են: Բայց պէտք է արձանագրեմ, որ մենք այս իրավիճակին մօտենում ենք առաջին հերթին չվնասելու տրամաբանութեամբ: Մեր դիւանագիտական շփումներում, մեր դիւանագիտական օրակարգում այդ հարցը մշտապէս ներկայ է: Եւ շարունակելու ենք այդ ուղղութեամբ մեր ջանքերը, որ հասնենք արդիւնքի: Մեր խնդիրն առաջին հերթին չվնասելն ու արդիւնքին միտուած աշխատանք իրականացնելն է»,– ըսաւ Փաշինեան:
* Միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցները ԵԽԽՎ-ին կոչ կ’ընեն չվերականգնելու ատրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները կամ վերականգնելու բացառապէս «յստակ պայմաններով»։
Տասը միջազգային կազմակերպութիւններ ԵԽԽՎ-ին յղած նամակի մէջ կը պնդեն, որ Ալիեւի վարչակազմը չի համագործակցիր միջազգային մեխանիզմներու հետ, չի լուծեր մարդու իրաւունքներու համակարգային խախտումները, վերջին մէկ տարուայ ընթացքին ալ մերժած է համագործակցիլ Եւրոպայի Խորհուրդի խոշտանգումներու կանխարգիլման կոմիտէին հետ։
Նամակը հեղինակած կազմակերպութիւնները, այդ շարքին՝ Freedom now-ը, Human Rights House հիմնադրամը, Human Rights Watch-ը կ’ընդգծեն, որ ատրպէյճանական պատուիրակութեան ԵԽԽՎ վերադառնալու համար Պաքուն նախ պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ բանտարկուած քաղաքացիական աքթիվիսթները, լրագրողները, իրաւապաշտպանները։
* Խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք կը հետեւի՞ Պաքուի մէջ սկսած՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան գործով դատավարութեան, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ըսաւ. «Ցաւալի է այն, ինչ տեղի է ունենում։ Յոյս ունենանք, որ դատավարութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ դրա աւարտից յետոյ այդ մարդկանց ինչ-որ ձեւով հետ բերելու եւ ազատելու քննարկում ունենալ»,- ըսաւ Սիմոնեան:
* Հայաստանէն արտահանումը աւելցած է ԵՄ 14 երկիր եւ նուազած՝ 13 երկիր։ Ֆէյսպուքի իր էջով այս մասին գրած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան:
«Աւելացել է Ֆրանսայ, Իտալիա, Պելճիքա, Լեհաստան, Աւստրիա, Ռումանիա, Չեխիա, Խրուաթիա, Փորթուկալ, Սլովաքիա, Լաթվիա, Լիթւոանիա, Մալթա եւ Սլովենիա արտահանումը։ Նուազել է Պուլկարիա, Գերմանիա, Դանիա, Էսթոնիա, Իրլանտա, Սպանիա, Լիւքսեմպուրկ, Կիպրոս, Յունաստան, Հունգարիա, Հոլանտա, Շուէտ եւ Ֆինլանտա արտահանումը»,- գրած է նախարարը:
2024-ին Հայաստանէն արտահանումը աճած է ԱՄՆ, Հնդկաստան, Ճափոն, Չինաստան, Իրան, ԱՄԷ, Զուիցերիա, Սերպիա, Վրաստան, Իրաք, Թայլանտ, Ուզպեքիստան եւ Պելառուսիա։ Նուազած է՝ Ղազախիստան, Հարաւային Քորէա, Ռուսաստան, Ղրղզիստան, Մալազիա, Քաթար։