Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴՈԿՏ. ՕՀԱՆՆԷՍ (ԺԱՆ) ԿԷՕՔՃԵԱՆ` ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 2025 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄ

January 24, 2025
in Գաղութային
0
ԴՈԿՏ. ՕՀԱՆՆԷՍ (ԺԱՆ) ԿԷՕՔՃԵԱՆ` ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 2025 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄ

 

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս, քաղաքական գիտութեան եւ հանրային կառավարման վարչութեան նախագահի պաշտօնակատար դոկտ. Ժան Կէօքճեան պաշտօնապէս հրաւիրուած է մաս կազմելու Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի 2025 թուականի ծրագիրի մշակման խորհուրդին: Յանձին դոկտոր Կէօքճեանի,  առաջին անգամն է, որ սոյն պատկառելի խորհուրդը կը համալրուի հայ անդամով մը:

MESA-ի 59-րդ տարեկան ժողովի խորհուրդի առաջնային պարտականութեան ծիրէն ներս կը մտնէ տարուան ընթացքին կարդալ ու գնահատել  ներկայացուած առաջարկները՝ անոնցմէ յարմարագոյները ընդգրկելու համար յառաջիկայ 22-25 Նոյեմբեր 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք տարեկան ժողովի օրակարգերուն վրայ:

Նշենք նաեւ, որ Դոկտ. Օհաննէս (Ժան) Կէօքճեանին «Խաղաղութեան Ուսումնասիրութիւններու» (Peace Studies) Քաղաքական Գիտութիւններու դոկտորի կոչում շնորհուած է 2005-ին Միացեալ Թագաւորութեան Պրետֆորտ համալսարանէն:

Դոկտորը բազմաթիւ յօդուածներ հրապարակած է արժանահաւատ ամսագրերու մէջ, ինչպիսիք են՝ Middle Eastern Studies, The Middle East Journal, Nationalities Papers, The Armenian Review եւ Journal of the Society for Armenian Studies եւ այլն:

Բացի անկէ, Դոկտ. Ժան Կէօքճեան հրատարակած է երկու գիրք Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ. «Ethnicity Nationalism and Conflict in the South Caucasus: Nagorno-Karabakh and the Legacy of Soviet Nationalities Policy (Ashgate 2012)» եւ «Negotiating Armenian-Azerbaijan Peace: Opportunities, Obstacles, Prospects» (Ashgate, 2014): Իսկ «The Russian Military Intervention in Syria» գիրքը լոյս տեսած է 2022-ին, McGill-Queen’s University Press-ի կողմէ:

«Արարատ» յաջողութիւն կը մաղթէ յարգելի դոկտորին իր ստանձնած պատասխանատու յանձնառութեան մէջ:

 

 

Share65Tweet41
Previous Post

«ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՒՐՆ ԷՐ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱ­ՆԻԿ ՏԱ­ԳԷՍԵԱՆԸ 

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆՆԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆՆԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

ՀԱՅԱՍՏԱՆՆԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.