Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՅՍՐՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԴՐՈՒԹՒԻՆ

January 24, 2025
in Միջազգային
0
ԱՅՍՐՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԴՐՈՒԹՒԻՆ

Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելէ ետք, իսրայէլեան բանակը հաղորդեց Այսրյորդանանի Ժընին շրջանին մէջ լայնածաւալ գործողութիւն մը իրականացնելու մասին: Յորդանանի արտաքին գործերու նախարար Այման Սաֆատի ահազանգեց, որ իրենց հարեւան Այսրյորդանանի մէջ տիրող վիճակը ահաւոր է ու կրնայ ցնցել ամբողջ տարածաշրջանին անվտանգութիւնը: «Մենք կը փորձենք կանխել Այսրյորդանանի իրավիճակին պայթումը եւ պահպանել Կազայի զինադադարը, որուն համար անհրաժեշտ է մարդասիրական մեծածաւալ օգնութիւն տրամադրել պաղեստինցի քաղաքացիներուն», բացատրեց Սաֆատի: Դիտել տալով, որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները կը յայտարարեն ժողուրդին բոլոր խաւերը եւ յարանուանութիւնները պահպանելու մասին, յորդանանցի նախարարը կարեւորեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան տապալումը եւ տեղահանուած սուրիացիներուն անյապաղ տունդարձը:

Այլ գիծի վրայ, իսրայէլեան շտապ օգնութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ չորս մարդ վիրաւորուած է Թել Աւիւի մէջ տեղի ունեցած դաշունահարումի գործողութեան մը ընթացքին: Աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ յարձակողը մարոքեան արմատներով ամերիկացի մըն է, որուն օգնած է հետապնդումի ենթակայ երկրորդ անձ մը:

Share64Tweet40
Previous Post

ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՐՁՆԵԼ ԵՐԿՐԻ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԻՆ

Next Post

«ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՒՐՆ ԷՐ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱ­ՆԻԿ ՏԱ­ԳԷՍԵԱՆԸ 

Next Post
«ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՒՐՆ ԷՐ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱ­ՆԻԿ ՏԱ­ԳԷՍԵԱՆԸ 

«ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՒՐՆ ԷՐ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱ­ՆԻԿ ՏԱ­ԳԷՍԵԱՆԸ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.